Երեքշաբթի, 6 Օգոստոս 2024-ին, Բերիոյ
Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ.
Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան,
պատուիրակութեամբ պաշտօնական
այցելութիւն տուաւ Հալէպի գլխաւոր
առաջին դատախազ տիար Ամմար
Մաուալտիին: Պատուիրակութեան մաս
կը կազմէին Սուրիոյ Խորհրդարանի
նորընտիր երեսփոխան իրաւաբան մեթր
Մարիա Մանուկ Գաբրիէլեան, Բերիոյ
Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան
ատենապետ տիար Ժիրայր Րէիսեան եւ
Ազգ. Վարչութեան անդամներ։
Պաշտօնական այցելութեան ընթացքին
արծարծուեցան կենսական շարք մը
նիւթեր եւ երկրի բարօրութեան նպաստող
համագործակցութեան եզրերը։