Համայի հարաւարեւմուտքը գտնուող Մսեաֆ քաղաքի շրջակայքին վրայ իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով նահատակներուն եւ վիրաւորներուն թիւը բարձրացաւ:
Մսեաֆի պետական հիւանդանոցի տնօրէն տոքթ. Ֆայսալ Հայտար յայտնեց, որ յարձակումին հետեւանքով նահատակներուն թիւը հասաւ 17-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 43-ի:
Համայի նահանգապետ Մաան Ապպուտ այցելեց Մսեաֆի պետական հիւանդանոց փոխադրուած վիրաւորներուն եւ կոչ ուղղեց հիւանդանոցի անձնակազմին ճիգ չխնայելու եւ բժշկական անհրաժեշտ ծառայութիւնները մատուցելու անոնց:
Յիշենք, որ յարձակումին հետեւանքով Մսեաֆ-Ուատիլ Աայուն մայր ճամբան վնասուեցաւ, իսկ Հիր Ապպաս շրջանին մէջ հրդեհ բռնկեցաւ։ Հրշէջները մինչեւ այս պահը կը փորձեն շիջանել զայն: