ԾՈՎՈՒ ՋՈՒՐԻՆ ԵՒ ԾՈՎԱՓՆԵԱՅ ԱՒԱԶԻՆ ՕԳՏԱԿԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Աւազին Օգտակարութիւնը
Ամռան ծովագնացութիւնը մեր ամէնէն սիրելի ժամանցն է։ Այնպէս ինչպէս ծովուն ջուրը օգտակար է մարմինին եւ մաշկին, նոյնպէս ալ աւազը օգտակար է մարմինին, իսկ աւազով լոգանքը կամ խաղերը տարեցներու առողջութեան եւ փոքրերու երեւակայութեան զարգացման կը նպաստեն։
Դէմքը եւ մարմինը աւելորդ կեղեւներէն մաքրելու (շերտազերծելու) լաւագոյն միջոցը աւազով ծեփուկներ պատրաստելն է։ Աւազին նուրբ հատիկներուն օգտագործումը կ’օգնէ հեռացնելու մաշկին մահացած բջիջները: Այս իսկ պատճառով մորթի շերտազերծման (սքրափ) գեղագիտական շարք մը ծեփուկներ կը պատրաստուին աւազով։
Աւազին վրայ քալելով դուք կ’ունենաք առողջ ոտքեր։ Ծովափին քալելը բնականաբար կը մաքրէ ձեր ոտքերուն մեռած մաշկը: Աւազը ներծծած ըլլալով արեւուն տաքութիւնը, ձեր մարմինին կը հայթայթէ կենսուժ, միեւնոյն ատեն կը բուժէ ոտնաթաթին ներքեւը գտնուող սունկերը կամ տարբեր պատճառներով յառաջացած վէրքերը։ Ուստի առողջապահական է աւազին վրայ բոպիկ քալելը։ Առնուազն քառորդ ժամ գաղջ աւազին վրայ քալելով դուք աշխուժութիւն պիտի զգաք եւ ձեր ոտքերը այդ կենսուժը պիտի հայթայթեն ամբողջ մարմինին։
Աւազը կը բարելաւէ առողջութիւնը եւ կը դանդաղեցնէ ծերացումը:
Աւազին վրայ քալելը, երկննալը կամ նոյնիսկ խաղալը կը նուազեցնեն ճնշուածութիւնը եւ կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը։
Աւազը մակնիզիումի հիանալի աղբիւր է։ Հետեւաբար աւազին վրայ նստած կամ երկնցած մնալով ձեր մարմինը կը ներծծէ մակնիզիումի նկատառելի համեմատութիւն մը։
Ծովափնեայ առողջարաններու մէջ կը կիրարկուին նաեւ աւազի լոգանքներ, արեւուն ճառագայթներով տաքցած աւազին օգտագործումով։
Ծովու Ջուրին Օգտակարութիւնը Մաշկին
Ամառնային տաք օրերուն չկայ աւելի հաճելի զբաղում քան ծովուն մէջ լողալը: Ծովուն ջուրը ձեր մաշկը կը պահէ խոնաւ եւ առողջ։ Ան հարուստ է հետեւեալ հանքանիւթերով՝ մագնէս (մակնիզիում), նատրոն (Սոտիոմ), սելէն (սիլինիում), քալիոմ (Փոթասիում) եւ եօտ։
Այս բնական հանքանիւթերը կրնան բուժել ձեր ոչ միայն դէմքի, այլ ամբողջ մարմինի չոր կամ բորբոքած մաշկը եւ օգնել բուժելու մաշկի զանազան հիւանդութիւնները:
***
ՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ
Գիտէ՞ք, թէ Յովհաննէս Թումանեանի անձնական գրադարանը բանաստեղծի ժառանգութեան կարեւորագոյն մասը կազմած է:
Թումանեանի թանգարանի կայքին համար ստորագրած իր ակնարկին մէջ, Թամարա Արամեան դիտել կու տայ, որ Թումանեան իր յուշերուն մէջ հետեւեալը գրած է. «Ներսիսեան դպրոցը իսկի չաւարտած՝ գրեթէ բացարձակ անգէտ էի ինչպէս ամէն գիտութեան, այնպէս էլ գեղարուեստին ու գրականութեանը, թէեւ մեծ սէր ու ձգտում ունէի, մանկուց էլ ոտանաւորներ էի գրում: 18 տարեկան եմ դարձել, եւ միայն մի քանի գիրք էր անցել ձեռքս, էն էլ մեծ մասամբ պատահմունքով»: Խօսքը կը վերաբերի «Հիւսիսափայլ»-ի քանի մը թիւերուն (գրական-գեղարուեստական ամսագիր, որ լոյս կը տեսնէր Մոսկուա՝ 1858-1864-ին, խմբագիրն էր Ստ. Նազարեան՝ Միք. Նալպանտեանի գործուն մասնակցութեամբ) եւ Խ. Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» գիրքին:
Արամեանի համաձայն, այս երկերը կազմած են Թումանեանի անձնական գրադարանին հիմքը: Ժամանակի ընթացքին, սակայն, ան ստեղծած է բազմաբնոյթ, հնատիպ ու շքեղ հրատարակութիւններու հարուստ հաւաքածոյ: Ըստ ոչ պաշտօնական աղբիւրներու՝ բանաստեղծին գրադարանը իր ժամանակի գրողներու գրադարաններու շարքին երրորդը կը համարուէր՝ Կէօթէի եւ Թոլսթոյի գրադարաններէն վերջ, սակայն աւելի արժեքաւոր էր, որովհետեւ գրեթէ բոլոր գիրքերը ինք ապահոված էր եւ յաճախ վերջին գումարով կամ պարտքով, իսկ Կէօթէն ու Թոլսթոյը իրենց հաւաքածոները ժառանգած էին՝ հետագային զանոնք համալրելով նոր գիրքերով:
Թումանեան ոչ միայն հաւաքած, կարդացած եւ խորապէս ուսումնասիրած է գիրքերը, այլեւ դասակարգած է ամբողջ գրականութիւնը` շուրջ 10.000 գիրք, ըստ նիւթերու զետեղելով զանոնք 12 պահարանի մէջ: Իւրաքանչիւր պահարան յատկացուած էր գրականութեան մէկ բնագաւառի: