Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2024-ին, Իրանի նախագահ Մասուուտ Փեզեշքեան ընդունեց Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուսը եւ անոր ընկերակցող կառավարական պատուիրակութիւնը։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սուրիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարար դոկտ. Սամէր Խալիլ եւ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ:
Վարչապետը փոխանցեց նաեւ նախագահ Ասատին իր իրանցի պաշտօնակիցին Դամասկոս այցելելու հրաւէրը: Փեզեշքեան ողջունեց հրաւէրը եւ խոստացաւ ընդառաջել անոր:
Վարչապետ Արնուս վստահեցուց, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնը աւելի պիտի ամրապնդուի յառաջիկայ փուլին, աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ տիրող վիճակը ներկայիս աւելի ապահով եւ կայուն է՝ շնորհիւ Սուրիոյ ժողովուրդի զոհողութիւններուն եւ Սուրիոյ եղբայր եւ բարեկամ երկիրներուն զօրակցութեան:
Յիշենք, որ Երեքշաբթի, 30 Յուլիս 2024-ին, Սուրիոյ Հանրապետութեան եւ այլ երկիրներու պատուիրակութիւններուն ներկայութեամբ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուուտ Փեզեշքեանի նախագահական երդմնակալութիւնը տեղի ունեցաւ Իրանի Խորհրդարանէն ներս: Յետ երդման արարողութեան, Փեզեշքեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մեր կառավարութիւնը ազգային միասնամակութեան կառավարութիւն պիտի ըլլայ՝ ներկայացնելով տարբեր խաւեր: Պիտի արգիլենք խտրութիւնը եւ պիտի յարգենք մարդու արժանապատուութիւնը», ապա աւելցնելով ըսաւ, որ Իրան տեղի պիտի չտայ արտաքին ճնշումներուն դիմաց: