ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի «Վարդան Բախշեան» տարեկան բանակումը տեղի ունեցաւ 12-18 Օգոստոս 2024-ին, Քեսապի Էքիզոլուք շրջանի ՀՄԸՄ-ի բանակավայրէն ներս, մասնակցութեամբ մասնաճիւղի սկաուտական կազմին, գայլ-արծուիկ միաւորի նարնջագոյն, կապոյտ եւ կարմիր վոհմակ երամներուն, ինչպէս նաեւ փողերախումբի քոյր-եղբայրներուն: Մասնակցողներու ընդհ. թիւն էր 145։
Երկուշաբթի, 12 Օգոստոս 2024-ի առաւօտեան մասնակիցները ժամանեցին բանակավայր եւ անմիջապէս անցան ժրաջան աշխատանքի: Ոմանք տնակները մաքրեցին, ուրիշներ գոյքերը դասաւորեցին եւ այսպիսով ընթացք առաւ բանակումի յայտագիրը:
Սկաուտները բաժնուեցան ութը խումբերու, որոնք կը կրէին անունները ՀՄԸՄ-ական նահատակներու՝ Յակոբ Աստարճեանի, Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի, Էրիկ Գալստեանի, Վարդգէս Տէր Կարապետեանի, Գէորգ Հաճեանի, Վիգէն Զաքարեանի եւ Արտակ Իշխանեանի:
Բանակումը ընթացաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, տեսական եւ գործնական օգտաշատ գիտելիքներով։ Յայտագիրը կ’ընդգրկէր՝ դասախօսութիւններ, զրոյցներ, ձեռային աշխատանք, երգերու ու կանչերու ուսուցում, խաղեր, ինչպէս նաեւ խմբային աշխատանք, մարզանք քայլարշաւ, խրախճանք եւ ծովագնացութիւն։
Բանակողներուն կը յատկացուէր նաեւ ազատ ժամ՝ Քեսապի հրապարակը:
Ուրբաթ, 16 Օգոստոս 2024-ին, բանակավայր այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ.Տ.Մակար Սրբ.Արք.Աշգարեան, ընկերակցութեամբ՝ Քեսապի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ.Եսայի Վրդ.Էօրտէքեանի, Հալէպէն Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ.Պարիխանեանի եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, նաեւ ՀՄԸՄ-Ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Սուրիոյ Շրջ.Սկաուտ Խորհուրդին եւ վարչութեան անդամներուն։
Սրբազան հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդին եւ Խմբապետական Կազմին կողմէ։ Բանակող սկաուտները փողերախումբին ընկերակցութեամբ տողանցեցին բանակավայրէն ներս, ապա խմբովին երգեցին բանակումին անունը կրող Վարդան Բախշեանի յիշատակին նուիրուած երգը։
Մասնաճիւղի Սկ. Խորհուրդի լիազօր Թալին Յովհաննէսեան-Արոյեան բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր եւ հրաւիրեց զինք իր սրտի խօսքը ուղղելու:
Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ական իր ուսին պարտք ունի հայը հայ պահելու առաքելութիւնը՝ մեր մայրենի լեզուն օգտագործելով, հայրենիքին ծառայելու միջոցներ որոնելով եւ մեր անմահ հերոսներուն յիշատակը վառ պահելով։
Սրբազան հայրը գնահատեց պատասխանատուները եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ բանակող քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Այցելութեան ւարտին յիշատակի խմբանկար մը առնուեցաւ:
Շաբաթ, 17 Օգոստոսին, սկաուտները շեփորախումբին ընկերակցութեամբ մասնակցեցան մատաղօրհնէքին՝ Էսկիւրանի Ս.Աստուածածին մատրան մէջ:
Կիրակի, 18 Օգոստոսին, Ս.Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, սկաուտները մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան կազմակերպած աւանդական տողանցքին, որուն ընթացքին սկաուտները շեփորախումբին ընկերակցութեամբ Ս․ Աստուածածին եկեղեցիէն տողանցեցին դէպի Համալիր: Այնտեղ սրբազան հայրը ողջունեց բոլոր մասնաճիւղերու ՀՄԸՄ–ակաները եւ բարի երթ մաղթեց անոնց:
Երեկոյան ժամը 7:30-ին, Քեսապի բանակավայրէն ներս տեղի ունեցաւ խարուկահանդէս:
Խարուկահանդէսին ներկայ գտնուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ.Տ.Մակար Արք,Աշգարեանն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի դոկտ.Յարութիւն Սելիմեանը, հոգեշնորհ հայր սուրբեր, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամը, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան մեթր.Մարիա Գաբրիէլեան,Պատկան Մարմինի անդամներ, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Շրջ․ Վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Շրջ․ Սկաուտ Խորհուրդն ու խմբապետը, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի, Քեսապի եւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղերու վարչութիւններն ու սկաուտ խորհուրդները, հալէպահայ միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հրաւիրեալներ:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը բանակավայրէն ներս հնչեցուց Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց քայլերգները, ապա արտասանուեցան հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքեր:
Հայերէն բացման խօսք արտասանեց «Վարդան Բախշեան» բանակումի փոխպատասխանատու, փոխխմբապետ աքելա Հրակ Փայասեան, ապա արաբերէն խօսք՝ խմբապետուհի Մարիա Չաղլասեան:
Սկաուտները ներկայացուցին բացման պատկեր, երէց պարմանի քոյրերն ու եղբայրները ներկայացուցին բանակումի խմբակներուն անունները կրող ՀՄԸՄ-ական նահատակներուն կենսագրակաները, ինչպէս նաեւ բանակումի անունը կրող «Վարդան Բախշեանի» կենսագրութիւնը:
Ապա քոյրերն ու եղբայրները ներկայացուցին սկաուտական մարզանք, հայկական եւ արաբական պարեր, իսկ փողերախումբը ներկայացուց հաճելի յայտագիր մը: Ետքը փունջ մը ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ երգչուհի Լորի Կիւլումեան:
Խօսք առաւ Սկաուտ Խորհուրդի լիազօր Թալին Յովհաննէսեան-Արոյեան՝ ներկայացնելով բանակումի եօթնօրեայ աշխատանքը։ Ան բացատրեց կայմին իմաստը, որ կը ներկայացնէր Սարդարապատի Յուշարձանին անլռելի ղօղանջը, որպէս արտայայտութիւն հայ սկաուտին պահանջատիրութեան ձայնին։
Այնուհետեւ խբապետ Կարօ Տիշչեքէնեան հրաւիրեց սրբազան հայրը, որ իր ձեռամբ կատարէ Բ. կարգի վկայականի տուչութիւնը:
Խարուկահանդէսի աւարտին, սրբազան հայրը շնորհաւորեց ներկաներուն Ս․ Աստուածամօր Վերափոխման տօնը, ապա յորդորեց յարգել մեր նահատակներուն պատգամը եւ սերունդէ սերունդ փոխանցել զայն:
Խարուկահանդէսէն ետք, սկաուտները կատարեցին բանակումի փակման դրօշակի արարողութիւնը, ապա շրջանակ մը կազմելով երգեցին հրաժեշտի երգը՝ ընկերակցութեամբ Շրջանային խմբապետ Յակոբ Ուրիշիկեանի փողով նուագին։ Մասնակիցները խոստացան դարձեալ հանդիպիլ։
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Լորի Կիւլումեան ու իր ճոխ երգերով բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց։ Սկաուտները երգեցին ու շուրջ պարով միացան երգչուհիին։ Ապա յայտագիրը իր աւարտին հասաւ։
Սկաուտ խորհուրդին անունով կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելու բանակումին։ Շնորհակալութիւն յատկապէս՝ Ճինիշեան Հաստատութեան, ՍՕ Խաչի «Դարմանատան», Նպաստից Յանձնախումբին եւ բոլոր նուիրատուններուն: