Երկուշաբթի, 5 Օգոստոս 2024-ին, Սէուտական Արաբիոյ Մաքքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած իսլամական երկիրներու Կրօնական Կալուածներու եւ իսլամական հարցերու նախարարներուն 9-րդ խորհրդաժողովը իր աւարտին հասաւ։
Սոյն խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարար դոկտ. Մուհամմէտ Ապտըլ Սաթթար ալ-Սեյիտ։

Խորհրդաժողովին ընթացքին մասնակիցները շեշտեցին Պաղեստինեան Դատին նկատմամբ իրենց կայուն կեցուածքը, հաստատելով, որ Պաղեստինի ժողովուրդը պէտք է իր օրինական իրաւունքները ստանայ եւ իր դէմ իրագործուած վայրագութիւններէն եւ ցեղասպանութենէն պաշտպանուի։ Մասնակիցները շեշտեցին նաեւ Կազզայի մէջ Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ իսրայէլեան գրոհին դադրեցման անհրաժեշտութիւնը։