Կիրակի, 18 Օգոստոս 2024-ին, Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Եպս. Աշգարեան եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին եւ խաղողօրհնէք կատարեց՝ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ՝ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Մարիա Գաբրիէլեանի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Յարաբերական Մարմինի, Ազգ. Վարչութեան, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ խուռներամ ժողովուրդին:

«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, Սրբազան Հայրը թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի։ Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան եւ Հոգշ. Տ. Արմէմ Աբղ. Գալաճեան: Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին նուիրուած շարականներու հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական հոգեպարար պատգամը ուղղեց ժողովուրդին։
Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Աստուածամօր առաքինի կենցաղին, մաքրամաքուր սրբութեան եւ անբծութեան։

Ան յատկապէս շեշտեց որ ճանչնաք զԱստուած եւ Անոր առաւել եւս մօտենանք իբրեւ հարազատ որդիներ։ Ան աւելցուց ըսելով, որ ապրինք Աստուծոյ եւ ոչ մեր կամքին համաձայն։
Ան կոչ ուղղեց բարերարներուն օժանդակելու եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն, որպէսզի հայ եկեղեցին միշտ մնայ պայծառ։

Մակար Սրբազան ցնծալի այս տօնին առիթով շնորհաւորեց ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս Ս. Կոյս Մարիամ անունը կրողները։

Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանը, որ լրջութեամբ, հաւատքով եւ սիրով յաջողցուց տաղաւար տօնին նուիրուած բոլոր նախաձեռնութիւնները։

Խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը աղօթեց մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի եւ Արցախի համար։ Աղօթեց Միջին Արեւելքի, Լիբանանի, ծննդավայր Սուրիոյ, անոր վսեմաշուք նախագահին, բանակին եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներուն համար, մաղթելով, որ Ամենակալը, Աստուածամօր բարեխօսութեամբ, իմաստութեամբ եւ շնորհքով լեցնէ, մարդասիրութեամբ եւ եղբայրսիրութեամբ կռանէ, ինչպէս նաեւ հայրենասիրութեամբ եւ հողասիրութեամբ թրծէ անոնց սրտերն ու հոգիները։

Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւն, ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտներու ներկայութեամբ:

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին նուիրուած ՀՄԸՄ-ի աւանդական տողանցք՝ Քեսապի, Հալէպի եւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղերու փողերախումբերուն եւ սկաուտներուն մասնակցութեամբ: Տողանցքը ընթացք առաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն, Քեսապի Հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանի գլխաւորութեամբ։

Տողանցքին միացան նաեւ Քեսապի պետական աւագանին եւ Քեսապի Հայ Աւետարանական համայնքի հոգեւոր հովիւ պատուելի Շանթ Ակիշեանը։ Համալիրի մուտքին տողանցքին միացան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանը։ Համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ պաշտօնական հաւաք, ուր ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։
Արաբերէն եւ հայերէն խօսքեր արտասանուեցան։ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը իր խանդավառող նուագով տօնական մթնոլորտ ստեղծեց։
Այնուհետեւ, իր սրտի խօսքը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ան Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը կամրջեց ՀՄԸՄ-ի աւանդական տողանցքին. զոյգ առիթներ, որոնք կու գան տօնական մթնոլորտի մէջ մեր սրտերն ու հոգիները ուրախութեամբ լեցնելու եւ մեզ գօտեպնդելու։

Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները տալով գնահատեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը, որ Քեսապի մէջ տարիներու աւանդութիւնը պահելով նոր աւիւն եւ յոյս կը ներշնչէ նոր սերունդի զաւակներուն։