ՓԱՐԻԶ 2024
ՎԱՐԱԶԴԱՏ ԼԱԼԱՅԵԱՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ
Ծանրամարտիկ Վարազդատ Լալայեան Փարիզի 33-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերու գերծանր կշիռքի բարձրացման կարգին, երկամարտին 467 քկ. ծանրութիւն բարձրացնելով դարձաւ Ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան:
Նոյն 470 քկ. արդիւնքով ոսկի մետալ նուաճեց Վրաստանը ներկայացնող Լաշա Տալախաձէն։ Իսկ երրորդ տեղը գրաւեց Պահրէյնի ներկայացուցիչ հայ մարզիկ Գոռ Մինասեան՝ 461 քկ. արդիւնքով: Նոյն մրցումին, սուրիացի Մաան Ասաատ գրաւեց հինգերորդ դիրքը: Լալայեան թղթակիցներուն ըսաւ. «Բուռն պայքար տեղի ունեցաւ: Մենք պատրաստ էինք այս պայքարին՝ թէ՛ ես, թէ՛ Գոռը: Պատրաստ էինք յաղթելու: Բայց որոշ դժուարութիւններու պատճառով վերջին վարժութիւնը յաջող չընթացաւ: Կարողութիւն չունիմ բացատրելու, թէ հրումի վարժութեան ի՛նչ պատահեցաւ»: Ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիրը իր հպարտ ըլլալը յայտնեց մրցելու այնպիսի մեծանուն ծանրորդներու հետ, ինչպիսին է Լաշա Տալախաձէն: Հայաստանի ծանրամարտի տղոց հաւաքականի անդամ, Եւրոպայի գործող ախոյեան Վարազդատ Լալայեան պոկումի վարժութեան յաջորդաբար պոկեց 210 քկ. Եւ 215 քկ., սակայն չկրցաւ բարձրացնել 218 քկ.: Հրումի վարժութեան ան յաջողութեամբ բարձրացուց 247 քկ, 252 քկ, բայց չկրցաւ բարձրացնել 256 քկ.: Երկամարտի 467 քկ. արդիւնքով Վարազդատ Լալայեան դարձաւ Փարիզ-2024-ի արծաթէ մետալակիր:
ԱՐԹԻՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԿՐԿՆԱԿԻ ԱՐԾԱԹԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
Հայաստանի Ողիմպիական հաւաքականի անդամ, Ողիմպիական խաղերու ոսկեայ, արծաթեայ, պրոնզեայ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի բազմակի ախոյեան Արթիւր Ալեքսանեան դարձաւ Փարիզ-2024-ի արծաթէ մետալակիր: Փարիզի «Champ-de-Mars Arena»-ին մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի 97 քկ. ծանրութիւն բարձրացնելու եզրափակիչին Ալեքսանեան մրցեցաւ Իրանէն Մուհամմէտ Հաթի Սարաւիի հետ: Հայկական ըմբշամարտի աւագ Արթիւր Ալեքսանեան եզրափակիչին զիջեցաւ 4:1 արդիւնքով:
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԳՐԱՒԵՑ ՓԱՐԻԶ 2024-Ի ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԴԻՐՔԸ
Կիրակի, 11 Օգոստոսին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ 2024-ի Ողիմպիականի եզրափակիչ խաղային օրը: Ամերիկայի հաւաքականը նուաճեց 2024 թուականի Ողիմպիականի մետալային յաղթանակը: Ամերիկացիները շահեցան 126 մետալ (40 ոսկի, 44 արծաթ, 42 պրոնզ): Երկրորդ տեղը գրաւեց Չինաստանը՝ 91 մետալ (40 ոսկի, 27 արծաթ, 24 պրոնզ): Երրորդ տեղը Ճափոնն էր՝ 45 մետալ (20 ոսկի, 12 արծաթ, 13 պրոնզ):