ՁԵՌՆԱՀԵՌԱՁԱՅՆՆԵՐՈՒ ՎՆԱՍԱԿԱՐ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵՆԷՆ ԽՈՒՍԱՓԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐ
Մասնագէտներ կը յորդորեն մանուկները փոքր տարիքէն չվարժեցնել բջջային հեռաձայններու խաղերուն, որովհետեւ բջջային հեռաձայնները կամ ձեռնահեռաձայնները կրնան ազդել մանուկին հոգեկան աշխարհին, վարքին եւ աճման այլ գործընթացներու վրայ։
Մանուկներուն համար մարդկային փոխյարաբերութիւնը, աչքէ աչք շփումը, խօսքը շրջապատին հետ յարաբերութիւններու զարգացման կարեւոր գործօններ են։
Ոմանք մտահոգութիւն ունին, որ հեռաձայնէ կախեալ ըլլալը տարիներու ընթացքին կրնայ հիւանդագին մակարդակի հասնիլ։ Թէեւ հեռաձայնը հաղորդակցութեան միջոց է եւ 21-րդ դարուն անհրաժեշտութիւն, այնուամենայնիւ, ան ունի շարք մը վնասակար ազդեցութիւններ:
Հոգեբաններու կատարած հարցախոյզի մը հետեւանքով պարզուած է, որ փոքրերու 85%-ը միջին հաշուով ձեռնահեռաձայն կը սկսի օգտագործել 6 տարեկանէն:
Երբ փոքրիկը հեռաձայնով կը խաղայ, կը փակուի ինքն իր մէջ, կը ստեղծէ իր սեփական արժէքները, կը հաւատայ ու կը ձգտի անոնց: Ժամանակի ընթացքին ան կը լճանայ եւ կը սկսի իր միջավայրէն մեկուսանալ։
Այս վտանգին կողքին հեռաձայնները կը համարուին աչքերու ամենամեծ «թշնամիները»: Ակնաբոյժներ կը թելադրեն զգոյշ ըլլալ, քանի որ փոքրերուն տեսողութիւնը ձեւաւորման փուլի մէջ կ’ըլլայ եւ բջջայինի պաստառը երկար ժամանակի վրայ կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ տեսողութեան վրայ անոնց։
Չինաստանի աւանդական բժշկութեան հիւանդանոցի ղեկավարները հետազօտութիւններ կատարելէ ետք եզրակացուցած են, որ այն մարդիկ, որոնք երկար ժամերով եւ յաճախակիութեամբ բջջային հեռաձայններ կ’օգտագործեն, աւելի հակուած են վիզի հետ կապ ունեցող առողջապահական հարցեր ունենալու, ինչպէս նաեւ տեսողութեան եւ յիշողութեան վատթարացման ենթակայ ըլլալու։
Գիտնականները կը յայտնեն, որ բջջային հեռաձայնի պաստառէն կարդալը բացասական ազդեցութիւն կ’ունենայ մարդու յիշողութեան վրայ ընդհանրապէս։
Չինաստանի Հեպէյ նահանգի ինքնաշարժ վարելու դպրոցներէն մէկը ընթերցանութեան համար յատուկ վայր մը տրամադրած է, որպէսզի դադարներու ատեն աշակերտները հեռաձայններէն օգտուելու փոխարէն տպագիր գիրքեր կարդան եւ ինքնաշարժ վարելու համար անհրաժեշտ կեդրոնացումը վերականգնեն։
Կան նոյնիսկ այնպիսի նշաններ, որոնք Միացեալ Նահանգներու ամէնէն մեծ արհեստագիտական ընկերութիւններ այժմ կը կրկնօրինակեն չինականները:
Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին Փեքին հրապարակաւ յայտարարած է ապագայի ամէնէն կարեւոր արհեստագիտութիւններու, օրինակ, արհեստական բանականութեան եւ 5Ճի անունով ծանօթ, յաջորդ սերունդի գերարագ բջջային ցանցի մշակման իր յաւակնութիւններուն մասին:
Տակաւին Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ առեւտրական պատերազմէն առաջ, Փեքին 2017 թուականին յայտարարած էր, որ մինչեւ 2030 թուական կ’ուզէ համաշխարհային յառաջատար դառնալ արհեստական բանականութեան ասպարէզին մէջ:
ՉԻՆԱՍՏԱՆ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈՐՈՇ ԱՍՊԱՐԷԶՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԿՐՆԱՅ ԳԵՐԱԶԱՆՑԵԼ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ
Աշխարհի մէջ երկրորդ մեծ տնտեսութիւնը (Չինաստան) իր զարգացման մէջ արդէն որոշ յառաջընթաց կը ցուցաբերէ այնպիսի ասպարէզներու մէջ, ինչպիսին է՝ արհեստական բանականութիւնը:
Չինաստանի թուային տնտեսութիւնը կը կազմէ երկրի համախառն ներքին արտադրութեան աւելի քան 34 առ հարիւրը: Այստեղ նոյնպէս կը գտնուին աշխարհի ամէնէն մեծ ճարտարագիտական ընկերութիւնները, որոնց շարքին ելեկտրոնային հսկան՝ «Ալիպապա»-ն եւ Թենսենթ ընկերութիւնները:
Ըստ չինական տեղեկատուական համացանց-կեդրոնի (CNNIC) պաշտօնական վիճակագրութեան, երկրին մէջ համացանց գործածողներուն թիւը 2008 թուականի վերջաւորութեան կը կազմէր 298 միլիոն, կամ այն ժամանակուան բնակչութեան 22 առ հարիւրէն աւելին: Այդ թիւը այս տարուան Յունիսի վերջաւորութեան բարձրացած է մինչեւ 854 միլիոնի:
Պաշտօնական պետական վիճակագրութեան տուեալներով, համացանց գործածող չիներուն 99 առ հարիւրին համացանցը մատչելի է անոնց բջջային հեռաձայններու միջոցով: Միացեալ Նահանգներու մէջ նման մատչելիութիւն ունի համացանցը գործածողներուն 92 առ հարիւրը:
«Երկար տարիներ Սիլիքոնային Հովիտը բարձրէն նայած է չինական արհեստագիտութիւններուն: Սակայն այսօր կայ այն գիտակցութիւնը, որ Չինաստան նորարարութիւններ կը ներդնէ եւ առաջ կը շարժի արհեստագիտական որոշ ասպարէզներու մէջ», ըսաւ «Սի Էն Պի Սի»-ի տնօրէն Ռեպեքա Ֆանին, որ «Չինաստանի արհեստագիտական տիտաններ»-ուն հեղինակն է: