Հինգշաբթի, 29 Օգոստոս 2024-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ ալ-Խազէն:
Այս առիթով, դեսպան ալ-Խազեն հայրապետին պարզեց Վատիկանի կողմէ տարուող աշխատանքները՝ Լիբանանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն լուծում տալու ճիգերու շուրջ: Դեսպանը նաեւ Վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Վատիկանի մէջ վերջերս Նորին Սրբութեան տուած դասախօսութեան դրական արձագանգներուն մասին տեղեկութիւններ։
Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, իր արժեւորումը ներկայացուց Լիբանանի ներքին ներկայ կացութեան գծով։ Զրուցակիցները արծարծեցին Լիբանանը ներկայ տագնապէն դուրս բերելու կարելիութիւնները: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադարձ կատարելու Վատիկանի պետական քարտուղար քարտինալ Փարոլինի Լիբանան կատարած այցելութեան մասին։