Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին նախորդող Բարեկենդան Ս. Աստուածածինի Պահոց օրը՝ Կիրակի, 11 Օգոստոս 2024-ին, տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով աւանդաբար Խաղողօրհնէք կատարուեցաւ:
Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, խաղողօրհնէք կատարեց եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին՝ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան զոյգ տօներուն առիթով, հոծ հաւատացեալներու ներկայութեան: Արարողութեան եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօնին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։
«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ եւ թափօր կազմած Սրբազան Հայրը մուտք գործեց եկեղեցի։ Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան: Եկեղեցւոյ դպրաց դասին հոգեպարար երգեցողութեամբ եւ հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ հնչեցին Աստուածամօր նուիրուած բովանդակալից շարականներ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւն կատարեց, օրհնելով խաղողի ողկոյզները եւ աղօթելով բերք տուող արտերուն համար, ուրկէ քաղուած են ողկոյզները:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ժողովուրդին ուղղեց իր հայրական պատգամը, պարզելով, թէ Հայ Եկեղեցին Ս. Կոյս Մարիամը կը մեծարէ, որովհետեւ Ս. Կոյսը, որպէս Աստուծոյ ընտիր անօթ, Տիրոջ առջեւ իր եսը փշրեց եւ խոնարհութեամբ ու հեզութեամբ ամբողջական կերպով Աստուծոյ Սուրբ կամքը կատարեց, ըսելով, որ Տիրոջ աղախինն եմ, Տիրոջ ծառան եմ, թող Իր Սուրբ կամքը ըլլայ. այն ատեն Սուրբ Երրորդութեան երրորդ անձնաւորութիւնը՝ Ս. Հոգին հանգչեցաւ իր մէջ, օծեց ու մաքրեց զինք եւ անորմով յղացաւ, իր որովայնը պատրաստելով որպէս Աստուծոյ բնակարան, ուր բնակեցաւ Աստուծոյ Բանը, աստուածային բնութեան հետ միաւորելով մարդկային բնութիւնը՝ դառնալու համար միաւորեալ մէկ բնութիւն: Հետեւաբար, Աստուածամայրը ունենալով որպէս բարձրագոյն տիպար օրինակ, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները իրենց անձերը պատրաստելու, որպէսզի արժանի դառնան Աստուծոյ կենդանի ներկայութիւնը վայելելու եւ Անոր առաջնորդութիւնը զգալու:
Օրուան աստուածաշնչական հատուածին անդրադառնալով, Սրբազան Հայրը մատնանշեց այն հաւատքը, որ ունէին անդամալոյծը շալկող չորս անձերը, որոնք բազմութեան հանդիպելով հանդերձ անդրդուելի մնացին իրենց հաւատքին վրայ, որ գործնական սէրէ մղուած իսկական հաւատք էր եւ անդամալոյծը հասցնելով Քրիստոսի՝ բժշկութեան արժանի դարձուցին զինք:
Սրբազան Հայրը պատուիրեց, որ դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն մէջ առիթ չտանք, որ ժխտական երեւոյթները մեր ներաշխարհէն ներս թափանցելով խոցեն մեր հաւատքը: Ուստի, հրաւիրեց բոլորը շրթներով արտաբերուած հաւատքէն հեռու, սէրէն մղուած հաւատք ունենալու:
Շարականի բառերը յիշելով, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Աստուածամայրը իր խոնարհութեամբ եւ հեզութեամբ մեծ պատիւի արժանացաւ Աստուծոյ կողմէ եւ որպէս ընտիր անօթ Աստուած իր մէջ բնակեցաւ եւ Տէրը Աստուածամօր արգանդէն ճառագայթեց եւ որպէս լոյս, Արդարութեան Արեգակ եւ Փրկիչ աշխարհ եկաւ: Հետեւաբար, Աստուածամայրը Քրիստոսով կը մեծարենք, Ս. Կոյս Մարիամին ունեցած առաքինութիւններուն եւ կենցաղին համար կը մեծարենք:
Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը ո՛չ միայն ներկաներուն, այլեւ ողջ աշխարհին, Հայաստանին, Արցախին, Արցախահայութեան եւ բոլոր այն ազգերուն, որոնք պատերազմներու եւ բռնութեան ու անարդարութեան ենթարկուած են: Ան մաղթեց, որ Ամենակալը իր առատ ողորմութեամբ ողողէ աշխարհը եւ մեզի պարգեւէ այն առաքինութիւնները, որոնցմով յատկանշուեցաւ Ս. Կոյս Մարիամը եւ բոլոր սուրբերը, որոնց ժառանգորդներն ենք բոլորս:
Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Մարիամ եւ անոր հոմանիշ անուններ կրող մայրերն ու քոյրերը:
Պատարագէն ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, խաղողօրհնէք կատարեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, խաղողօրհնէք կատարեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան:
Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, Թեմի Ազգ. Կրօնական Ժողովը պատրաստած էր Աստուածամօր պատկերով եւ աղօթքով բացիկներ, որոնք Հալէպի եկեղեցիներուն մէջ բաժնուեցան հաւատացեալ ժողովուրդին։
Ինչպէս նաեւ, եկեղեցիներու Տիկնաց յանձնախումբերը օրհնուած խաղողի ողկոյզներ բաժնեցին ժողովուրդի զաւակներուն: