Եթէ կը սիրէք գիր-գրականութիւնը ու կոկիկ գրադարան մըն ալ կրցեր էք կազմել ձեր բնակարանին մէկ անկիւնը, ուրեմն կրնամ ենթադրել, թէ վերի երկու անունները անծանօթ չեն ձեզի։
Համաստեղ (Համբարձում Կէլէնեան) եւ Վահէ-Հայկ (Տինճեան)։
Դիւրաւ կրնամ բազմաթիւ նմանութիւններ գտնել ինծի սիրելի այս երկու գրողներուն միջեւ։
Ամէն բանէ առաջ՝ երկուքն ալ խարբերդցի են։ Համաստեղ՝ Խարբերդի Փերչենճ գիւղէն, իսկ Վահէ-Հայկ՝ ուղղակի Խարբերդ քաղաքէն։
Սերնդակից կը սեպուին իրարու։ Համաստեղ ծնած է 1895-ին, իսկ Վահէ-Հայկ՝ մէկ տարի ետք, 1896-ին։
Երկուքն ալ իրենց տոհմիկ կրթութիւնը ստացեր են շրջանի հայկական դպրոցներէն։ Համաստեղ՝ Մեզիրէի (նահանգին կուսակալանիստ քաղաքը) Կեդրոնական վարժարանէն, իսկ Վահէ-Հայկ՝ Խարբերդի Եփրատ գոլէճէն։
Երկուքն ալ կը նկատուին ամերիկահայ գրականութեան Ա. սերունդի ամէնէն երեւելի քանի մը դէմքերէն։ Իրենցմո՛վ է որ սկիզբ կ’առնէ ամերիկահայ գրականութիւնը՝ անցեալ դարու քսանական թուականներուն։
Երկուքն ալ անձանձրոյթ մշակած են գիւղագրութեան սեռը մեր արձակ գրականութեան մէջ։ Սիրուն ու տպաւորիչ պատմուածքներով մեզի ներկայացուցած են կորսուած Արեւմտահայաստանի գիւղն ու գաւառական կեանքը՝ իր գունագեղ ու պարզունակ առօրեայով, հայ համեստ գիւղացին՝ իր աշխատանքի քրտինքին մէջ, իր տոհմիկ սովորութիւններուն ու բարքերուն հաւատարիմ, իր հողին ու մայրենի բարբառին կառչած։ Այս տիպի գրականութիւնը, կրնանք ըսել, տեսակ մը երկարաձգումը եղած է Խրիմեանով, Սրուանձտեանցով, Թլկատինցիով կամ Մշոյ Գեղամով (Տէր Կարապետեան) սկսած ու ծաղկած գաւառիկ գրականութեան։
Թէ՛ Համաստեղ եւ թէ՛ Վահէ-Հայկ, տասնամեակներ շարունակ Ամերիկա ապրելով հանդերձ՝ չեն կրցած փրթիլ իրենց ծննդավայրին վառ յիշատակներէն, դիւթանքէն։ Կարօտը տանջած է զիրենք։ Անոնք, երկուքն ալ, կորսուած գաւառը կրած են իրենց արեան ու ողնածուծին մէջ։ Եւ ուստի, սեւ ձեռքերու կողմէ քարտէզէ ջնջուած այդ հայկական գաւառը ուզած են վերապրեցնել գո՛նէ գրականութեան ճամբով։
Ի՜նչ լաւ ըրած են, որ փրկած են այդ գաւառին պատկերները ու զայն յանձնած յաւերժութեան։
Համաստեղ ու Վահէ-Հայկ այսքան շատ տուեալներով իրարու նմանելով հանդերձ, իրարմէ հեռու եղած են իրենց գաղափարական հակումներով. Համաստեղ դաշնակցական էր, մինչ Վահէ-Հայկ՝ ռամկավար։
Գիտեմ, որ մեր օրերուն, այս վերջին տուեալը կորսնցուցած է այլեւս իր երբեմնի «շահեկանութիւն»-ը։ Հայ գրականութեան սպասարկուները պիտի արժեւորուին կամ մեծարուին միմիայն իրենց վաստակին ու բերքին որակի՛ն համեմատ։ Ու պիտի ապրին անոնք մեր դասագիրքերուն, մեր մշակութային ապրումներուն եւ խոհերուն մէջ՝ անխտրակա՛ն մերձեցումով։
Սակայն տասնամեակներ առաջ, Համաստեղի ու Վահէ-Հայկի օրերուն, խտրականութիւնը բոյն դրած էր մեր գրականութեան մէջ եւս։ Կար Սովետական Հայաստանը՝ արտասահմանի իր ջերմ համակիրներով, ու կար անոր հակադրուա՛ծ շրջանակը։ Սփիւռքահայ գրողներն ալ, իրենց կարգին, կամայ-ակամայ, մաս պիտի կազմէին հակադիր շրջանակներէն մէկուն կամ միւսին։ Գրականութիւնն ալ, ուրեմն, երկփեղկուած էր։ Գրական պարբերաթերթերն անգամ ունէին «գոյն» ու կազմած էին ճակատներ։ Վահէ-Վահեանի Պէյրութի «Անի»-ն հաշտ աչքով չէր դիտեր դրացի Հալէպի «Նայիրի» ամսագիրը (Ա. Ծառուկեան)։ Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագիրն ու Նիւ Եորքի «Նոր գիր»-ը (Բ. Նուրիկեան) բարեկամներ չէին իրարու։ Փարիզի «Զուարթնոց»-ը (Հ. Բալուեան) կռնակ դարձուցած էր նոյն քաղաքին մէջ հրատարակուող ձախակողմեան «Լուսաղբիւր»-ին։ Հինէն ժառանգուած այս գիծը գրեթէ անշեղօրէն կը շարունակուէր Պէյրութի «Շիրակ»-ին ու «Բագին»-ին կողմէ ալ…։
* * *
Այս բոլորը յիշեցի ու գրեցի, որովհետեւ պատահական ընթերցում մը գրգիռ յառաջացուց իմ մէջ։
Գրադարանիս մէկ անկիւնէն գտայ Վահէ-Հայկի «Լուսաւոր Դէմքեր Մեր Օրերուն Վրայ» ծաւալուն հատորը, որ տպուած է Պէյրութ, ճիշդ կէս դար առաջ՝ 1972-ին (տպարան Տօնիկեան)։ Հեղինակին կարեւոր գործերէն մին է այս՝ իր «Հայրենի Ծխան»-ներու հինգ հատորանի շարքին ու «Խարբերդ Եւ Անոր Ոսկեղէն Դաշտը» կոթողային պատմագիրքին քովն ի վեր։ Շուրջ 400 էջերու երկայնքին, Վահէ-Հայկ այստեղ կը գծէ դիմաստուերները հայ գրականութեան կամ մշակոյթի երեսունի չափ դէմքերու, արձանագրելով իր արժեւորումները անոնց մասին, ժամանակակիցներու պարագային՝ ոգեկոչելով յուշեր եւ յիշատակներ ու պատմելով անմոռանալի դրուագներ։ Ի մի բան՝ հաճոյքով կարդացուող շահեկան գիրք մը։
Հոն տողանցող դէմքերու շարքին է նաեւ Համաստեղ։
Զիս կը հետաքրքրէր Վահէ-Հայկի կարծիքը իր հայրենակից գրչեղբօր մասին։ Նկատի ունենալով իրենց ապրած ժամանակաշրջանի գաղափարական հակադրութիւններն ու զգայնութիւնները, շահեկան պիտի ըլլար իմանալ, թէ ի՞նչ կը մտածէր ռամկավար գրագէտ մը դաշնակցական գրողի մը մասին…։ Արուեստական պատնէշները որքանո՞վ կ’արտօնէին, որ գրող մը հրապարակաւ դրականօրէն արտայայտուի դիմացի խրամատէն այլ գրողի մը մասին։
Վահէ-Հայկ կ’արտայայտուի գնահատանքով, գովեստով։ Ըստ իրեն՝ կարճ պատմուածքներու դաշտին վրայ «Համաստեղի թէքնիքը հիանալի է։ Վստահաբար կարելի է հաստատել, թէ ան գաւառաշունչ պատմուածքներ, գեղջուկ դիմագիծեր եւ հոգեբանութիւն ստեղծագործելու մեծ վարպետ մըն է եւ այդ կալուածներուն մէջ կը մնայ քանի մը վաւերական դէմքերու շարքին»։
«Գիւղը» եւ «Անձրեւ» զոյգ հատորներուն կողքին՝ Վահէ-Հայկ չի ծածկեր իր համարումը Համաստեղի «Քաջն Նազար» հատորին նկատմամբ ալ.
_ Երբ մէկ պարբերութիւն սկսիք կարդալ, ա՛լ չէք կրնար ձգել։ Այնքա՛ն հարազատ, այնքա՛ն պարզ եւ այնքա՛ն ապրող ու
շնչող էակներ ձեզի կու գան, կը խօսին, կը կռուին, կը գործեն, կ’ապրին կամ կը մեռնին՝ ճիշդ այնպէս ինչպէս դուք կը տեսնէիք մեր կեանքին մէջ, ամէն օր եւ ամէն ժամ,_ կը հաւաստիացնէ ան։
Տարբեր է սակայն Վահէ-Հայկի կարծիքը Համաստեղի «Սպիտակ ձիաւորը» երկհատոր վէպին մասին։ Չ’ուրանար որ անիկա ունի կարգ մը գեղեցիկ ու գրաւիչ պատկերներ կամ առանձին դրուագներ, բայց ամբողջութիւնը «դժբախտաբար, անյաջող պէտք է նկատել»։ Ըստ իրեն, «վէպին մշակումը յառաջ վարելու ատեն անիկա կը կորսնցնէ իր շիտակ ուղին, կ’իյնայ մութ բաւիղներու մէջ եւ խորապէս կը վիրաւորէ վէպին ամբողջութիւնը։ …Ընթերցողը կը կորսուի մացառներու մէջ ինկած ճամբորդի մը պէս»։
Այսքանը՝ զուտ գրականութեան մասին։
Բայց Վահէ-Հայկ ունի այլ դժգոհութիւն մըն ալ Համաստեղէն ու զայն չի ծածկեր.
_ Հայաստանի շքեղ իրականութեան եւ անոր հոյակապ մշակոյթին վերաբերմամբ Համաստեղի կրաւորական դիրքը կամ լռութիւնը կը մնայ մեկնութեան կարօտ։
Չեմ հաւատար թէ քաղաքական որոշ նախապաշարումներ զինք կաշկանդած ըլլան կամ անոր շրթունքները փակեն։ Գիտեմ թէ արդէն անիկա ի բնէ լռակեաց է, զգուշաւոր եւ ետեւի սեղաններուն վրայ ինքզինքը մոռցող։
Վահէ-Հայկ կը յիշեցնէ որ երբ ինք Հայաստան այցելեց (խօսքը մի՛շտ Խորհ. Հայաստանի մասին է), գրչի շատ ընկերներ ջերմօրէն հետաքրքրուեցան Համաստեղով, հարցումներ ուղղեցին անոր մասին։ Ու ինք ալ՝ ջանաց գոհացում տալ անոնց հետաքրքրութեան։ Յետոյ կը շարունակէ.
_ Վերապրող որեւէ հայ գրողի համար, որ հին երկրէն եկաւ եւ երկու ժամանակներու տարբերութիւնը գիտէ, կարելի չէ, որ հետաքրքրութեան մէջ դանդաղի եւ իր ձեռքերը չերկարէ հայրենի աշխարհին մէջ հայուն տունը շինելու փառքին կանչուած անձերուն, այսինքն՝ կերտողներուն, կառուցանողներուն, գրողներուն, երգողներուն, խօսողներուն, քանդակողներուն, քերթողներուն, փնտռողներուն եւ հայեցողներուն, բոլորի՛ն եւ ամէնո՛ւն։
Սիրուած եւ փնտռուած գրագէտ մը անկարելի է որ լուռ մնայ եւ ճղճիմ հաշիւներու մէջ բանտարկուի։ Համաստեղ անտարակոյս վեր է ատկէ։
Վահէ-Հայկի դժգոհութեան տուն տուող պատճառը, ուրեմն, յստակ է. Համաստեղի «կրաւորական դիրքը»՝ Խորհ. Հայաստանի նկատմամբ։
* * *
Հիմա ալ գրադարանէս վար կ’առնեմ Համաստեղի նամականիի հատորը, որ «Մուղնի» հրատարակչութեան կողմէ տպուած էր Երեւան (հրատարակութիւն՝ Կարպիս Լ. Նազարեան հիմնադրամի), 2003-ին, բանասէր Մարգարիտ Խաչատրեանի աշխատասիրութեամբ։ Հոս կը գտնեմ Համաստեղի կողմէ Վահէ-Հայկին ուղղեալ եօթը նամակ։
Ասոնց մէջ զիս առաւելաբար շահագրգռողը 1947 Օգոստոսին գրուած նամակն է։ Հոս, Համաստեղ շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր խօսակիցին՝ անոր «Հայրենի Ծխան»-ին Գ. հատորին ստացման առթիւ։ Կը յիշեցնէ միաժամանակ, թէ Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթի խմբագրութիւնը եւս ստացեր է նորատիպ գիրքը, եւ թէ խմբագրութեան անդամներէն տոքթ. Արմենակ Բարսեղեանը ըսած է իրեն՝ որ մտադրած է գրախօսական մը գրել այդ մասին։ Համաստեղ իր նամակը կը շարունակէ սա՛պէս.
_ Կը տեսնէք, որ կուսակցական ոչ մէկ հաշիւ կայ «Հայրենիք»-ին մէջ՝ երբ հարցը մանաւանդ գեղեցիկ գրականութեան եւ առհասարակ գրականութեան մասին է։ Բարեբախտաբար մերիններուն մէջ այդ գիծը միշտ ալ ուղիղ եղած է. չշփոթե՛լ գրական ու գեղարուեստականը կուսակցական-քաղաքականին հետ։ Պատկերը հակառակը տեսած եմ ձերիններուն մէջ. նոյնիսկ խուսափած են անունի յիշատակութիւն ընելէ անգամ։ Է՜հ, հին վէրք է այդ։
Այո՛, «մերինները» եւ «ձերինները»…։ Հին վէրք է այդ…։
* * *
Վերոնշեալ «Նամականի»-ին մէջ Համաստեղի կողմէ Վահէ-Հայկի ուղղեալ վերջին նամակը թուագրուած է 30 Յունուար 1960։ Նամակագիրը կը յայտնէ որ ստացած է Խարբերդի նշանաւոր պատմագիրքը ու հաճոյքով թերթատած է զայն։ Յետոյ կ’աւելցնէ.
_ Ուրախ եղայ, որ Հայաստանի մէջ կը հրատարակուի ձեր «Հայրենի Ծխան» գիրքը։ Ինձ չվիճակուեցաւ Հայաստան երթալ, այլ խօսքով՝ չկրցի օգտուիլ ինձ եղած հրաւէրէ մը։ Միշտ ալ կը յուսամ որ պիտի երթամ օր մը։
Ահա՜ Համաստեղի իրա՛ւ ցանկութիւնը. Հայաստան մեկնիլ…։
Առանձին պատմութիւն է այս՝ Խորհ. Հայաստան այցելելու Համաստեղի ուղղեալ պաշտօնական հրաւէրը ու իր… վարանումները։
Ափսո՜ս։ Համաստեղ չկրցաւ իրականացնել այդ բաղձալի ճամբորդութիւնը, որովհետեւ կաթուածահար ինկաւ բեմին վրայ՝ իրեն ի պատիւ սարքուած յոբելենական հանդիսութեան պահուն, իր սրտի խօսքը կարդացած ատեն, Լոս Անճելոս, 26 Նոյեմբեր 1966-ին…։
Լեւոն Շառոյեան