Սուրիոյ քարիւղի եւ հանքային հարստութեան նախարար դոկտ. Ֆիրաս Քատտուր Ռուսիոյ ջերմուժի նախարար Սերկէյ Ցվիլիովին հետ հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առաւ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ գործակցութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս կենսուժի ոլորտէն ներս:

Նախարար Քատտուր շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ ղեկավարութեան, կառավարութեան եւ ժողովուրդին՝ իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան համար, աւելցնելով, որ երկու երկիրներու գործակցութիւնը աննախընթաց մակարդակի հասած է շնորհիւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի եւ Վլատիմիր Փութինի հետապնդումներուն:

Իր կարգին Ռուսիոյ կենսուժի նախարարը յայտնեց, որ ռուսական կողմը կը հետեւի Սուրիոյ Քարիւղի եւ Հանքային Հարստութեան Նախարարութեան հետ նախապէս ստորագրուած պայմանագրութեան իրագործման փուլերուն՝ օգտուելով քարիւղի եւ կազի արտահանման ռուսական ընկերութիւններու փորձառութենէն եւ արդի ճարտարագիտութեան միջոցներէն:

Ան շեշտեց, որ Մոսկուա պատրաստ է զարգացնելու Դամասկոսի հետ գործակցութիւնը այս շրջագիծէն ներս: