Քեսապը դրախտավայր մըն է, որ կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիսարեւմուտքը, Միջերկրական ծովուն մերձաւորութեան: Ան կը համարուի Սուրիոյ նշանաւոր ամարանոցներէն մէկը։ Մարդիկ զանազան շրջաններէ կու գան վայելելու անոր բնութիւնը, մաքուր օդը եւ հանգստանալու ամառուան արձակուրդի ընթացքին:
Ամռան Քեսապ աւելի ճոխ կ’ըլլայ: Ամէն տարի դպրոցները փակուելէ ետք, մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կը սկսին այցելել Քեսապ: Իսկ այս ընթացքին քեսապցիները կը զբաղին իրենց աշխատանքով, ոմանք հողագործութեամբ, իսկ ուրիշներ՝ առեւտուրով: Տիկինները ձմռան համար պահածոներ կը պատրաստեն, անոյշներու տեսակներ, խնձորի, ծիրանի, դեղձի եւ զանազան պտուղներու չիրեր, լոլիկի, պղպեղի ջուր (մածուկ) եւ տեսակաւոր թթուներ:
Քեսապցիներուն մեծ մասը կը զբաղի հողագործութեամբ։ Նշանաւոր են խնձորի, դեղձի եւ այլ ծառերը։ Ամէն առտու կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս պարտիզպանները պարտէզ կ’երթան, կը խնամեն իրենց ծառերը, որպէսզի ամբողջ տարի մը աշխատելէ ետք իրենց աշխատանքին արդիւնքը քաղեն։ Իսկ ժողովուրդի միւս մասին՝ ճաշարաններու, պանդոկներու եւ խանութներու տէրերուն համար ամենակարեւոր շրջանը ամառն է:
Տարիներէ ի վեր սովորութիւն դարձած է նաեւ տարբեր միութիւններու բանակումները անցընել Քեսապի մէջ: Բանակումներու կողքին ամռան տեղի կ’ունենան ցուցահանդէսներ, քերմէսներ, տօնակատարութիւններ եւ տարբեր առիթներով խրախճանքներ:
Ս. Աստուածածնայ տօնը յատուկ ձեւով կը յիշատակուի Քեսապի մէջ, ուր ամբողջ շաբաթ մը տօնական մթնոլորտ կը տիրէ, պատարագներու կողքին կը կատարուին Հարիսայի օրհնութիւն, փողերախումբերու եւ սկաուտներու տողանցքներ, խաղողօրհնէք եւ այսպիսով Քեսապ սուրիահայութեան կեդրոն կը դառնայ:
Քեսապը՝ այս գեղեցիկ աւանը, հակառակ դժուարութիւններուն կը շարունակէ մնալ հայապահպանման կարեւոր կեդրոններէն մէկը իր մշակոյթով, աւանդութիւններով եւ կենցաղով:
Գառնի Անտրեան