ՓՈՔՐԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄՕՏԵՑՆԵԼ ԲՆՈՒԹԵԱՆ

Գիտնականներ ապացուցած են, որ բնութիւնը մեծ ազդեցութիւն կը թողու մանուկներու հոգեբանութեան վրայ։ Այս իսկ պատճառով անհրաժեշտ է, որ մանուկները մօտ ըլլան բնութեանը։ Օգտակար սովորութիւն է փոքրիկները մասնակից դարձնել պարտէզներու մէջ շրջագայութեան, բոյսերու խնամքին եւ այլն։ Այս ձեւով ձեր փոքրիկը աստիճանաբար կը սիրէ եւ կը խնամէ բնութիւնը։

Eco.am հասարակական հարթակը ներկայացուցած է կարեւոր քանի մը քայլ ՝ ձեր փոքրիկը բնութեան աւելի մօտ դարձնելու համար։

1. Յաճախակի պարտիզագնացութիւնը ձեր փոքրիկին կեանքին յաւելեալ աշխուժութիւն կը պարգեւէ։ Ան պարտէզին մէջ կը ծանօթանայ բոյսերու, գունեղ եւ անուշաբոյր ծաղիկներու, կը սորվի խնամել զանոնք եւ այլն։

2. Գիւղերու մէջ այգեգործութիւնը, իսկ քաղաքի պարագային նոյնիսկ տան պայմաններուն մէջ բոյսեր աճեցնելը, ամէն օր խնամելը փոքրերուն կարելիութիւն կու տայ ճանչնալու բնութիւնը եւ կապ հաստատելու անոր հետ:

3. Բոյսերու խնամքը կը խթանէ մանուկներու պատասխանատուութեան զգացումը։ Ան փոքրերուն կը սորվեցնէ կարեւորութիւն տալ բոյսերուն, յատկապէս երբ անոնք կը նկատեն, որ իրենց խնամքը դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ բոյսերու աճման վրայ:

4. Բոյսերու հետ շփումը դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ փոքրերու հոգեկան առողջութեան վրայ։ Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ բոյսերուն մօտ գտնուիլը կը նուազեցնէ ընկճախտը, կը զօրացնէ կեդրոնացումը եւ կը բարելաւէ ընդհանուր առողջութիւնը:

***

Ի՞ՆՉ Է ՏՈՀՄԱԾԱՌԸ

Տոհմածառը կամ տոհմացուցակը ընտանիքի կամ աւելի լայն առումով ազգի պատմական յիշողութիւնը կը ներկայացնէ։ Ան կը պահէ տոհմի ծագումին, զարգացումին եւ աճին տուեալները սերունդէ-սերունդ։

Դարեր շարունակ ազնուական ընտանիքներ պահպանած են իրենց տոհմին պատմութիւնը եւ ներկայացուցած զայն իրենց յաջորդող սերունդներուն, որովհետեւ դարերու ընթացքին ընտանեկան ծագումը շատ մեծ կարեւորութեան արժանացած է:

Հայերը տոհմածառ պատրաստելու աւանդոյթը օգտագործած են 19-րդ դարէն սկսեալ։ Տոհմածառերը կը պատրաստուէին ծառի պատկերով, կրնային ըլլալ աղիւսակաձեւ կամ կլոր։ Մինչեւ 19-րդ դարու առաջին կէսը տոհմածառերը պահպանուած են մականուններու ցուցակներու պատրաստմամբ, գրուած են ձեռագրերու եւ պատմական գիրքերու մէջ։

19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը տոհմածառեր պատրաստուած են յատկապէս Մխիթարեաններու հրատարակութիւններուն մէջ։ Անոնք արքունական, իշխանական ընտանիքներու պատմութիւններուն կից սկսած են պատկերել տոհմածառեր։

Խորհրդային տարիներուն՝ 1920-1950-ականներուն, տոհմածառեր հազուադէպօրէն կազմուած են։ Այդ տարիներուն մարդիկ յաճախ ստիպողաբար կը թաքցնէին իրենց ծագումը, պատմութիւնը, կը փոխէին մականունները։ 1960-ականներէն ետք տոհմածառերու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը աճիլ սկսած է։

Այսօր տարատեսակ տոհմածառեր կը կիրարկուին ժամանակակից ճարտարարգիտութեան կարելիութիւններով, յաճախ գեղարուեստական եւ գեղագիտական լուծումներով։

Ուստի, եթէ կը փափաքիք ձեր ընտանիքի արմատներուն եւ ծագումին մասին տեղեկութիւններ պահպանել ու սերունդէ-սերունդ փոխանցել, պատրաստեցէ՛ք ձեր ընտանեկան տոհմածառը։