41 տարիներ առաջ մեր հարազատ միջավայրին մէջ կազմաւորուած հինգ հայորդիներ յանկարծ նուաճեցին ողջակիզման եւ հերոսացման գերագոյն բարձունքը: Պարզ եւ համեստ տղաք էին անոնք, սակայն իրենց արարքի մեծութեամբ դարձան մեծ ու ազգային հերոսներ, իրաւա՛մբ հսկաներ եւ հայոց դարաւոր պատմութեան մէջ արձանագրեցին անկրկնելի ու աննախընթաց փառաւոր էջ մը:

Թոյլ տուէք` կէս վայրկեան համատարած լռութեան մէջ նստած, իւրաքանչիւրս պահ մը խորհրդածենք ու թափանցենք անոնց կատարածին խորքը: Ապրի՛նք պահը, երբ հայրենիքի ու հայութեան վեհ գաղափարին համար անոնք դիմաւորեցին գիտակից նահատակութիւնը, որոշեցին անձնուրացութեան անձնասպանական իրենց արարքը, մէկդի շպրտեցին կեանքի բոլոր բարիքները` գերադասելով գաղափարը իրենց ապրելիք օրերէն. հայր, մայր, հարազատներ ու ընկերներ, որոշեցին յաւիտեան կորսնցնել, երիտասարդական իրենց սիրոյ պատմութիւնները կասեցնել, վճռեցին գիտակցաբար անշնչանալ, երբ կրնային մեր բոլորին նման շարունակել կեանքը ու վայելել անոր բարիքները: Պիտի խնդրեմ` միայն կէս վայրկեան նոյնանանք իրենց հետ ու ապրինք գերագոյն զոհաբերութեան այդ կախարդական վայրկեանը: Ապրինք միասնաբար եւ ըմբոշխնենք կեանքի այս բացարձակ արժէքի խորքն ու էութիւնը:

Մտածենք այն վայրկեանին մասին, երբ անոնք որոշեցին յանուն վեհ գաղափարի կամովին ու համոզումով իրենց կեանքի վերջալոյսը ամրագրել:

Խօսիլ Լիզպոնի հերոսական սխրանքին մասին` իրապէս պարտաւորեցնող է, եւ բնականաբար յանձնառու ու հոգեխառն վիճակի մը մէջ կը դրուինք անտարակոյս: Այժմէականացնել անոնց անկորնչելի պատգամը` դարձեալ դժուարին պարտականութիւն է: Արտօնեցէք ըսել, որ բոլոր խօսքերէն եւ բոլոր խորհրդածութիւններէն վեր աստղի պէս ու աստղերէն ալ աւելի վեր կը շողայ անոնց հրակէզ լոյսը մինչեւ այսօր: Այո՛, այդ լոյսին մօտենալու համար պարտաւոր է իւրաքանչիւր անհատ դուրս գալ իր անձի նեղ պատեանէն, ապրիլ ամբողջական վերացում, անջատուիլ ամէն ինչէ եւ խորապէս հարց տայ, թէ ինք անոնց դիմաց արդեօք որքա՜ն տկար է, որքա՛ն համակերպող, որքա՛ն անցողիկ, որքա՛ն աննշան: Պարպէ իր հոգին ու միտքը` փոքրոգութենէ, թոյնէ, մաղձէ, ատելութենէ, եւ այն ատեն միայն սկսի ըմբոշխնել անոնց լոյսը, բոցավառիլ այդ լոյսի ջերմութեամբ եւ հագնիլ յեղափոխութեան լոյսէ գօտին ու կռիւը նախ անվախօրէն մղէ իր էութեան մէջ, թօթափէ ամէն տեսակի վախ ու համակերպումի մտածում եւ հաւատայ ու համոզուի, որ ի՛նք նաեւ կարող է կրակէ նոյն մկրտութիւնը ստանալ եւ, վերջապէս, վերանորոգէ կեանքի գնով ազգին ու հայրենիքին անմնացորդ ծառայելու իր գաղափարական ուխտը:

Շատերու համար կրնայ անհասկնալի ու անբացատրելի թուիլ, թէ այսօր մենք հաւաքուած ենք այս սրահին մէջ քառասուն մէկ տարիներ ետք, կրկին անգամ վկայակոչելու Լիզպոնի անձնազոհութեան գերագոյն փաստը: Շատերու համար, կրնայ աշխարհաքաղաքական նոր համակարգի պայմաններու մէջ, նոյնիսկ նաեւ մեծ թիւով քաղաքագէտներու ու վերլուծաբաններու եւ անշուշտ գիտօսիկներու մեծ խումբի մը համար այս հաւաքը ժամանակի կորուստ եւ անիմաստ նախաձեռնութիւն նկատուի: Այո՛, աշխարհը ո՜ւր, մե՛նք ուր, կրնան ըսել շատ շատեր:

Կրնան ըսել, որովհետեւ օր ցերեկով բազում անձնուրացներու արեամբ սահմանագծուած ու կերտուած հայրենիքի սահմանները այսօր գրիչի մէկ հարուածով կը փոքրացուին հայու ձեռքով, դուխով կը կրծուին եւ ինչպէ՞ս, այսպէս ըսած, հայ մարդուն ուրախութիւն, բարօրութիւն խաղաղութիւն եւ ճոխութիւն սերմանող քնաբեր սին խոստումներով: Արդի պատմութեան մէջ յանուն խաղաղութեան եւ կայունութեան մեր ազգի զաւակներն են, որ գլխիկոր կը տեղահանուին իրենց հարազատ օրրան Արցախէն եւ, աւելի՛ն, անոնց ապագան կը դառնայ անորոշ ու անյստակ: Աւելի՛ն. թշնամիին կողմէ թելադրուած եւ հայու ձեռքով կը ստորագրուին հրամանագիրներ` Արցախի պետական կառոյցներու գործունէութիւնը կասեցնելու` հայրենիքի հողին վրայ, Հայաստանի մէջ: Այո՛, կրնան ըսել` մենք ո՜ւր, աշխա՛րհը ուր, որովհետեւ ժողովուրդին մէջ հայրենիքի սրբազան գաղափարը այլափոխելու փորձ կատարելով, նոր եւ, այսպէս կոչուած, իրական Հայաստանի իշխանաւորներուն համար հայոց դարերու պատմութիւնը, պատմական Հայաստանը, հայապատկան հողերն ու սրբավայերը նոյնիսկ այլեւս անհրաժեշտ չեն, որ տեղ գտնեն դասագիրքերու եւ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան մէջ: Այո՛, թերեւս Երեւանի հրապարակը գեղեցկացնելու համար այս բոլորը անհրաժեշտ են, որպէսզի, Աստուած մի՛ արասցէ, առաւօտ մըն ալ արթննանք եւ տեսնենք, թէ այդ հրապարակն ալ այլեւս մերը չէ: Բնական է նաեւ, որ այդ հողին եւ սրբութեանց համար իրենց կեանքը չսակարկած, Արարատը չտեսած, սակայն Արարատ հասնելու ուխտով ու կամքով կազմաւորուած Լիզպոնի ողջակէզներու արարքն անգամ այս պատեանով ամփոփուած մտածողութեան մէջ անիմաստ թուի: Մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին:

Մենք հաւաքուած ենք այսօր ու պիտի շարունակենք հաւաքուիլ, որքան ալ մեր գաղափարները նսեմացնեն, մեր երազներն ու իտէալները ոտնահարեն, որքան ալ մեր ազգային արժէքներէն մեզ տարանջատելու փորձ կատարեն: Թող ոչ ոք համարձակի մեզ խառնելու այս ազգադաւ մթնոլորտին մէջ: Մենք հաւաքուած ենք այսօր եւ այս բոլորին ականջ տալու ալ ժամանակն իսկ չունինք: Կրնայ ըլլալ` քիչ ենք, բայց պատմութեան ողջ ընթացքին քիչերն են, որ հայութեան հաւաքական երթը փորձած են ճիշդ հունի մէջ դնել: Քիչերն են, որ ժամանակէն առաջ կանչած ու վտանգը գոռացած են եւ ծառացած` ամէն տեսակի անիրաւութեան ու տեղատուութեան դիմաց: Քիչերն են, որ ազգը ազգ պահած են ու այդ առաքելութեան մէջ մի՛շտ ալ ենթարկուած են` հալածանքի, տեռորի, չարչարանքի, բանտային կապանքներու, բայց մնացած են անզիջող ու ապրեցուցած` ազգի ու հայրենիքի գաղափարը սերունդներու մէջ:

Այդ քիչերն են, որ տուած են դիմագիծ Հայոց պատմութեան, մնացեալը` ապազգայինը, մնացած է իր սաղմին մէջ ու լուսանցքայնացուած արդէն իսկ նոյն ժամանակին մէջ: Սերունդները դաստիարակուած են` այդ քիչերու ուղիով, կտրիճներու ուղիով, մարդավայել ու հայավայել անհատներու ուղիով, տիտաններու ուղիով, եւ այդ ուղին դարձած է հայութեան միակ ու ճշմարիտ ուղին: Վերջապէս, ահաւասիկ նաեւ քիչերն են, որ կերտած են Լիզպոն:

Հայկական վարժարան, եկեղեցի եւ ակումբ յաճախող հինգ համեստ տղաք, դաստիարակուած ու տոգորուած հայրենասիրական ու ազգային գաղափարներով, նոյն այդ ուղին վերածեցին իրենց կեանքի գերագոյն իմաստին եւ իրենց կեանքի չապրուած օրերը դարձուցին ապրող ու շնչող իրականութիւն մեր բոլորին համար:

Սագոն, Արան, Վաչէն, Սիմոնը եւ Սեդրակը իրենց նահատակութենէն ետք սովորական անհատներ չեն այլեւս: Հայոց դիւզացներգութեան իրական կեանք տուող եւ սերունդներու ներշնչման յաւելեալ աղբիւր են, պայքարի իսկական ռահվիրաներ, սրբազան խենթեր, որոնք դարձան մնայուն առաջնորդը մեր գաղափարական ըմբռնողութեան եւ ոգեղէն իտէալ ղեկավարը` մեր ազատագրական պայքարին:

Անոնք շքանշաններ ստանալու առիթ երբեք չունեցան, բայց յետմահու արժանացան Հայոց պատմութեան մեծագոյն շքանշանին: Աւելի՛ն. իրենք դարձան շքանշան` ազգի ու հայրենիքի համար իր կեանքը նուիրաբերած ազատամարտիկին ու զինուորին:

Սագոն այսօր ի՞նչ կը պատգամէ` «Առանց հայրենիքի, առանց մեր հողերուն ո՛չ ապագայ կայ, ո՛չ կեանք կայ, ո՛չ ընտանիք կ՛ըլլայ»: Սիրելի՛ ներկաներ, որքան ալ այսօր անոնք փորձեն ըսել, որ առանց Արցախի եւ միայն մեր հայրենիքի յօշոտուած սահմաններով ապագայ կայ: Ապագայ չկայ, պարոնա՛յք, ձեր գծած ապագան մերը չի կրնար ըլլալ ո՛չ այսօր եւ ո՛չ վաղը: Մեր հայրենիքի փոքր մասը նաեւ այսօր վտանգուած է, եւ թշնամին իր ռազմատենչ սպառնալիքներով կը սպառնայ նաեւ այդ փոքր հողատարածքը զաւթել եւ ամէն օր ժողովասեղաններու վրայ նոր զիջումներ եւ խոստումներ կը ստանայ հայրենի այսօրուան իշխանութենէն:

Համահունչ են այսօր Սիմոնին մտածումները, երբ կ՛ըսէ. «Կ՛ապրինք ուրիշներու տիրապետութեան տակ, ուրիշին խամաճիկն ենք»: Նայեցէ՛ք մեր այսօրուան իրականութեան եւ այդ պարունակին մէջ իմաստաւորեցէք Սիմոնին խօսքերը: Անդին` Վաչէն կը պատասխանէ հայրենակործան, դուխի գաղափարաբանութեան` ըսելով, որ պարոնայք Հայաստանի՛ իշխանաւորներ, «Մենք ալ կ՛ուզենք ապրիլ խաղաղ, հանգիստ մեր հայրենիքին մէջ, սակայն կ՛ուզենք ապրիլ հայ սերունդներ պատրաստելով»: Այլ խօսքով, Վաչէն կու գայ պատգամելու, որ անդիմագիծ քաղաքացիի կերտումը անյարիր է մեր ըմբռնողութեան, իսկ անդին` Սագոն Երեւանի հրապարակին վրայ իր կոչը կ՛ուղղէ սրբազան պայքարի ճամբայ ելած ժողովուրդին` «Մենք խենթեր ենք, բայց` չակերտեալ խենթեր, եկէք` միացէք մեզ, որպէսզի տիրանանք մեր կորուսեալ հողերուն»: Սեդրակ հայրենի իշխանութեանց կողմէ սրսկուող զիջողական ու պարտուողական մտածելակերպին կու գայ ամրօրէն հակադրուելու, երբ կ՛ըսէ. «Ես կ՛ուզեմ երիտասարդութեան ըսել, երբեք թող չի խրտչին, որքան ալ թուրքը զօրաւոր ըլլայ մեզմէ` աւելի նոր զէնքերով եւ դիւանագիտութեամբ»:

Յարգելի՛ ներկաներ,

Լիզպոնի հինգի հերոսական սխրանքը այսօր բազում խորհրդածութիւններու ուղղութիւններով ու թելադրականութեամբ, հայ կեանքի ապրած ընդհանուր թոհուբոհին մէջ կը շարունակէ մնալ ամրակուռ փարոս: Հետեւաբար`

Առաջին` ապագաղափարականացման, հայութեան արժեհամակարգի ոտնահարման, գործնապաշտութեան շղարշին տակ հայութեան պայքարունակ նկարագիրը աղօտելու, ժողովուրդը ազգային իր էութենէն պարպելու տակաւ խորացող վարքագիծին դիմաց, Լիզպոնը կու գայ յուշելու, որ ազգային գաղափարախօսութեան վերադարբնումը մեր կեանքին մէջ նախապայման է մեր գոյերթի շարունակականութեան ու լինելութեան համար:

Հայ քաղաքական միտքին համար հայրենիքի փրկութիւնը, անոր անվտանգութեան անխախտ պահպանումը կ՛անցնի ազգային գաղափարախօսութեան արմատացման պրիսմակէն: Պայքարի պատրաստ հաւաքականութիւնն է, որ պիտի դառնայ վահան` ստրկացումի, զիջումի եւ պարտուողականութեան բոլոր փորձութիւններու դիմաց: Այդ պայքարի գիտակցումն է, որ կրնայ միայն այսօրուան հայրենիքի աւազախրած նաւը փրկել ու զայն դէպի ապահով նաւահանգիստ առաջնորդելու ճիշդ հունին մէջ դնել: Պայքարունակ ոգին է միայն, որ կրնայ յեղաշրջել մեր այսօրուան տխեղծ իրականութիւնը:

Լիզպոն հինգի հերոսական արարքը, անկախ իր արձանագրած միջազգային արձագանգէն, Հայ դատի հետապնդման համար ստեղծած իր դարձակէտային ու անկիւնադարձային պահէն, առաջին հերթին հայութեան վերադարձուց պայքարի իրապաշտ հասկացողութիւնը: Գործողութեան յաջորդող դիպաշարին մէջ արձանագրուած միջազգային ընտանիքի հետաքրքրութիւնը եւ Հայ դատի արձանագրած նուաճումները մեծագոյն վկան կը հանդիսանան այս հաստատումին: Այսօր, առանց այդ պայքարի գործօններու արմատաւորման, անիմաստ է ակնկալել միջազգային յարաբերութիւններու մէջ յառաջընթաց ու դիւանագիտական յաջողութիւն: Տկարացած ու ծունկի եկած հոգեբանութեամբ կարելի չէ երբեք ակնկալել քաղաքական, միջպետական յարաբերութիւններու յառաջընթաց:

Երկրորդ` եկէք` ընդունինք, որ լիզպոնեան սխրանքը մենք տակաւին չենք յաջողած վերածել համահայկական ամբողջական արժէքի: Բառերը իրենց ճիշդ պարունակին մէջ տեղադրելով` պէտք է հաստատենք, որ Լիզպոնի հերոսները իրենց հերոսական աքթը չկատարեցին հայութեան մէկ հատուածին համար, այլ` մեր ժողովուրդի համահայկական ու համազգային տենչերուն եւ իղձերուն ի խնդիր, գիտակցական մօտեցումով նուիրաբերեցին իրենց կեանքը բովանդակ հայութեան համար: Այսօր, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, ազգային այս արժէքը, անհպելի խորհրդանիշը, չէ զետեղուած իր հարազատ պատուանդանին վրայ:

Իրաւազրկուած ժողովուրդներու պատմութեան մէջ այս արարքը եզակի բնոյթ ունի, բայց դժբախտաբար հատուածականութիւնը եւ ճղճիմ հաշուարկները միշտ ալ կ՛արգելակեն անոր համահայկական դիմագիծի դարբնումը հայ կեանքին մէջ: Հետեւաբար այս առաքելութեան պարտաւորութեան տակ կը գտնուի այսօր հայ քաղաքական միտքը: Եթէ սարդարապատեան խոյանքը եւ արցախեան ազատագրական պայքարը իրենց համաժողովրդային դրսեւորումով արժանաւորապէս ոսկեայ տառերով շնչաւորեցին Հայոց պատմութիւնը, Լիզպոնի գերմարդկային նուաճումը, իր կարգին, թէկուզ` նուիրագործուած ազգի փոքր ընտրանիի մը կողմէ, իր տարողութեամբ ու էութեամբ անհրաժեշտ է, որ ստանայ համապատասխան հնչեղութեան եւ համազգային արժէք:

Երրորդ` միշտ ալ փորձ կատարուած է Հայ դատի զինեալ պայքարի անաղարտ դիմագիծը խեղաթիւրելու եւ զայն նոյնացնելու միջազգային ահաբեկչութեան հետ: Մեծապետական հաշիւներու յագուրդ տալու համար ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը եւ արդար դատի հետապնդումը միշտ ալ գտնուած են այս իրողութիւնը դիմակալելու պարտաւորութեան դիմաց: Աւելի՛ն. այդ պայքարը դիմափոխելու համար նաեւ մեծ ճիգ ներդրուած է զայն շեղելու իր հարազատ հունէն ու նպատակէն: Սակայն մեր պարագային, այս բոլոր փորձերը ի դերեւ ելած են: Հայ դատի հետապնդման պայքարը միջազգային թակարդներու ոչ մէկ ատեն մատնուած է, եւ փաստօրէն այդ պայքարի նկարագիրը մնացած է անբիծ: Նաեւ ամէն անգամ, երբ հայ կեանքի մէջ ազգային գաղափարախօսութիւնը խոչընդոտ նկատուած է թշնամիի հետ բանակցութիւններ վարելու, Հայաստանի իշխանութեանց տարբեր հանգրուաններու ներկայացուցիչներ տեռորիստական, ահաբեկչական եւ այլ ցեխոտ մակդիրներով ու որակումներով փորձած են հալածել այդ գաղափարախօսութեան պաշտպաններն ու հետեւորդները եւ փորձած` Հայ դատի հետապնդման պայքարը օտարացնելու եւ թշնամացնելու հայ մարդու էութեան մէջ: Անշուշտ այս փորձերը նաեւ մատնուած են ձախողութեան: Այսպէս կոչուած, «պատերազմի կուսակցութիւնը», «հայդատականութիւնը» եւ այլ շինծու բառապաշարներու օգտագործումը չէ յաջողած ու պիտի չյաջողի ցեղասպանին ու թշնամիին հետ միակողմանի զիջումներով բարիդրացիական յարաբերութիւններ մշակելու ենթահող ապահովել:

Չորրորդ` Լիզպոնի տղաքը կազմաւորուեցան Լիբանանի հայկական թաղամասերուն մէջ, անոնք իրենց յեղափոխական-գաղափարական դաստիարակութիւնը ստացան այս միջավայրին մէջ: Միութենական իրենց սահմանափակ գործունէութեան ժամանակահատուածը կատարեցին ամբողջական յանձնարութեամբ ու մեր ժողովուրդի ու թաղերու պաշտպանութեան համար գտնուեցան առաջնագիծի վրայ: Այո՛, անոնք իրենց կրակէ մկրտութիւնը ստացան հոս եւ իրենց հերոսական աքթով եկան հաստատելու համահայկական տենչերու եւ իտէալներու իրականացման համար կեդրոնական այս գաղութի ունեցած անփոխարինելի դերն ու նշանակութիւնը:

Այս հանգամանքը ինքնին յաւելեալ պարտաւորութեան եւ պատասխանատուութեան դիմաց կը դնէ լիբանանահայ պահանջատէր երիտասարդութիւնը եւ ի մասնաւորի ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը:

Այո՛, մարդիկ թող չփորձեն, այսպէս կոչուած, «ժամանակները փոխուած են» յանկերգով դիմափոխել հաւաքական կեանքի մեր էութիւնը` յագուրդ տալու համար անհատական իրենց նեղմիտ նպատակներուն, փառատենչութեան եւ եսապաշտութեան: Այդ վարքագիծը ժողովուրդը կը դարձնէ անդիմագիծ եւ աջէն թէ ձախէն փչող հողմերուն հետ տատանուող թոյլ հաւաքականութեան ու կը նպաստէ միայն հայութեան թշնամիներուն եւ հայ համայնքի հակառակորդներուն: Այս առիթով հարկ է անդրադառնալ նաեւ, որ ժամանակէ մը ի վեր կեդրոնական այս գաղութի հաւաքական կեանքին մէջ անոր ուժականութիւնը ջլատող իրերայաջորդ հարուածներու դէմ յանդիման կը գտնուինք: Հայ համայնքի քաղաքական ինքնուրոյնութիւնը այլափոխելու, անոր կառոյցներու աշխատանքը խոչընդոտող քարոզչական արշաւը առկայ է: Երբ այս վարքագիծի հեղինակները մութին մէջ կը փորձեն ծրագրել իրենց մաքիավելլիական ծրագիրները, մեզի կը մնայ զգաստութեամբ ու արթնամտութեամբ ականազերծել մեր միջավայրը: Կը բաւէ հարց տանք, թէ ինչի՞ կը ծառայեն այդ բոլորը եւ որո՞ւ աղբիւրին մէջ ջուրը հոսեցնելու ճիգ են:

Փոխուած են ժամանակները, բայց մեզի համար դաստիարակութեան էութիւնը մնացած է նոյնը, այդ դաստիարակութեան շնորհիւ` մեր նորահաս սերունդը կը կերտէ իր ազգային ու գաղափարական նկարագիրը: Մնացեալը շատախօսութիւն է, որմէ կը տուժեն` գործը, աշխատանքը, նուիրուածութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ յեղափոխական նկարագիրը:

Կը բաւէ անդրադառնալ տակաւին անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած միջադէպին, երբ համայնքային գրգռութիւն հրահրող կասկածելի խմբաւորում մը փորձեց յարձակիլ հայաշատ շրջանի մը եկեղեցւոյ ու ակումբին վրայ` վանկարկելով հակահայ կոչեր: Քանի մը վայրկեանը բաւարար եղաւ, որ տարբեր շրջաններէ հարիւրաւոր երիտասարդներ անմիջապէս փութան դէպքին վայրը, կարգապահ կեցուածքով` պատրաստակամ սպասելով որոշում-թելադրանքի:

Անկախ հարցի լուծման եւ նման երեւոյթներ կանխելու ու անոնց առաջքը առնելու համար թափուած քաղաքական խոհեմ եւ արդիւնաւորուած ճիգէն, կամաւորներու այս մեծ խումբին ներկայութիւնը բնականաբար հատու պատգամ մը յղեց խռովարարներու խումբին եւ մանաւանդ` քաղաքական բոլոր կողմերուն: Մեր տղաքը իրենց պատրաստակամութեամբ ու մարտական արի կեցուածքով պատգամեցին բոլորին, որ մեր համայնքին կողմէ գծուած կարմիր գիծերը երբեք չեն փոխուած ու այդ գիծերէն անդին անցնող որեւէ կողմ կամ անհատ կը ստանայ հատու պատասխան: Այո՛, մեր ժողովուրդը արդարօրէն պէտք է հարց տայ, ո՞ւր էին այդ ճակատագրական պահուն իբր թէ այդ շրջաններու հայութեամբ մտահոգ քուէի մուրացկանները, վաճառողները եւ միջնորդները, որոնք նոյն այդ թաղամասերուն մէջ մօտիկ անցեալին, երեսփոխանական ընտրութիւններու ընթացքին, հայ մարդու արժանապատուութիւնը կ՛ոտնակոխէին ու զայն կը փորձէին ստրկացնել:

Սիրելի՛ երիտասարդներ,

Սրահի վերի յարկի երիտասարդներ, ԼԵՄ-ական անկոտրում քաջեր, ելէք ոտքի ու դո՛ւք փոխանցեցէք այսօրուան Լիզպոնի հրաշագործութեան պատգամը ամբողջ աշխարհին: Թող ձեր ձայնը արձագանգէ ամէն կողմ, թող մեր ժողովուրդը զգայ, որ ինք կոտրուած չէ, ինք կքած չէ, թող հայ մարդը զգայ, որ Արարատը է ու կը մնայ մեր գոյութեան իմաստը, այդ լերան վրայ պիտի շարունակէ ծածանիլ ԼԵՄ-ի տեղադրած դրօշը: Պատգամեցէ՛ք բոլորին, որ յարատեւ է մեր կռիւը, որ` պիտի բացուի հայութեան նոր արշալոյսը: Թող ժողովուրդը գօտեպնդուի ձեր ուխտով, թող դարձեալ ապրի հայավայել հպարտանք ու կանգնի ձեր կողքին ինքնավստահ:

Ելէ՛ք ոտքի ու տուէ՛ք ձեր պատգամը բոլորին` այսօրուան բոլոր մոլորեալներուն, ազգի ու հայրենիքի գաղափարական ակունքներէն հեռացած տկարամիտներուն: Մխիթարեցէ՛ք մեր ժողովուրդի հերոսածին մայրերը, ձեր պայքարի վճռակամութեամբ եւ ձեր արի կեցուածքով ու նուիրական գործով համոզեցէ՛ք զանոնք, որ իրենց հոգեհատորներուն կեանքը, իրենց ամենաթանկն ու անոր արիւնը անիմաստ տեղը չշաղախուեցաւ Արցախ աշխարհի ու Հայաստանի սահմաններուն հողին հետ: Անոնց թափած արիւնով ոռոգեցէ՛ք ու թարմացուցէ՛ք ձեր պայքարի ոգին ու ըսէ՛ք բոլորին, թէ ձեզի համար ամէնաթանկը հայրենիքն է, եւ դուք պատրաստ էք այսօր եւ վաղը տալու ամէն ինչ հայրենիքին համար:

Այո՛, սիրելի՛ տղաք, ելէ՛ք ոտքի եւ հրաւիրեցէ՛ք բոլորը ձեր վաղուան պայքարին, որուն առաջամարտիկները դուք էք եւ Լիզպոնի հերոսներուն պատգամին ականջալուր` ըսէ՛ք հաւաքաբար ու միասնաբար.

«Կ՛երդուենք անբիծ պատուովը ձեր` նորէն սկսիլ ու ընդարձակել պայքարը մեր»:

Լիզպոնի 41-ամեակի ձեռնարկին արտասանուած խօսք:

Յակոբ Հաւաթեան