Զանգեզուրի միջանցքը կեղծ միջանցք է ու չի բխիր տարածաշրջանի երկիրներու շահերէն, ուստի Իրանը վճռականօրէն դէմ է անոր: Այս մասին Mehr գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի նախագահ Իպրահիմ Ազիզի։
«Կան ձեռքեր, որոնք կ’աշխատին այդ միջանցքին պատրուակով տարածաշրջանի մէջ Իրանի զինուորական եւ քաղաքական հզօրութիւնը նուազեցնել։ Մենք կը զգուշացնենք նման պատրանքներ ունեցողները, որ նման որոշումներուն հետեւանքները ծանր եւ թանկ պիտի ըլլան իրենց համար», ըսած է ան։
Ազիզի յայտարարած է, որ Իրան ղեկավարուելով առողջ բանականութեամբ՝ չի ձգտիր տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւն ստեղծել, բայց նաեւ աւելցուցած է, որ երկիրը կը պաշտպանէ ինքզինք, եթէ տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիք ըլլայ։
Ապա աւելցնելով ըսած է, որ Իրան ուշադիր կը հետեւի Հարաւային Կովկասի զարգացումներուն ու կը շեշտէ, որ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը կարմիր գիծ է Իրանի համար։ Հետեւաբար այդ առումով որեւէ փոփոխութիւն վճռական պատասխան պիտի ստանայ Իրանի կողմէ։
Թեհրան բազմիցս յայտարարած է, որ դէմ է Հայաստանի տարածքով արտատարածքային միջանցքի բացումին, ինչպէս Յուլիսի վերջաւորութեան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած էր Իրանի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամինէին ու աւելցնելով ըսած, որ Թեհրան, ինչպէս միշտ, կը նկատէ, որ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի գաղափարը չի բխիր Հայաստանի շահերէն: Խամինէին ընդգծած էր նաեւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան կարեւորութիւնը եւ նշած էր, որ հայ-իրանական յարաբերութիւնները կը զարգանան փոխադարձ շահերու հիման վրայ՝ անկախ այլ երկիրներու քաղաքականութենէն: