ՔԱՐԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀ
Բնութիւնը իր ցամաքով եւ ջրաշխարհով քարերու հարուստ տեսականի ունի։ Քարեր, որոնք կը ծառայեն ե՛ւ շինարարական աշխատանքներու, ե՛ւ զարդեղէն ձեւաւորելու, ե՛ւ առողջապահական մարձումներու։
Հին ժամանակ քարերը օգտագործուած են բուժման նպատակներով։ Թանկարժէք քարերուն կը վերագրէին նաեւ թունաւորումներէ փրկելու յատկութիւն։ Արքաներուն գաւաթները պատրաստուած կ’ըլլային արծաթով զարդարուած թանկարժէք քարերով, հաւանական թունաւորումը կանխելու համար։ Դեղին քարերը լեարդի խանգարումներու եւ դեղնախտի բուժման կը ծառայէին։ Կանաչ քարերը՝ աչքի հիւանդութիւններու, փիրուզը եւ այլ քարեր չար ոգիներէ պահպանելու եւ լուսաւոր ոգիներու առնչուելու։
Թանկարժէք քարերը եղած են գեղեցկութեան, սիրոյ, լոյսի եւ երկարակեցութեան հոմանիշներ. վառ կանաչ մարգագետինը կը համեմատուէր զմրուխտին հետ, կապոյտ երկինքը՝ փիրուզին։ Նաղարշ Յովնաթան, դիմելով իր սիրած աղջկան, կը գրէ. «Նման ես դուն կարմիր վարդի, ատամներդ՝ չար մարգարիտ»։ Չարենցը՝ «Կապո՛յտ աղջիկ, ակաաթի ու կաթի պէս հոգեթով»։ Ակաաթը (Ագաթ) եւս թանկարժէք քարի տեսակ մըն է։
Ծանօթանանք թանկարժէք
քարերու քանի մը տեսակի
Քուարթզ
Քուարթզը գունաւոր քար է, զայն ձեւաւորելով կարելի է օգտագործել արդիւնաբերութեան մէջ: Ան աւելի արժէքաւոր է քան կրանիտը: Դարեր շարունակ օգտագործուած է ոսկերչական իրերու արտադրութեան մէջ, որպէս թանկարժէք քար:
Քուարթզը կրնայ կարգաւորել ժամացոյցին շարժումը, որովհետեւ ունի շատ ճշգրիտ յաճախականութեամբ թրթռալու յատկութիւն:
Կ’օգտագործուի նաեւ մետաղներու ձուլման, քարիւղային արդիւնաբերութեան, խոհանոցի սալիկներու պատրաստութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Ադամանդ
Ադամանդը արմատացած ածխածինի ձեւերէն մէկն է: Ադամանդը ամենակարծր նիւթը կը համարուի: Ադամանդի ժողովրդականութիւնը աճեցաւ 19-րդ դարուն, համաշխարհային արտադրութեան աճով:
Ադամանդը ոսկերչական արդիւնաբերութեան մէջ կարեւոր արժէք ունեցող քար է, որովհետեւ լոյսի թափանցելիութեան յատկութեամբ օժտուած է:
Ադամանդը կը խորհրդանշէ՝ չափաւորութիւն, ողջախոհութիւն, կը մեղմացնէ ցաւն ու տխրութիւնը։ Զայն կրողը կը դարձնէ անպարտելի։ Այս պատճառով ալ Նափոլէոն միշտ ադամանդ կը պահէր։ Յառաջացած է արաբական ելմազ բառէն։ Յոյները զայն կ’անուանէին ադամանդ, որ ծագած էր ընկճել, նուաճել բայերէն եւ կը նշանակէր անընկճելի։
Զիրքոն
Կ’օգտագործուի ջերմութիւնը դիմադրող սիմենթի եւ կղմինտրի ճարտարարուեստին մէջ։ Զիրքոնի թափանցիկ գրիստալները, յատկապէս կարմիրը եւ ճերմակը կ’օգտագործուին զարդեղէնի ճարտարարուեստին մէջ:
Զմրուխտ
Զմրուխտը կանաչ գոյներու բազմազանութիւն է: Քարերը դեղնաւուն կամ կապոյտ են, բայց միշտ կայ կանաչ երանգը: Որքան պայծառ է գոյնը, այնքան աւելի արժէքաւոր է քարը:
Ամենաբարձր որակ ունեցող զըմրուխտները թափանցիկ են:
Զմրուխտներուն մեծ մասը կ’արդիւնահանուի Քոլոմպիոյ մէջ, իսկ Պրազիլիոյ մէջ արդիւնահանուած զմրուխտը աւելի մաքուր ու թեթեւ է:
Աքուամրայն՝ Ծովակն
Աքուամրայնը ապակիի փայլք ունի։ Սրբազան քարատեսակ է` երիտասարդութեան ու յոյսի խորհրդանիշ։ Երկնագոյն, կանաչաւուն կամ սպիտակ բիւրեղեայ։ Անուանումը ստացած է իր գոյնին բերումով` լատիներէն աքուաջուր բառէն։ Ըստ աւանդոյթներու` այդ փայլաքարը նաւաստիները կը պահպանէր նաւաբեկութիւններուն ընթացքին։ Քարին բիւրեղները մեծ մասամբ համաչափ գունաւորում ունին։ Ծովակնին բնորոշ են կապոյտը եւ կանաչ-երկնագոյնը։ Պրազիլի երկնականաչաւուն ծովակները այնքան շատ են, որ կը կազմեն համաշխարհային արդիւնահանութեան կէս քանակը։