Նախորդ շաբաթավերջին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի՝ Իսրայէլի հասցէին հնչեցուցած սպառնալիքներուն յաջորդած Թուրքիա-Իսրայէլ բարձրաստիճան ղեկավարութիւններու հեռավար բանավէճը կը շարունակուի:
Բրիտանական «Reuters» լրատուական գործակալութեան համաձայն՝ Իսրայէլի արտգործնախարարութիւնը տեղի ունեցածին վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածած է:
Յայտարարութեան մէջ կը յիշուի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Կացի կողմէ դիւանագէտներուն տրուած յատուկ յանձնարարութեան մասին:
«Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի՝ Իսրայէլը բռնագրաւելու սպառնալիքներուն եւ վտանգաւոր խօսոյթին լոյսին տակ արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Կաց դիւանագէտներուն յանձնարարած է Թուրքիան դատապարտելու մասին կոչերով եւ տարածաշրջանային դաշնակիցի դուրս գալուն պահանջով շտապ կապուիլ ՆԱԹՕ-ի բոլոր անդամներուն հետ»:
Յիշեցնենք, որ Էրտողանի սպառնալիքներէն ետք, Կաց զուգահեռներ գծած էր Թուրքիոյ նախագահին եւ Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հուսէյնի միջեւ՝ յիշեցնելով վերջինիս վախճանը: