ԻՆՉՊԷ՞Ս ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ՄԱՆՈՒԿԸ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ
Վերամուտի նախօրէին ծնողները ամէն ճիգ կը թափեն իրենց զաւակները նախապատրաստելու ուսումնական նոր տարուան։
Սփիւռքի պայմաններուն մէջ հայ ծնողքին համար առաջնահերթութիւն է հայեցի դաստիարակութիւնը, ազգային դիմագիծի պահպանումը։ Տնտեսական ներկայ պայմանները որոշակի դժուարութիւններ կը ստեղծեն վերամուտի նախօրէին, յատկապէս սահմանափակ եկամուտ ունեցող ծնողներու համար։
Այս բոլորէն անկախ, սակայն, ծնողքը հարկ է որ հոգեպէս նախապատրաստէ մանուկը կամ պատանին նախքան վերամուտը, յատկապէս երբ ան առաջին անգամ կը մեկնի դպրոց։ Հետեւաբար.
Ա- Զրուցեցէ՛ք դպրոցի մասին։ Զրոյցը մանուկին ապահովութեան զգացում կը հաղորդէ: Կրնաք քննարկել դպրոցի առօրեան, թէ ի՛նչ պիտի ընէ դպրոցը, որո՛նց պիտի ծանօթանայ, ե՛րբ տուն պիտի վերադառնայ եւ այլն։
Բ- Ձեր զաւկին հետ միասին, իր նախասիրած գոյներով գրենական պիտոյք գնեցէ՛ք։
Գ- Դպրոցի համար սննդարար ուտեստ պատրաստեցէ՛ք եւ տեղաւորեցէ՛ք իր սակառին մէջ։ Ընտրեցէ՛ք այնպիսի ուտեստներ, որոնք դիւրաւ կրնայ ուտել եւ չաղտոտել ձեռքերն ու իրերը։
Դ- Արտադպրոցական ժամերը ծրագրեցէ՛ք, որպէսզի դպրոցական ծանրաբեռնուածութիւնը մեղմացնէք։ Միասին որոշեցէ՛ք, թէ դպրոցէն վերջ ի՛նչ պիտի ընէք, ո՛ւր պիտի այցելէք եւ այլն։
Ե- Մի՛ ծանրաբեռնէք երեխան։ Առաջին օրերուն ձեր զաւկին դաս սորվելու ժամերը մի՛ խճողէք։ Նկատի առէ՛ք որ մանուկը օրուան ընթացքին պէտք է հանգստանայ եւ խաղայ։
Զ- Փորձեցէ՛ք ծանօթանալ դպրոցական միջավայրին եւ ուսուցիչներուն։ Եթէ նոյնիսկ կը ճանչնաք այլ երեխաներ,որոնք նոյն օրը դպրոց պիտի մեկնին, փորձեցէ՛ք հանդիպում մը կազմակերպել, որպէսզի երեխաները իրարու ծանօթանան եւ դիւրաւ ընկերանան: Ձեր զաւկին հետ միասին այցելեցէ՛ք դպրոց նախքան վերամուտը, շրջեցէ՛ք բակին մէջ, երեխան ծանօթացուցէք իր դասարանին եւ ուսուցիչներուն:
Է- Մանուկին ֆիզիքական թերութիւններն ու խօսելու, լսելու, տեսնելու եւ այլ տկարութիւնները, յաճախ պատճառ կը հանդիսանան դպրոցական բազմաթիւ ձախողութիւններու, հետեւաբար այցելեցէ՛ք բժիշկին, քաջածանօթ եղէ՛ք ձեր զաւկին առողջապահական հարցերուն, որպէսզի անհրաժեշտ հոգատարութիւնը եւ դեղերը ապահովէ՛ք ու բժիշկին հետ խորհրդակցաբար բուժման նպաստէք։
Ը- Յաճախ ծնողներ կը դժգոհին շաբաթական դասացուցակին ծանրաբեռնուած ըլլալէն, մանաւանդ հայերէն լեզուի պահերէն։ Մի՛ մոռնաք, որ մայրենին նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է մանուկին համար, որքան մնացեալ դասանիւթերը։ Ուստի քաջալերեցէ՛ք որ ան օրական ժամանակ տրամադրէ հայերէն դասերուն։
Թ- Մի՛ անտեսէք մարզանքը։ Առողջ միտքը առողջ մարմնի մէջ կը զարգանայ։ Ուստի քաջալերեցէ՛ք մարզանքը ու ձեր
զաւակը ուղղեցէ՛ք մարզական սրահներ։
Ժ- Մի՛ յանդիմանէք զայն, եթէ դժուարանայ դաս սորվելու ատեն, կամ ցած գնահատանիշ ապահովէ։ Համբերատար ու քաջալերող եղէք միշտ, որպէսզի չկաշկանդէք երեխան։ Գնահատանիշը յաջողութեան միակ չափանիշը չէ։
Համբերութիւն եւ իմաստութիւն կը մաղթենք բոլոր ծնողներուն։ Մանկավարժական մօտեցումները մտահան մի՛ ընէք ու անհրաժեշտութեան պարագային դիմեցէ՛ք մասնագէտի խորհուրդին։
Բարի վերամուտ։
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան