Կիրակի, 8 Սեպտեմբեր 2024-ի գիշերուան ժամը 23։20-ին, Իսրայէլ Լիբանանի հիւսիսարեւմտեան ուղղութենէն հրծիռակոծեց Սուրիոյ Համա նահանգի հարաւարեւմուտքը գտնուող Մսեաֆ քաղաքի զինուորական կեդրոնները:
Հրթիռակոծման հետեւանքով 3 նահատակ եւ 15 վիրաւոր արձանագրուեցան:
Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը հակադարձելով վար առին հրթիռներուն մէկ մասը: