Թրքական արեւմտամէտ լրատուամիջոցները կը շարունակեն մեծարել ԱՄՆ-ի եւ Եւրոմիութեան մնայուն նշանակութիւնը դժուար ժամանակներ ապրող Էրտողանի կառավարութեան համար. «Առեւտուրը, ներդրումները եւ արհեստագիտութիւնը կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ վրայ Արեւմուտքի ճնշման ամենանշանակալի լծակը, որուն տնտեսութիւնը չի կրնար պահպանուիլ առանց տասնեակ միլիառաւոր տոլարներու, որոնք կը մտնեն անոր գանձարանը»: Առեւտուրի նախարութեան պատրաստած զեկոյցին համաձայն, Թուրքիոյ առեւտուրը Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հետ «կը մնայ փրկօղակ անոր տնտեսութեան համար», կը գրէ սգանտինաւեան երկիրներէն մէկուն մէջ տեղակայուած Nordic Monitor առցանց պարբերականի գլխաւոր խմբագիր, մեզի արդէն ծանօթ Ապտալլա Պոզքուրթ. Turkey’s economic and financial viability relies on the West despite attempts at diversification – Nordic Monitor։ «Եւ այս մէկը հակառակ Էրտողանի կառավարութեան կողմէ զանազանութեան պահպանման բազմամեայ ջանքերուն, որ աւելի ու աւելի կը ձգտի սերտ կապեր հաստատել Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ՝ յաճախ ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակիցներուն հաշուոյն»։
Այսպէս, 2023-ին Թուրքիոյ արտահանման 41 տոկոսը ուղղուած է Եւրոմիութեան (այսուհետեւ՝ ԵՄ) 27 երկիր՝ կազմելով 104,3 միլիառ տոլար՝ նոյն տարուան 255,8 միլիառ տոլար ընդհանուր արտահանումէն։ Նկատի առնելով եւրոպական այլ երկիրներ եւ Հիւսիսային Ամերիկան՝ ընդհանուր գումարը կը հասնի 160,6 մլռ. տոլարի կամ համախառն արտահանման 62,8%-ին։ Ընդ որում, ապրանքաշրջանառութիւնը զգալի չափով հաւասարակշռուած կը թուի, ինչ որ կը նշանակէ Թուրքիոյ՝ արեւմտեան երկիրներ արտահանման եւ այդ երկիրներէն ներմուծման համադրելի ծաւալներ։ 2023-ին ԵՄ-էն Թուրքիոյ ներմուծումը կազմած է 106 մլռ. տոլար, գրեթէ այնքան, որքան արտահանումը։ 2022-ին Թուրքիոյ առեւտրային հաշուեկշռի դրական կշիռքը կազմած է շուրջ 10 միլիառ տոլար։
Անցեալ տարի Թուրքիան որոշ քանակ մը աւելի արտահանած, քան ներմուծել էր Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներէն։ Անցեալ տարի թրքական արտադրանքի արտահանման գլխաւոր ուղղութիւնը Գերմանիան էր՝ 21,1 մլռ. տոլար (ընդհանուրի 8,2 տոկոսը): Անոր կը յաջորդէր ԱՄՆ-ը՝ 14,8 մլռ. տոլար։ Արտահանման 10 հիմնական ուղղութիւններու կարգին եօթը եղած են արեւմտեան պլօկէն, ինչպէս նաեւ, ինչ որ բնականաբար տրամաբանական է՝ Ռուսիան, Իրաքը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները։ 2024-ի Յունուար-Յունիս ամիսներուն Թուրքիոյ արտահանումը Եւրոպա կազմած է 71,8 մլռ. տոլար, ինչ որ կը կազմէ թրքական արտահանման ընդհանուր ծաւալի 57,2 տոկոսը եւ փոքր համեմատութեամբ կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը։ Ի հակադրութիւն, անցեալ տարի Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ Թուրքիոյ առեւտուրը նկատելի բացասական մնացորդ ունեցաւ Թուրքիոյ համար, ինչ որ խորացուց անոր ընթացիկ հաշուի բացը: Թրքական արտահանումը Ռուսաստան կազմած է 10,9 մլռ. տոլար (արտահանման ընդհանուր ծաւալի 4,3 տոկոսը), Ռուսիայէն ներմուծումը հասած է 45,6 միլիառ տոլարի (12,6 տոկոս): Այլ խօսքով՝ Թուրքիա աւելի քան երեք անգամ աւելի շատ ծախսած է ռուսական տնտեսութեան ֆինանսաւորման վրայ, քան ստացած է անկէ, անհանգիստ երանգով մը կ’եզրահանգէ Nordic Monitor-ի հեղինակը։
Նմանատիպ պատկեր կը նկատուի նաեւ Չինաստանի հետ առեւտուրի, որ Ռուսիայէն ետք ներմուծման երկրորդ աղբիւրն է Թուրքիոյ համար, եւ որ կազմած է 45 մլռ. տոլար։ Ընդ որում, ըստ աւելի կանուխ ներկայացուած տուեալներուն, յստակ կը դառնայ, որ Չինաստան նոյնիսկ չի մտներ թրքական արտադրանքի արտահանման հիմնական ուղղութիւններու տասնեակին մէջ, ինչ որ կը յանգեցնէ Անգարայի համար առեւտրային հաշուեկշռի էական բացասական կշիռքի: Ծառայութիւններու ոլորտը եկամտաբեր դարձնելու տեսանկիւնէն արեւմտեան երկիրները նոյնպէս կարեւոր նշանակութիւն ունին Թուրքիոյ համար։ Անցեալ տարի այս երկիր այցելած է 6,6 միլիոն զբօսաշրջիկ Եւրոպայէն, ինչ որ կը կազմէ ընդհանուրի 49,8 տոկոսը եւ 54,3 միլիառ տոլարի կէսը, որ Թուրքիան վաստակած է զբօսաշրջութենէն: 372 հազար ամերիկացիներ ժամանած են, ինչ որ կը կազմէ զբօսաշրջիկներու ընդհանուր թիւին 2,47 տոկոսը։ Միանգամայն տրամաբանական է, որ 2022-2023 թուականները յատկանշուած են ռուս զբօսաշրջիկներու թիւի կտրուկ աճով՝ տարեկան մօտ 1,8 մլն. մարդ՝ 2021-ի պսակաւոր ժահրի համաճարակի տարուան 854 հազար մարդու դիմաց։ Այս աճը հիմնականապէս հիմնուած է Ռուսիոյ դէմ արեւմտեան պատժամիջոցներով, որոնք դժուարութիւններ յառաջացուցած են եւրոպական հանգըստավայրեր եւ յարակից ծառայութիւններ մուտք գործելու առումով:
(Յօդուածը ամբողջութեամբ կարդալ հետեւեալ կապին ճամբով՝ https://yerkir.am/hy/article/2024/08/03/34813)
Ալեքսանտր Գրիգորեւ
Աղբիւրը՝ vpoanalytics.com-ի
Թարգմանութիւնը՝ Գայիանէ Մանուկեանի