ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

-Շաբաթ օր Դամասկոս ժամանեց Սուրիոյ ֆութպոլի առաջին խումբի նորանշանակ մարզիչ, սպանացի Խոսէ Լանան։ Անոր հետ հասան նաեւ իր օգնականները: Աւելցնենք, որ Սուրիոյ ֆութպոլի Դաշնութիւնը  Խոսէյի հետ պիտի ստորագրէ երեք տարուան պայմանագրութիւն: Յիշենք, որ Խոսէ մարզական լաւ արդիւնքներ նուաճած է: Ան անցեալ ամսուան ընթացքին Սպանիոյ Ս-19-ի հաւաքականին հետ արժանացած է Եւրոպայի ախոյեանութեան, նոյն մրցանակին տիրացած է 2019-ին՝ Ս- 21-ի հաւաքականին հետ: Մարզած է սպանական խումբեր, ունի բազմաթիւ այլ նուաճումներ:
-Դամասկոսի Ուահտէի վարչութիւնը անցեալ շաբթուան ընթացքին ֆութպոլի խումբի մարզիչ նշանակեց ակումբի նախկին խաղացող Նիզար Մահրուսը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 2-րդ փուլի մրցումներուն, մայրաքաղաքի արքայական ակումբը Սանթիակո Պեռնապո մարզադաշտին վրայ 3 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վալատոլիտը: Հանդիպումի առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ 0 – 0 հաւասարութեամբ, որուն պատճառով յստակ էր անհանգստութիւնը     Ռէալի գլխաւոր մարզիչ Անչելոթիի, որ գոհ չէր կազմին խաղարկութենէն:  Երկրորդ կիսախաղի ընթացքին, ան քանի մը փոփոխութիւն կատարելով 49-րդ վայրկեանին յաջողեցաւ Վալվերտիի հեռաւոր գնդակով կոլերուն բացումը յաջողցնել: 68-րդ վայրկեանին դաշտ ուղղեց Իպրահիմ Տիազն ու Էնտրիքը, որոնք 87-րդ եւ 93-րդ վայրկեաններուն կրցան նշանակել կազմին երկրորդ եւ երրորդ կոլերը: Նոյն փուլի մըրցումներուն, քաթալոնէական Պարսելոնան 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլեթիքո Պիլպաուը:
ԷՐԼԻՆԿ ՀԱԼԱՆՏ ՑՆՑԵՑ ՓՐԵՄԻԷՐ ԼԻԿԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԲՈԼՈՐ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԴԱՐՊԱՍՆԵՐԸ
Ըստ անգլիական Opta թերթին, Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի 24-ամեայ նորվեկիացի յարձակող Էրլինկ Հալանտ կոլ նշանակած է Փրեմիէր լիկի բոլոր խումբերու դարպասներուն: Անգլիոյ առաջնութեան երկրորդ փուլին, քաթալոնէացի Խոսէփ Կուարտիոլայի գլխաւորած խումբը 4 – 1 արդիւնքով յաղթած է Իպիշեւիչին: Հալանտ դարձած է հաթրիքի հեղինակ։ Իպիշեւիչ  23-րդ խումբն է, որուն ի նպաստ Հալանտ առնուազն մէկ կոլ նշանակած է։ Ան  2022 թուականէն հանդէս կու գայ  մանչեսթրեան ակումբին կողմէ, որուն հետ 101 խաղի մասնակցելով նշանակած է  94 կոլ եւ  կատարած 14 կոլային փոխանցում։ Հալանտ արձանագրած է նաեւ 10 հաթրիք:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան