ՔՈՓ29-ին ընդառաջ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Յանձնախումբը շուրջ 40 մասնակից երկրի դեսպանութիւններուն ուղարկեց նամակներ այն մասին, թէ ինչո՛ւ Ատրպէյճան ոչ միայն բարոյական, այլեւ իրաւական առումով նման համաժողով հիւրընկալելու կարգավիճակ պէտք չէ ստանայ:

Յուշագիրի բնոյթ ունեցող այդ գրաւոր փաստաթուղթը կը փաստէ, որ Պաքու իր վարած քաղաքականութեամբ չի կրնար մարդու իրաւունքներուն եւ երկրագունդի կենսոլորտին առնչուող խնդիրներ քննարկող քաղաք նկատուիլ: Այդ արգելքները այնքան բացայայտ են, որ համաձայնութիւն տուող երկիրներէն շատեր նո՛յն հարցերով բողոքած են եւ նոյնիսկ պատժամիջոցներու առաջարկներ ներկայացուցած:

Հայկական ընկալումով Ատրպէյճան ռազմական յանցագործութիւններ կատարած, ցեղային զտումներով յատկանշուող ցեղասպանութիւն իրականացուցած, շրջափակումով սովամահութիւն ծրագրած ու գործադրած եւ ամբողջ ազգաբնակչութիւն մը իր բնօրրանէն պարպած ահաբեկչական պետութիւն է, որ կը շարունակէ խախտել միջազգային օրէնքի բոլոր իրաւաչափութիւնները:

Հայ Դատի համակարգը կը նախապատրաստէր միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտումներ կատարած Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը փաստագրող յատուկ թղթածրար` ներկայացնելու մասնակից պետութիւններուն:

Պաքուի ՔՈՓ29-ին հակացուցուած ըլլալու իրաւական հիմնաւորումները քննարկուեցան այս տարուան Ապրիլ ամսուն Անթիլիասի մէջ գումարուած «Կիլիկիա» վերլուծական հարթակի եւ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կիրարկած ցեղասպանական տարբեր բնոյթի գործողութիւնները արծարծած գիտաժողովին: Այնտեղ ի շարս այլ կէտերու, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ կայացած նիստերուն եւ Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործոց նախարարին եւ Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահին մասնակցութեամբ Հարթակը քննարկեց միջոցներ՝ ՔՈՓ29-ի նախօրեակին Ատրպէյճանի վրայ զօրացնելու ճնշումը մասնակից պետութիւններու կողմէ, նախ եւ առաջ ազատ արձակելու համար ապօրինաբար Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, ռազմագերիներն ու պատանդները:

Արձանագրենք, որ ՔՈՓ29-ի Պաքուի մէջ կայացման դէմ բողոքի գործողութիւնները միայն հայկական կեդրոններէ չեն բխիր: Փենթակոնի նախկին պաշտօնատարներէ մինչեւ Փարիզի քաղաքապետ, անցնելով կենսոլորտի եւ մարդկային իրաւանց շարժումներու գործիչներ, բոլորը անխտիր կը շեշտեն Ատրպէյճանի եւ կենսոլորտի համաշխարհային հարթակի անհամատեղելիութիւնը: Կ՛ընդգծեն, որ մարդու իրաւունքներու ամէնէն կոպիտ խախտումներ արձանագրած պետութիւնը կը շարունակէ մնալ Ատրպէյճանը, որ նաեւ ամէնէն հակակենսոլորտային երկիրն է:

Պարզ է սակայն, որ խնդիրը ոչ թէ կենսոլորտային է, այլ քաղաքական: Այլապէս Ատրպէյճան թէ՛ մարդու իրաւունքները ոտնահարած, թէ՛ ցեղային զտում իրականացուցած եւ թէ՛ կենսոլորտը ապականելու մեղադրանքներով քննադատած պետութիւնները մինչեւ իրենց մասնակցութեան համաձայնութիւն տալը պէտք էր, որ վերապահումներով հանդէս եկած ըլլային եւ ընդդիմանային Պաքուի մէջ կայանալու որոշումին:

Այս առումով սակայն թոյլ կէտ ունի հայկական կողմը: Իր թեկնածութիւնը յետս կոչելով Երեւանը անուղղակի իր համաձայնութիւնը տուած եղաւ, որպէսզի Ազրպէյճանը հիւրընկալէ համաշխարհային ժողովը: Այս համաձայնութիւնը մեկնաբանուեցաւ գերիներու ազատ արձակման որոշումին դիմաց կատարուած զիջումով:

Եւ որովհետեւ խնդիրը զուտ քաղաքական է, պէտք է փորձել նախատեսել, թէ թուրքեւատրպէյճանական դաշինքը կենսոլորտային ի՛նչ խնդիր պիտի բարձրացնէ Հայաստանի դէմ: Պարզ է պատասխանը: Անգարան եւ Պաքուն ամէն տեսակ պատճառ պիտի բերեն համոզելու համար համաժողովը, որ Հայաստանի աթոմակայանը սպառնալիք է տարածաշրջանին համար:

Ահա այստեղ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը պիտի խաղան Արեւմուտքի խաղը: Հայաստանը պէտք է զրկուի գործող աթոմակայանէն: Հետեւաբար անհրաժեշտ է կառուցել նորը` ուժանիւթի բացը լրացնելու համար: Մինչեւ ՔՈՓ29-ի պահանջը, Միացեալ Նահանգներ պաշտօնապէս յատարարեց, որ հիւլէական ուժանիւթի նոր նախագիծեր ունի Հայաստանի համար: Քաղաքական այս խաղին համար կը հարթուէր ենթահողը` ուժանիւթի բազմազանացման կարգախօսին տակ:

Հայկական ներկայացուցչութեան Պաքու մեկնիլը Նոյեմբերին տակաւին անորոշ է: Բայց այդ մէկը եւս յաւելեալ թոյլ կէտ կ՛ըլլայ հայկական կողմին համար եւ արգելակիչ տուեալ այլ պետութիւններէ ՔՈՓ29-ին մասնակցելու որոշումը վերանայելու պահանջի աշխատանքներու ծիրին մէջ:

Յամենայն դէպս մարդկային իրաւունքներ ընդդէմ կենսոլորտային սպառնալիք տեսքով պիտի ընթանայ հայ-ատրպէյճանական պայքարը ՔՈՓ29-ի շրջանակներուն մէջ: Այս պատճառով ալ համընթաց պէտք է ընթանան առարկութիւնները. մարդու իրաւունքներու ոտնակոխում, միջազգային օրէնքներու խախտում, ռազմական յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանութեան կիրարկում, բայց նաեւ` կենսոլորտի ամէնէն տարրական օրինաչափութիւններու անգոյութիւն: Ահաւասիկ ներկայացուելիք թղթածրարին հիմնական առանցքները:

Լիբանանի Հայ Դատի Յանձնախումբը իր աշխատանքներուն մէջ եւս մէկ իւրայատուկ կէտ ունի: Այս բոլոր ճնշամիջոցները նախ եւ առաջ պիտի ծառայեցուին ապօրինաբար պահուող անձերու ազատ արձակումին: Անոնց շարքին է նաեւ լիբանանահայ գերին, որուն ազատ արձակման համար Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մօտ կը շարունակուին աշխատանքները:

Քաղաքականօրէն ակնկալելին ոչ թէ ՔՈՓ29-ի կայացման վայրի չեղարկումն է: Առաջադրելին, այս առիթով, միջազգային ճնշամիջոցներու ապահովումն է, նախ եւ առաջ առեւանգուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, ռազմագերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման նպատակով: