Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչները՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան եւ թուրք դեսպան Սերտար Քըլըչ, 30 Յուլիսին ունեցան իրենց  հինգերորդ հանդիպումը երկու երկիրներու սահմանի Մարգարա-Ալիճան անցման կէտին վրայ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ յատուկ ներկայացուցիչները վերահաստատեցին նախորդ հանդիպումներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:
Անոնք նաեւ համաձայնեցան տարածաշրջանային զարգացումներուն համապատասխան գնահատել թեքնիք կարիքները, որոնք կարելիութիւն պիտի ընձեռեն գործարկել Ախուրիկ-Աքեաքա երկաթուղիի սահմանային անցակէտը, ինչպէս նաեւ փոխադարձաբար դիւրացնել վիզայի ընթացակարգերը դիւանագիտական-պաշտօնական անձնագիրներ ունեցողներու համար:
Անոնք դարձեալ ընդգծեցին կարգաւորման գործընթացը առանց որեւէ նախապայմանի շարունակելու պայմանաւորուածութիւնը՝ երկու երկիրներուն միջեւ ամբողջական կարգաւորման վերջնական նպատակին հասնելու համար:
Հանդիպման սկիզբը յատուկ ներկայացուցիչները շրջեցան Մարգարայի վերանորոգուած անցակէտին մէջ:
Ռուբինեան «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրութեան մը միջոցով կ’անդրադառնայ Քըլըչի հետ հանդիպումին՝ զայն լաւ նկատելով։ «Հաստատած ենք նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները եւ համաձայնած վստահութեան ամրապնդման նոր միջոցներու շուրջ, ներառեալ՝ թեքնիք պահանջներու գնահատումը, որոնք անհրաժեշտ են մեր երկիրներու միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութեան գործունէութեան ապահովման համար», գրած է Ռուբինեան:
Քըլըչ եւս անդրադարձաւ հանդիպումին՝ հրապարակելով տեսանիւթ մը եւ գրելով հետեւեալը. «Մենք գումարեցինք հանդիպումներու հինգերորդ փուլը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանային գօտիին մէջ՝ առաւօտեան հայկական կողմին, իսկ կէսօրին՝ թրքական կողմին մէջ: Մենք կառուցողական փոխըմբռնումով քննարկեցինք կարգաւորման գործընթացի բոլոր երեսները եւ հետագայ յառաջընթացի կարելիութիւնները»: