Փոքր տարիքէս ֆութպոլի «խելացի-խենթ» մըն էի: Մօտիկ ապագային լաւ խաղացող մը ըլլալու նշաններ ցոյց կու տայի, այսպէս կ’ըսէին ծննդավայրիս ֆութպոլի մասնագէտները: Այսպէս 14 տարեկանիս՝ 1957-ին, հրաւիրուեցայ մաս կազմելու տեղւոյն ախոյեան «ալ-Խապուր» խումբին եւ առաջին մրցումէն սկսեալ մնայուն տեղս ապահովեցի խումբին մէջ՝ որպէս յառաջապահ գիծի խաղացող, մինչեւ 1963-ի ամռան սկիզբը, եւ մեծապէս նպաստեցի խումբին արձանագրած բազմաթիւ յաղթանակներուն։ Աւելին ըսեմ. հոգեկան անսահման ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն զգացի, երբ 16 տարեկան հասակիս ինծի վստահուեցաւ ծննդավայրիս ֆութպոլի հաւաքականի խումբը ղեկավարելու պարտականութիւնը:
1956-ին, Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի գիշերօթիկի ուսանող դարձայ, մինչեւ 1959-1960 ուսումնական տարեշրջանի աւարտը: Հակառակ փոքր տարիքիս, յաջողեցայ մաս կազմել Ճեմարանի ֆութպոլի հաւաքականի կազմին եւ դրական ներդրումս ունեցայ արձանագրուած յաղթանակներուն մէջ, մանաւանդ 1960-ին Հալէպի անձնական վարժարաններու երկրորդ ախոյեանութեան տիրացման մէջ։
Միջնակարգի անմոռանալի տարիներուս, կիրակի օրերը Նոր Գիւղի եւ քաղաքապետարանի դաշտերու խաղերուն
յաճախ ներկայ կ’ըլլայի որպէս հանդիսատես: Երբեք չէի բացակայեր՝ մանաւանդ քաղաքապետարանի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբի մրցումներէն: Թէեւ ՀՄԸՄ-ի կազմը այդ օրերուն կը նկատուէր լաւագոյն խումբերէն մին եւ գոհացուցիչ խաղ կը կիրարկէր, ի մասնաւորի յետսապահ գիծի իր խաղացողներով (Աբրահամ Աւընեան, Սահակ Եղոյեան, Քույյում, Արշակ, Սարգիս Քէօշկէրեան (նեկրո) եւ բերդապահ Սուրէն), որոնք մէկական առիւծ կտրած կը պաշտպանէին ՀՄԸՄ-ի բերդը, սակայն յառաջապահ գիծի խաղացողները (Կարպիս, Կիրակոս, Զէնո, Գէորգ, Շաֆո, Սարգիս Երէցեան) ընդհանրապէս, հակառակ անոր որ աշխոյժ խաղարկութիւն կը ցուցաբերէին, կոլ նշանակելու վարպետութիւնը ձեռք չէին ձգած տակաւին:
ՀՄԸՄ-ի խումբը մրցումի ընթացքին երկար պայքարելէ ետք, վերջին վայրկեաններուն տեղի կու տար, յատկապէս Վասպուրականի հզօր կազմին դէմ, որուն միջազգային, բացառիկ խաղացողը՝ Յարութ Գաւլաքեանը, մեծ վարպետութեամբ ու հմտութեամբ կը յաջողէր նշանակել յաղթանակի միակ կոլը:
Այսպէս՝ յուսախափ, պարտուած, թաց աչքերով գիշերօթիկ կը վերադառնայի այդ օրերուն, սրտիս ու հոգիիս մէջ դառնութիւն մը կուտակած:
Տարիները սահեցան, իսկ ես բախտը ունեցայ 1963-ի ամռան սկիզբը ծնողքիս հետ Հալէպ հաստատուելու, բաւականաչափ փորձառու խաղացող դարձած։ Ֆութպոլիստի համբաւս վաղուց Հալէպ հասած էր:
Առաջին գործս եղաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի վաստակաշատ մարզիչ՝ եղբ. Աբրահամ Աւընեանին ներկայանալը, որ զիս ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոն առաջնորդեց։ Հոն մեծ ուրախութեամբ ՀՄԸՄ-ի տոմարին մէջ ստորագրեցի եւ անմիջապէս ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբի մարզիկ դարձայ:
Այդ օրը ինծի համար բացառիկ, անմոռանալի օր մը եղաւ: Հոգիս ուրախութեամբ, գոհունակութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ականի վայել հպարտութեամբ պարուրուեցաւ, որովհետեւ պատիւը ունեցայ այս հսկայ միութեան ֆութպոլի խումբին տարազը կրելու: Երազս իրականացաւ:
Յաջորդ օրը, վառ յոյսերով Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան ուղղուեցայ, ուր միջանակարգի ուսանող եղած էի 1956-էն 1960 ուսումնական տարեշրջաններուն։ Հետս բերի երեք տարիներու ուսումնական վիճակիս բացառիկ արդիւնքները, այն յոյսով ու երազով, որ կրկին պիտի միանամ սիրելի Ճեմարանին եւ բախտը պիտի ունենամ երկրորդականի վերջին տարին (պաքալորիան) աւարտելու այս սրբազան կրթական յարկին տակ:
Միջնակարգի տարիներուս, հակառակ փոքր ըլլալուս, մաս կազմած էին ճեմարանի ֆութպոլի խումբին եւ ինչպէս յիշեցի դրական մասնակցութիւն բերած բոլոր յաջողութիւններուն։
Սակայն Ճեմարանէն շրջանաւարտ ըլլալու երազս յօդս ցնդեցաւ: Սոսկալի անակնկալի մը առջեւ գտնուեցայ եւ յուսախաբութեան մատնուեցայ, երբ օրուան տնօրէնը իր խօսքերուն թունաւոր դաշոյնը սրտիս խրելով ըսաւ.
_ Ճորճի՛կ, լաւ պիտի ըլլայ որ պետական դպրոց յաճախես, հոն ուսումդ շարունակես:
Քաջութեամբ, միեւնոյն ատեն դժուարութեամբ յաջողեցայ արցունքներս երիտասարդ սրտիս մէջ խեղդել։ Անմիջապէս դուրս ելայ տեսչարանէն ու Ճեմարանի բակին մէկ անկիւնը, մանուկի նման լացի: Կարճ ժամանակ մը վերջ հանդարտեցայ, ինքզինքս հաւաքեցի եւ յուսահատ տուն վերադարձայ:
Դժբախտաբար օրուան տնօրէնը չէր ըմբռնած, թէ ի՛նչ էին հայ դպրոցին վեհ ու ազնիւ նպատակն ու սրբազան առաքելութիւնը:
Հայ դպրոցը միայն ուսումնարան չէ: Գիտութիւն եւ ուսում ջամբող հաստատութիւն մը չէ: Այս բոլորին հետ զուգահեռ, եւ ի մասնաւորի, հայ դպրոցը հայեցի ազգային դաստիարակութեան հիմնական ու առաջնահերթ առաքելութիւն ունի, յատկապէս սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ: Հայ դպրոցը է՛ ու կը մնա՛յ, գիտակից, յանձնառու հայու պատրաստութեան լիիրաւ, անփոխարինելի դարբնոց: Հայ դպրոցը պիտի շարունակէ մնալ, մարդակերտումի, հայակերտումի, եւ հայրենակերտումի հսկայ, ժայռարմատ միջնաբերդ, եւ որպէս այդպիսին՝ Ան է՛ ու կը մնա՛յ մեր ժողովուրդի յոյսի եւ լոյսի աղբիւրը, անոր անկատար տենչերն ու երազները իրականացնող հսկայ հնոցը:
Որեւէ կրթական պատասխանատու, ի՛նչ հանգամանք ալ ունենայ, բացարձակապէս իրաւունք չունի, եւ չի կրնար ունենալ, հայ մանուկն ու պատանին զրկելու իր հարազատ մօր ջինջ ու տաքուկ գիրկէն՝ ՀԱՅ դպրոցէն:
Քաջութեամբ, համբերութեամբ, յաղթահարեցի այս դժուար, անմոռանալի հարուածը եւ շարունակեցի հետեւիլ աւարտականի ուսումնական կեանքիս օտար վարժարանի մը մէջ։ Դարձեալ Տիրոջ օժանդակութեամբ յաջողեցայ պատուաբեր արդիւնք ձեռք ձգել եւ Հալէպի երկրաչափական համալսարանէն ներս տեղս ապահովել՝ «ալ-Մաամուն» վարժարանին պատուաբեր վարկ մը ապահովելով:
Այս դէպքը գիտակցութիւնս չմթագնեց. հաւատարմութեամբ, յարատեւ ջանքով ու վճռակամութեամբ ջանացի նպաստել ՀՄԸՄ-ին՝ իմ սիրած միութեան, եւ դրական մասնակցութիւն բերել անոր պատմական, պանծալի այն յաղթանակներուն, զորս յաջողեցայ իրագործել անզուգական եղբայրներուս հետ:
Ճեմարանի միջնակարգի տարիներու յուշերս վերակենդանացան։ Յիշեցի մեր ապրած այն դառն պահերը, երբ կիրակի օրերը դաշտէն դպրոց կը վերադառնայինք, պարտուած եւ յուզուած: Անհամբեր կը սպասէի այն պահուն՝ Վասպուրականի ուժեղ խումբին հետ մրցելու ճակատագրական պահուն, որպէսզի յաջողիմ եղբայրներուս հետ ներդաշնակ խաղարկութեամբ յաղթանակ մը արձանագրել եւ փոթորկած սիրտս հանգստացնել:
ՀՄԸՄ-ի խումբը Հալէպի ֆետերասիոնի անարդար, ծանրակշիռ պատիժին հետեւանքով դատապարտուած էր Բ. դասակարգի վերջին դիրքին վրայ յայտնուելու, որովհետեւ զրկուած էր ակումբներու նոր դասաւորումի մրցումներուն մասնակցելու իրաւունքէն։ Իր տեղը գրաւած էր Վասպուրականի խումբը, Հալէպի Ահլիի կողքին:
ՀՄԸՄ-Վասպուրական մրցումը պիտի որոշէր, թէ ՀՄԸՄ-ի կազմը պիտի յաջողէ՞ր Վասպուրականը հեռացնել մումթազ դասակարգէն եւ արժանավայել կերպով իր տեղը գրաւել Ահլիի կողքին:
Հասաւ քննութեան ժամը: Բոլորը անխտիր լրջօրէն մտահոգուած էին: Նախքան մրցումը նախազգացում ունէի, որ նուիրեալ եղբայրներուս հետ կարեւոր անակնկալ մը պիտի մատուցեմ ՀՄԸՄ-ի համայն ընտանիքին եւ ֆութպոլի սիրահարներուն:
Խումբի եղբայրներուս հետ լաւատեսութեամբ դաշտ ներկայացայ: Այդ օր բացառիկ ճիգ թափեցի դաշտին վրայ, կայուն վիճակ չունէի, միշտ շարժումի մէջ էի: Մրցումին կարեւորութիւնը նկատի առած, բոլորս լուրջ աշխատանքի ձեռնարկեցինք:
Եւ վերջապէս հասաւ փրկութեան ժամը: Մրցումի 10-րդ վայրկեանին, եղբ. Գօգօ Քիլէճեանի վարպետ փոխանցումէն օգտուելով գնդակը ամենայն ուժգնութեամբ եւ ճշգրտութեամբ ուղղեցի դէպի Վասպուրականի բերդը։ Յաջողեցայ ցնցել բերդն ու բերդապահը՝ Սարգիսը, եւ նշանակել ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը:
Դաշտը փոթորկեցաւ, բոլորս ողջագուրուիլ սկսանք ու համակիրներուն ջերմ ծափահարութեան արժանացանք:
Այս կոլէն ետք, Վասպուրականի խումբէն ներս անորոշութիւն տիրեց։ Խումբը ի զուր փորձեց կացութիւնը փոխել: Ես ու ՀՄԸՄ-ի եղբայրներս կազմակերպուած ու ներդաշնակ շարունակեցինք մեր յարձակումները, աքցանի մէջ առնելով մրցակիցին բերդը եւ տեղատարափ կարկուտի նման հարուածելով զայն։ Մրցումի աւարտէն 10 վայրկեան առաջ յաջողեցանք արդիւնքը 4-0-ի բարձրացնել:
Դաշտը կը բռնկէր, ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն ազգային երգերն ու բացագանչութիւնները կը լսուէին ամէն կողմ: Ազգային խրախուսիչ երգերու կշռոյթին հետեւելով մեր խաղը շարունակեցինք մինչեւ մրցումին աւարտը։ Աստուածային նախախնամութեամբ ինծի վիճակուեցաւ փակման կոլը։ Յաջողեցայ լաւագոյնս ի գործ դնել ու հանդարտութեամբ խաղի բերելէ ետք նաեւ բերդապահը՝ վարպետ Սարգիսը, գնդակը զետեղեցի բերդին մէջ:
Բոլորիս ուրախութիւնը տասնապատկուեցաւ։ Մեր Տէրը՝ Աստուած, բոլորիս երազը իրականացուց ու բորբոքած հոգիս հանգստացուց:
Անհաւատալի բայց իրաւ. մրցումին վերջնական արդիւնքը հասաւ 5-0-ի՝ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի ախոյեան խումբին:
ՀՄԸՄ-ի խումբը այս յաղթանակով եկաւ արժանավայել տեղը ապահովելու Սուրիոյ մումթազ դասակարգի 11 խումբերուն շարքին:
Փառք ու պատիւ ՀՄԸՄ-ին, այն հսկայ միութեան, որ իր անդամներուն աննկուն կամքին, անսակարկ ծառայութեան ու բազում զոհողութիւններուն շնորհիւ շարունակեց իր մարաթոնեան բարեբեր երթը՝ Գողգոթայի վերելքը, եւ բոլորին դրական ու գործուն մասնակցութեան ու բարձր գիտակցութեան շնորհիւ յաջողեցաւ ֆութպոլի նոյն եղանակին՝ 1964-1965-ին, արդարօրէն ձեռք բերել պատմական նուաճում մը, տիրանալով Սուրիոյ ֆութպոլի մումթազ դասակարգի առաջին ախոյեանութեան տիտղոսին ու բաժակին եւ արժանավայել կերպով բազմեցաւ առաջին ախոյեանութեան գահին:
Բիւր յարգանք, սէր եւ երախտագիտութիւն ֆութպոլի ազնիւ եղբայրներուս, աւագ մարզիչ եղբ. Աբրահամ Աւընեանին, յանձնախումբի եւ յարգարժան վարչութեան եղբայրներուս, մանաւանդ աննման մեր համակիրներուն եւ ՀՄԸՄ-ական բոլոր քոյրերուս ու եղբայրներուս անխտիր, որոնց զոհողութեան, հաւատարմութեան, կուռ ու անխախտ հաւատքին, գործակցութեան, ներկայութեան եւ միասնական ջանքերուն շնորհիւ յաջողեցանք այս պատմական փայլը իրագործել եւ ոսկեայ տառերով առաւել գեղեցկացնել ՀՄԸՄ-ի շքեղ պատմութեան հարուստ էջերը:
Յառա՛ջ անսասան, յառա՛ջ անվեհեր դէպի նորանոր յաղթանակներ:
Ճորճիկ Ռաստկելէնեան