Արդէն մուտք գործեցինք Օգոստոս ամիս՝ մեր նախասիրած ամիսներէն մին։
Այս տարի 4-րդ կարգի պատանի եմ եւ անհամբեր կը սպասեմ մեր տարեկան բանակումին, ուր միասնաբար պիտի ապրինք անմոռանալի օրեր։
Քանի մը օր առաջ, Պատանեկան Միութեան ժողովին ընթացքին իմացանք, որ այս տարուան բանակումը 25 Օգոստոսին է։ Չեմ կրնար բացատրել ուրախութիւնս։ Անհամբեր սպասեցի ժողովին աւարտին, որպէսզի տուն դառնալով տեղեկացնեմ ընտանիքս։
Հաւանաբար բանակումը շատերու համար բանակումը պարզ ճամբորդութիւն մըն է պարզապէս, սակայն ինծի համար այդպէս չէ։
Պարզեմ, թէ ինչո՛ւ բանակումը այսքան անհամբերութեամբ կը սպասենք։
Իրիկուան կը հաւաքուինք ԱՔԵ Ճեմարանի բակը, ուր փոխադրամիջոցները մեզի կը սպասեն այդ լայն տարածքով բակին մէջ։ Ընտանիք, ընկերներ եւ բարեկամներ եկած կ’ըլլան մեզ ճամբելու։
Յանկարծ այս իրարանցումի ընթացքին սուլիչի ձայն մը կը լսուի, որ կը նշանակէ թէ պէտք է հաւաքուինք, որովհետեւ
մեկնումի ժամը մօտեցած է։ Մասնակիցները հաւաքուելով՝ ազգային- յեղափոխական երգերով բանակումի մթնոլորտին առաջին նշոյլները կը յայտնաբերեն։ Ապա քայլերգով տեղի կ’ունենայ բանակումին բացումը ։
Ճիշդ է որ շաբաթ մը ամբողջ կ’անցընենք մեր ընտանիքներէն հեռու, ինչպէս նաեւ կը ճամբորդենք երկար ու յոգնեցուցիչ ճամբաներով, սակայն այս բոլորը կը մոռցուին ընկերային ջերմ մթնոլորտին մէջ։
Ճամբորդութեան ընթացքին երգելէ ու բաւական յոգնելէ ետք, ոմանք կը քնանան. ու յանկարծ կը լսուի աւետումը. «Հասա՛նք, հասա՛նք» ։ Այս աւետիսը կ’արթնցնէ բոլորը։ Կը հասնինք բանակավայր ու կը կատարուի խումբերու բաժանումը։
Այսպէս կը սկսի մեր առաջին օրը՝ մարզանք , նախաճաշ, դասախօսութիւն, խաղեր, ճաշ, պտոյտ ,ընթրիք, խրախճանք եւ կը հասնի քնանալու ժամը։
Յաջորդ առաւօտ կ’արթննանք ու կը սկսինք մարզանքի, ետքը անհամբեր կը սպասենք մեր Ռատիո ժամը, որ երգերով, գիտելիքներով եւ հանելուկներով կը զուարճացնէ ու կը զարգացնէ մեզ։
Անցնինք նախաճաշին։
Վստահ եղէ՛ք, որ նախաճաշը տեղի չ’ունենար առանց բարձր կանչերու, յեղափոխական ու ազգային երգերով յագեցած մթնոլորտի։ Դասախօսութիւններէ, զրոյցներէ եւ զանազան խաղերէ ետք կարգը կը հասնի խարուկահանդէսի պատրաստութեան աշխատանքներուն, որոնք կ’ընդգրկեն երգ, ասմունք, զաւեշտ, պար, եւ այլն… Այսպիսով օրերը կ’անցնին կայծակնային արագութեամբ եւ կը հասնի 7-րդ օրը՝ խարուկահանդէսի օրը։
Խարուկահանդէսին մեր 7 օրուան սորվածները կը ներկայացնենք այցելու ընտանիքներուն ու բարեկամներուն։
Հիմա գրիչս պիտի ձգեմ ու ձեր գրառումը ակնկալեմ։ Իրաւունք չունի՞մ այսքան անհամբերութեամբ սպասելու բանակումին, մեր ներաշխարհին մէջ անմոռանալի յիշատակներ թաջող այս հետաքրքրական եւ օգտակար շաբթուան…։
Փաթիլ Շաթոյեան
Հալէպ