Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հասարակական ցանցի վրայ իր կատարած գրառումով անդրադարձած է մօտ ապագային Netflix-ի վրայ հրապարակուելիք «Famagusta» ֆիլմաշարին:
Նախարարութեան գրառումին մէջ յիշուած է, թէ ֆիլմաշարը կ’աղաւաղէ պատմական իրողութիւնները եւ կը հանդիսանայ Կիպրոսի քարոզչութեան առարկայ:
«Թուային հարթակներէն մէկուն մէջ հրապարակուելիք «Famagusta» անունով ֆիլմաշարը, խեղաթիւրելով պատմական փաստերը, կը ծառայէ Հարաւային Կիպրոսի յունական կառավարութեան սեւ քարոզչութեան»:
Թրքական արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը յայտնած է, որ պատմական խեղաթիւրումը կը վերաբերի 1963-1974 ժամանակահատուածին, որուն ընթացքին կիպրոսցի թուրքեր սպանուած են:
Գրառումին մէջ ըսուած է, որ վերոյիշեալ ֆիլմաշարը անարգանք է այդ տարիներուն, ըստ իրենց, յոյներու կողմէ
սպանուած թուրքերու նկատմամբ: Այս պարագային Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան գրառումին մէջ յոյները որակուած են «արիւնով կուրացած կիպրոսցի յունական ցեղեր»:
«Փաստերը այլ կերպ արտացոլացնելու նման ապարդիւն փորձերը աւելի կ’ամրապնդեն մեր ազգային դատի՝ Կիպրոսի հարցով պայքարելու վճռականութիւնը», ըսուած է գրառումին մէջ:
Աւելցնենք, որ ֆիլմաշարին դէպքերը տեղի կ’ունենան Կիպրոսի Ֆամակուսթա քաղաքը: Անոր կարճ նկարագրութեան համաձայն, 1974-ի ամռան՝ Կիպրոս թրքական ներխուժման ընթացքին, Ֆամակուսթայի մէջ ապրող զոյգ մը կը կորսնցնէ իր երեք ամսուայ երեխան եւ ստիպուած կը լքէ քաղաքը՝ բռնութեան ենթարկուելով:
«Famagusta» յունարէն անուանումին ֆրանսական աղաւաղումն է, որ կը նշանակէ «աւազի մէջ թաղուած» եւ կը նկարագրէ Կիպրոսի ամենաերկար գետի՝ Պեթիեոսի տիղմուած գետեզերքը: