Կիրակի, 8 Սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ս. Աստուածածինի ծննդեան եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօներուն առիթով, եպիսկոպոսական անդրանիկ Պատարագ մատուցեց, Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագին ներկայ գտնուեցան Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի ծառայութեան շքանշանակիր Սարգիս Աբրահամեան, Տէրիքի, Հասիչէի եւ Գամիշլիի թաղական խորհուրդները, կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերը, ՍՕԽաչի «Սարդարապատ», «Լոռի» եւ «Արցախ» մասնաճիւղերու վարչութիւնները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, որ ուխտաւորաբար ժամանած էր Ճեզիրէի զանազան շրջաններէն:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դպրաց դասի հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներուն կողմէ:
Սրբազան Հօր առընթերականերն էին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան:
Պատարագի ընթացքին, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը բարի գալուստ մաղթեց եւ Ճեզիրէի ժողովուրդին անունով երախտագիտութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, որ հայրաբար կը հոգայ իր հօտին, հովուական այցելութիւններով զօրավիգ կը կանգնի անոր եւ տօնական օրերուն բաժնեկից կը դառնայ անոր ուրախութեան: Հայր Սուրբը մաղթեց, որ Ամենակալը առաւել ոյժ, կորով եւ քաջառողջութիւն պարգեւէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որպէսզի իր ուսերուն դրուած ծանր, բայց քաղցր առաքելութիւնը յաջողութեամբ յառաջ տանի:
Սուրբ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, խմբավարութեամբ՝ Բարշ. Յակոբ Ա.Սրկ. Պարսումեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի։

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ ընդհանուր պատկերի մէջ ներկայացուց Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինի անձին եւ նկարագիրին հետ առնչուած առաքինութիւնները եւ անդրադարձաւ այն յատկանիշերուն, որոնցմով Ս. Աստուածածինը բնորոշուեցաւ: Սրբազան Հայրը Ս. Աստուածածինի բոլոր առաքինութիւններուն կողքին մատնանշեց Աստուածամօր հեզութիւնը, խոնարհութիւնը եւ Աստուծոյ կամքին կատարեալ հնազանդութիւնը: Այդ տուեալներու լոյսին տակ, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ներկաները, օրուան տօնին առիթով իրենց անձերը ինքնաքննութեան ենթարկելու յարաբերաբար Աստուածամօր պատկերին՝ իր փոքր տարիքէն մինչեւ հասունացման տարիքը, տեսնելու, թէ ի՞նչ կերպ այդ ազնուութիւնը, խոնարհութիւնը եւ Աստուծոյ կամքին կատարեալ հնազանդութիւնը կը դրսեւորենք մեր կեանքին մէջ։ Սրբազան Հայրը հարց տուաւ, ըսելով, որ արդեօք հե՞զ ենք, խոնա՞րհ ենք, Աստուծոյ կամքին հնազա՞նդ ենք: Այդ ուղղութեամբ ան անդրադարձաւ կարեւոր ճշմարտութեան մը, թէ առանց Աստուածամօր տիպարին մեր կեանքին մէջ եւ իրեն նման սուրբերուն եւ սրբուհիներուն ապրած կեանքին հետեւելով եւ անոնցմէ օրինակուելով, դժուար որ մենք այս հրապուրիչ եւ մեղքերով լեցուն աշխարհին մէջ, ամէնօրեայ դրութեամբ զանազան աշխարհիկ երեւոյթներով ռմբակոծուելով հանդերձ ճշմարտութեան դիմաց կարենանք կուրծք պարզել, հաւատքի մեր կեանքը ապրիլ, առաքինութիւններով փայլիլ եւ անոյշ բուրել: Ինչպիսի՞ կեանք մը պէտք է ապրինք, արդեօք կը զգա՞նք Աստուծոյ ներկայութիւնը, արդեօք Աստուած կը հաճի՞ մեր ապրած կեանքին, այնպէս ինչպէս հաճեցաւ իր Միածին Որդիով, երբ երկու առիթներով արտայայտուեցաւ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ», ինչպէս նաեւ հաճեցաւ Աստուածամօր՝ երկինքը թողելով գալու եւ անոր արգանդին մէջ բնակելու: Մենք արդեօք ի՞նչ կերպ կ’ապրինք մեր կեանքը: Արդեօ՞ք մեր կեանքը որպէս հաւատքի օրինակ հաճելի է Աստուծոյ եւ Աստուած ուրախութեամբ կու գայ, մեր մէջ կը բնակի եւ իր ներկայութիւնը շօշափելի կը դարձնէ: Ահաւասիկ մարտահրաւէրներ: Աստուածամայրը ամէնօրեայ դրութեամբ իր կենդանի օրինակով մեզ կը հրաւիրէ այդ ճշմարտութեան դէմ յանդիման կանգնելու եւ այդ ուղղութեամբ նաեւ աշխատանք տանելու, որպէսզի մենք ալ սրբութեան, առաքինութեան եւ կատարելութեան աստիճաններուն վրայէն բարձրանանք եւ նմանինք իրեն:
Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ հայր սուրբը, Տէրիքի քահանայ հայրը, թաղական խորհուրդը, եկեղեցասիրաց տիկնաց յանձնախումբը, դպրաց դասը եւ տեղւոյն ժողովուրդն ու ուխտաւորները, Աստուածամօր բարեխօսութեամբ աստուածային ողորմութիւնը խնդրեց, նաեւ աղօթեց, որ աշխարհով մէկ խաղաղութիւն տիրէ եւ մեր սրտերուն մէջ հանգչի աստուածային խաղաղութիւնը, որպէսզի կարողանանք բոլորս միասին մեր հաւատքի կեանքը ապրիլ, վկայել մեր քրիստոնէական կրօնին եւ սկզբունքներուն մասին եւ մեր կեանքով փառաւորել զԱստուած, այնպէս ինչպէս Աստուածամայրը իր կեանքով, իր խօսքով, իր մտածումներով, իր առաքինութիւններով զԱստուած փառաւորելու քնար մը դարձաւ, երաժշտական անոյշ գործիք մը դարձաւ եւ ամբողջ իր կեանքի ընթացքին Աստուած փառաւորուեցաւ եւ Աստուած ալ զինք փառաւորեց եւ բարձրացուց:
Աւարտին, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Մարիամ, Մարիա, Մարի, իսկուհի, Սրբուհի, Թագուհի, Տիրուհի, Վարդուհի անունները կրող օրիորդներն ու տիկինները:
Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի փողերախումբը հայրենասիրական երգերով ոգեւորեց ներկաները: Սրբազան Հայրը մատաղօրհնէք կատարեց, հոծ հաւատացեալներու ներկայութեան: Ապա, ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի փողերախումբն ու սկաուտները, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի Տէրիքի սկաուտական կորիզի անդամները Տէրիքի մայր պողոտայէն ներս առաջին անգամ ըլլալով քայլարշաւ կատարեցին:
Սրբազան Հայրը կրկին անգամ գնահատեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ հայր սուրբը, Տէրիքի քահանայ հայրը, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, դպրաց դասը, եկեղեցասիրաց տիկնաց յանձնախումբը եւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբն ու սկաուտները՝ իրենց ազգանուէր եւ եկեղեցանուէր ծառայութեան համար:
Յիշենք, որ հարիսայի պատրաստութիւնը կատարած էր եկեղեցասիրաց տիկնաց յանձնախումբը, ատենապետութեամբ տիրամայր Լոյս Վարդ Սարգիսեանի: Աւարտին, Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս տեսակցութիւն ունեցաւ Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տէրիքի թաղական խորհուրդներուն, ՍՕԽաչի «Արցախ», «Լոռի» եւ «Սարդարապատ» մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ ուխտաւորներուն հետ, որոնք եկած էին Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալու: