Հալէպահայութիւնը նախորդ ամսուան ընթացքին, մեծ խանդավառութեամբ կը սպասէր Համազգայինի «Լ. Շանթ» Թատերական Միաւորին կազմակերպած «Օսգար» կատակերգութեան: Միաւորին դիմատետրի վրայ տեղադրած թատերական պատառիկները աւելի կ’ոգեւորէին մեզ եւ բոլորիս հետաքրքրութիւնը կը շարժէին։ «Արդեօք ի՞նչ է նիւթը», կը մտածէինք: Մենք, որպէս թատերասէր երիտասարդներ, որոշեցինք կարգի բերել մեր քննութիւններու նախապատրաստական աշխատանքը եւ անպայման ներկայանալ թատրոն: Շատ մեծ սպասումներ ունէինք, բայց …
Զրուցելէ եւ քննարկելէ ետք, որոշեցինք այս յօդուածով ներկայացնել մեր հետեւեալ տեսակէտները.
Թատրոնի նիւթը չափահասներու համար նախատեսուած էր, սակայն սրահին մէջ նկատելի թիւով  պատանիներ կային: Յաճախ կը լսէինք «Ի՞նչ ըսել է այս բառը», «Ինչո՞ւ ատանկ ըսաւ» եւ նոյնանման հարցումներ, որոնք պատանիները շփոթի կը մատնէին երբեմն:
Թատրոնը, ըլլալով «կատակերգութիւն», շատ պարզ ու սրամտութիւններէ զուրկ կը թուէր։ Այսինքն կատակները հիմնուած էին առաւելաբար կրկնուող շարժուձեւերու վրայ։ Այլ խօսքով դերակատարները կը փորձէին ժողովուրդը խնդացնել նոյն նախադասութիւնները, նոյն շարժումները կրկնելով քանի մը անգամ: Այս մէկը նկատած էինք նաեւ, հաւանաբար աւելի հնչեղ կերպով, անցեալ տարուան «Փայտոջիլներու Պահարան»-ի ներկայացման մէջ, որուն ընթացքին հնչած նախադասութիւնները մինչեւ օրս կը լսենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ:
Անդրադառնալով նիւթին նկատեցինք, որ շատ նման էր նախորդ տարուան ներկայացուած «Փայտոջիլներու Պահարանը» թատրերգութեան պատմութեան՝ դերակատարներուն կատակներով թէ կերպարներով: Ժողովուրդին  անգամ մը եւս հրամցուեցան  նոյն խաւին պատկանող, սակայն մասամբ տարբեր նկարագրերու տէր մարդոց առօրեայէն պատկերներ։ Նկատելի նորութիւն մը չկար։
Սագօ Խալոյեան «Գանձասար»-ի նախորդ թիւին մէջ ստորագրած իր յօդուածով նշած էր. «Թատրոնը կլանեց մեզ, անդրադարձուց մշակոյթի ուժեղ դերին՝ մարդու եւ հաւաքականութեան ներաշխարհի հարստացման մէջ», բայց ներկաներս չնկատեցինք այդ մէկը, հաւանաբար ատիկա կարելի կ’ըլլար հաստատել դերակատարներու կատարողական որակի բարձրացման պարագան նկատի ունենալով առաւելաբար:
«Օսգար» կատակերգութիւնը կը ներկայացնէր ֆրանսացի ընտանիքի մը կեանքէն ծիծաղաշարժ պատմութիւն մը։ Ֆրանսացի թատերագիրի մը գործն էր: Մենք սխալ չենք տեսներ ծանօթանալ այլ ազգերու մշակոյթին, իրազեկ դառնալ անոնց ստեղծագործութիւններուն, բայց արդեօ՞ք մեր հայկական թատրերգութիւնները, մեր հայ ընտանիքներուն հարցերն ու պատմութիւնները մեզի համար աւելի հետաքրքրական չեն, որ կը դիմենք օտար գրողներու: Ֆրանսական հիւմորը կը տարբերի հայկականէն, կրնայ ըլլալ հայ հանդիսատեսին համար այնքան ալ զուարճալի չթուի:
Մեր հանդիսատեսը, որ տարին բախտաւոր պարագային մէկ կամ երկու թատրերգութիւն վայելելու շռայլութիւնը կ’ապրի, պիտի չնախընտրէ՞ր աւելի հարազատ եւ սրտին մօտ նիւթեր վայելել: Ունինք հայ երգիծաբաններու հրաշալի գործեր, ինչպէս՝ Երուանդ Օտեանի «Թափառաշրջիկները», ուր կը ներկայացնէ տարբեր բնաւորութիւններու տէր, ընկերային տարբեր խաւերու պատկանող մարդիկ, որոնք իրենց առօրեայ կեանքին մէջ կը հանդիպին դժուարութիւններու, անհաւասարութեան ու կեղծիքի։ Ունինք Յակոբ Պարոնեանի «Ատամնաբոյժն Արեւելեան»-ը, Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Խաթաբալա»-ն, որոնց այնքան հաճոյքով կրնայ հետեւիլ հալէպահայ հանդիսատեսը ու ինքզինք գտնել անոնց մէջ:
Բեմադրիչը «Գանձասար»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ կ’ըսէր, թէ ներկայացուելիք նիւթը կ’ընտրէ ըստ ժողովուրդի պահանջքին։ Սակայն ներկայացուած վերջին երկուքը նմանօրինակ էին մասամբ։ Ժողովուրդը թէեւ կատակերգութիւն կը սիրէ, յատկապէս Հալէպի ծանր պայմաններուն մէջ տոկացող ժողովուրդը, սակայն կը նախընտրէր տարբեր նիւթեր դիտել, կամ գէթ հարազատութիւն մը գտնել, իրեն անհրաժեշտ պատգամ մը քաղել ներկայացուած թատրերգութեան ընդմէջէն:
Այս բոլոր արձանագրելով, սակայն, կ’ուզենք գնահատել դերասանները, որոնք իսկապէս նոր մակարդակ նուաճած էին շնորհիւ բեմադրիչին մասնագիտական ճիգերուն։  Ուստի յաջողութիւն մաղթելով գալիք աշխատանքներուն, կը ցանկանք մեզի հարազատ, մեր տագնապները արտացոլացնող, մեր առօրեան ներկայացնող թատրերգութիւններ վայելել յառաջիկայ շրջաններուն։
Խումբ մը երիտասարդներ