ՀՅԴ Տաւուշի Մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան «Հայելի» ակումբին մէջ 2 Սեպտեմբերին Արցախի անկախութեան օրուան ընդառաջ ըսաւ. «Մենք չենք կրնար մեր գլուխները հանգիստ  բարձին դնել եւ ապրիլ, այնքան ատեն որ մեր արժանապատուութիւնը խոցուած է, այնքան ատեն որ  մենք կ’ապրինք անպատուութեան մէջ: Այս իրականութեան մէջ ոչ մէկ հայ հանգիստ կրնայ ապրիլ։
Պէտք է հասկնանք, որ ասիկա մեր արժանապատուութեան հարցն է: Արցախի մեր ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ կտտանքներու ենթարկուիլը ուղղակի ապտակ է բոլոր հայ մարդոց դէմքին, ուղղակի կը թելադրէ վճռական ըլլալ ու գործել: Չկայ աւելի կարեւոր հարց, քան անոնց օր առաջ Ատրպէյճանի բանտերէն ազատ արձակելը: Եւ COP-29-ին ընդառաջ մեր արտաքին եւ ներքին ամբողջ գործունէութիւնը պէտք է ըլլայ ամէն ճիգ ի գործ դնել ճնշում բանեցնելու Ատրպէյճանի բռնապետական  վարչակարգին վրայ, որպէսզի մեր գերիները ազատ արձակուին»:
Պատգամաւորը դիմեց նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան, յայտնելով որ անոր մասնակցութիւնը եւ ճնշումը շատ կարեւոր են. «Սփիւռքի մեր հայրենակիցները պէտք է իրենց երկիրներու կառավարութիւններուն դիմեն կոչով, ցոյցեր, հանդիպումներ կազմակերպեն՝ ստիպելու, որ տուեալ կառավարութիւնը  իր առաջնակարգ գործառոյթը համարէ ատրպէյճանական կողմին վրայ ճնշումը այս հարցով»: