Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի երդման արարողութեան մասնակցելու նպատակով Իրան գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախքան արարողութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Փեզեշքեանի եւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սեյիտ Ալի Խամենէիի հետ։
Ալի Խամենէիի հետ հանդիպումին ընթացքին, հոգեւոր պետը շեշտեց, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը Զանգեզուրի երթուղին վնասաբեր կը նկատէ Հայաստանի համար եւ կը շարունակէ տէր կանգնիլ այս դիրքորոշման:

Ըստ «Մեհր» լրատու գործակալութեան՝ ան շեշտեց հետեւեալը. «Մենք խորապէս կը հաւատանք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման: Երկու երկիրներու գործակցութիւնը պիտի շարունակուի շահերու հիման վրայ եւ՝ անկախ այլ մարդոց քաղաքականութենէն: Օտարները պէտք չէ սահմանափակումներ ստեղծեն երկիրներու` դրացիներու հետ յարաբերութիւններուն համար»։

Փաշինեան իր կարգին ըսաւ, որ Հայաստան բազմաթիւ անգամներ յայտարարած է, թէ ոչ մէկ անդրտարածաշրջանային երթուղի կ՛ընդունի իր տարածքին մէջ։

Զրուցակիցները յայտնեցին, թէ իրենք համոզուած են, որ Հայաստան եւ Իրան կը շարունակեն ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման միտող քայլերը՝ ի նպաստ երկու պետութիւններու եւ ժողովուրդներու յառաջընթացին:

Փեզեշքեան Փաշինեանի հետ հանդիպումին ընթացքին, կարեւոր նկատեց բարեկամ Հայաստանի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը: Հոգեւոր պետը կարեւոր նկատեց տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու հետեւողական ջանքերը եւս ու դիտել տուաւ, որ Իրանի համար առանցքային նշանակութիւն ունի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանումը՝ աւելցնելով, որ Թեհրան եւս բոլոր հարցերը երկխօսութեան միջոցով կարգաւորելը անհրաժեշտ կը նկատէ:

Փաշինեան կարեւոր նկատեց իրանեան կողմի ներգրաւուածութիւնը Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի, մասնաւորաբար Ագարակ-Քաջարան հատուածի կառուցման մէջ։ Ընդգծուեցաւ նաեւ Հայաստան-Իրան սահմանային անցակէտի արդիականացման քայլերուն կարեւորութիւնը: