Հետաքրքրական է որ վաղուց, հին աշխարհին մէջ եւս սեղանի խաղեր եղած են, ոչ միայն Արեւելքի երկիրներուն մէջ, ինչպէս Եգիպտոսի, Հընդկաստանի, այլ նաեւ Եւրոպայի մէջ, ինչպէս Վայքինկներու աշխարհին՝ Տէնմարքի, Շուէտի, Նորվեկիոյ, նաեւ Սկովտիոյ, Հռոմի եւ այլ երկիրներու մէջ:
Հռոմէական լեգէոնները իրենց ժամանակը կ’անցընէին խաղալով Ludus Latrunculorum խաղը, վայքինկները կը խաղային Hnefatafl խաղը իրենց ապրած երկիրներուն, նաեւ Այսլէնտի մէջ, հին Եգիպտոսի մէջ կը խաղային Սենէթի եւ Մեհէնի խաղերը, իսկ Հնդկաստանի մէջ կը խաղային Չատուրանգան խաղը, որուն համար կ’ըսուի թէ ժամանակակից ճատրակի նախատիպարն էր:
ՍԵՆԷԹ
Հին աշխարհի ամէնէն հին խաղերէն մէկը սենէթն է, որ յայտնագործուեր է եգիպտական դամբարաններուն մէջ, 3500 թուականին:
Այս խաղին մէջ կ’օգտագործուին քարէ կամ փայտէ «կոճակներ», որոնց վրայ խորհրդանշաններ փորագրուած են: Պատմաբաններն ու հնաբանները վստահ չեն թէ այս խաղը ինչպէ՞ս կը խաղցուի: Բայց Թիմոթի Քէնտըլ եւ Ռ. Պէլլ փորձեր են կարգ մը գրութիւններու շնորհիւ այս խաղին օրէնքները ճշդել եւ խաղալու կերպը բացատրել:
Խաղին օրէնքները.
Տախտակին վերի շարքին վրայ դնել քարերը:
Ըստ նետուած զառին, խաղցողը կը շարժէ իր քարերը:
Մէկ քառակուսիի մէջ միայն մէկ քար կարելի է դնել:
Խաղին նպատակն է բոլոր քարերը վերցնել տախտակէն: Կը շահի ան, որ իր քարերը կը վերցնէ տախտակէն:
Պահպանուած է խաղին շատ գեղեցիկ մէկ օրինակը, որուն վրայ կ’երեւի քարերը պահելու դարակը:
Այս խաղը շատ սիրուած է Եգիպտոսի նշանաւոր դէմքերուն կողմէ, ինչպէս Թութանքամոնի եւ Ռամսիս Բ.-ի կնոջ Նեֆերդարիի կողմէ, եւ խաղցուած է այնքան վաղ, որքան Ք.Ա. 3100 թուականը, երբ Եգիպտոսի առաջին կայսրութիւնը սկսեր էր կորսնցնել իր փառքը:
ՆԱՐՏԻ
Արեւելքի մէջ այնքա՜ն տարածում գտած եւ սիրուած խաղը՝ նարտին շա՜տ հին խաղ է, հին Միջագետքի մէջ գտնուած (այսօրուան Իրաքի տարածքը):
Այս խաղը այնքան սիրուած եւ տարածուած է, որ նոյնիսկ առցանց կարելի է խաղալ զայն այսօր:
Գտնուած է Ն.Ք. 3000 թուականին, ոչ ամբողջական խաղը, որուն քարերը պատրաստուած են … մարդկային ոսկորներէ: Թերեւս մահացած գերիներու ոսկորներէ … Օ՜ֆ, ինչ դաժան է, չէ՞:
Խաղալու կանոնները անշուշտ որ զարգացում ունեցեր են այսքան ժամանակի ընթացքին, բայց ամենամեծ փոփոխութիւնը կատարուեր է 1920-ականներուն, երբ երկու զառի գոյութիւնը աւելի հետաքրքրական դարձուցեր է խաղը: Զայն խաղալու համար խաղցողը որոշ ռազմավարութիւն պէտք է ունենայ, բան մը որ մեծ թիւով խաղցողներ կը ներգրաւէ այսօր:
ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՈՒՐ (UR)
Ուր թագաւորական խաղը ծագում առեր է Հին Միջագետքի մէջ, մօտաւորապէս Ք.Ա. 2600 թուականին: Այս խաղին տախտակներուն նմանօրինակները յայտնաբերուեր են նաեւ Հին Եգիպտոսի դամբարաններուն, ինչպէս Թութանքամոնի դամբարանին եւ Հնդկաստանի մէջ:
Երկու խաղցողները կը նետեն զառերը շատ անսովոր ձեւ ունեցող տախտակին վրայ եւ կը փորձեն իրենց քարերը շարժել տախտակին մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը:
Նոյն այս տախտակին մէջտեղի քառակուսիները օգտագործուեր են նաեւ բախտագուշակութիւններ ընելու համար:
ՄԱՆԿԱԼԱ
Կը յիշեմ այս խաղին տախտակը տեսած ըլլալս Հալէպի մէջ, բայց չեմ յիշեր ո՞ւր. չեմ յիշեր նաեւ թէ ինչպէ՞ս կը խաղային այս խաղը. բայց տախտակին տեսքը միայն հին ու քաղցր օրեր կը յուշէ:
Այս խաղին ամէնէն հին օրինակը գտնուեր է Եթովպիոյ մէջ, 6-րդ դարուն, իսկ անոր մասին առաջին գրութիւնը եղած է արաբերէնով, 10-րդ դարուն: Յստակ չէ թէ խաղը ո՞ւր ծագում առեր է, բայց յստակ է, որ արաբ վաճառականներ բերեր են զայն: Ըստ կարգ մը բացատրութիւններու Մանկալա անունը արաբերէն նագալակրել, փոխադրել բառին տառափոխուած ձեւն է:
Ընդհանրապէս ծովային խիճեր կ’օգտագործուին այս խաղին մէջ: Խաղցողներէն մէկը բոլոր քարերը կը հաւաքէ մէկ փոսիկի մէջ, ապա ժամացոյցի սլաքներուն հակառակ ուղղութեամբ զանոնք իւրաքանչիւր փոսիկի մէջ կը դնէ, մինչեւ վերջանան:
ՏԱՖԼ
Հին Սկանդինավիոյ ամէնէն յայտնի խաղերէն մէկը ռազմավարական խաղերու ընտանիքին կը պատկանի, որոնք ծանօթ են Tafl անունով: Նորտիք ժողովուրդները այս խաղը խաղցեր են 400 թուականին, ըստ Օքսֆորտի «Սեղանի Խաղերու Պատմութիւն» գիրքին: Այս խաղերը տարածուեր են մինչեւ Այսլէնտ, Բրիտանիա եւ Իրլանտա, բայց մոռցուեր են, որովհետեւ 11-րդ եւ 12-րդ դարերուն շախմատը շատ աւելի տարածուած էր:
Ludus Latrunculorum
Հռոմէական այս խաղը եւս ռազմական է, որ երկու անձերով կը խաղցուի եւ որուն միջոցով մասնակիցներուն ռազմական հմտութիւնը ի յայտ կու գայ:
Արիստոտէլ խօսած է այս խաղին մասին եւ ըսած, թէ «մարդը առանց քաղաք-պետութեան կը նմանի խաղին միայնակ քարին, որ դիւրաւ կը բռնուի հակառակորդին կողմէ»:
Այս խաղը առաջին անգամ յիշատակուեր է առաջին դարուն, հռոմէացի գրող Վարրոնի կողմէ, որ նկարագրեր է խաղին թանկարժէք քարերը: Երկու հարիւր տարի անց Լաուս Պիզոնիս կը նկարագրէ խաղին մանրամասն օրէնքները: Իսկ բանաստեղծներ Օվիտ եւ Մարսիալ իրենց գրութիւններուն մէջ անդրադարձեր են անոր, ինչ որ կը նշանակէ թէ խաղը իր ժամանակին շատ սիրուած եւ տարածուած է:
Patolli
Այս խաղը ստեղծուեր է Հարաւային Ամերիկայի մէջ: Ազդեկներուն քով խաղը շատ խիստ կանոններ ունէր, որոնք մանրամասնօրէն յիշուած են Օքսֆորտի «Սեղանի Խաղերու Պատմութիւն»-ին մէջ:
Կարելի է երկու խօսք ալ ըսել Օքսֆորտի «Սեղանի Խաղերու Պատմութիւն»-ին մասին (The Oxford history of board games), գրուած Տէյվիտ Փարլէթի կողմէ (David Parlett):
Գիրքը, որ գրուած է 1999-ին, կը պարփակէ չորս հազար տարուան հնութիւն ունեցող խաղերը, իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով: Այդ խաղերէն շատերը հասեր են մեզի այնպէս ինչպէս որ էին, իսկ կարգ մը այլ խաղեր փոփոխութիւններ կրեր են եւ աւելի յարմար դարձեր ներկայ ժամանակներուն համար:
Ճատրակէն – որ ամէնէն հին խաղերէն մին կը համարուի – մինչեւ մոնոփոլի, կամ բառխաղ (scrabble), որոնք նոր ստեղծուած խաղեր են, հեղինակը տարբեր խմբաւորումներու բաժներ է՝ հետապնդումի, որսորդութեան կամ ռազմական խաղեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրին ծնունդին եւ եղափոխութեան շրջանները ներկայացուցեր է:
Հեղինակը մասնագէտ է այս նիւթին – ի՜նչ հետաքրքրական եւ հաճելի մասնագիտութիւն – իսկ գիրքը արգասիքն է քսան երկար տարիներու հետեւողական պրպտումի եւ աշխատանքի:
Այստեղ հաւանաբար տեղն է յիշելու, որ այս տարուան ընթացքին Hasbro ընկերութենէն լոյսին եկած է Սեւան Հանըմեանի իրագործած եւ Armenia կոչուած մոնոփոլի խաղը, որուն նշանակները (tokens) լրիւ հայկական են, իսկ անոր ընկերացող գրքոյկը կը նկարագրէ իւրաքանչիւր «կալուած»-ի վայրը, Հայաստանի մէջ:
Մարուշ Երամեան