Երկուշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2024-ին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան պատուիրակութեամբ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտէ Սապպաղին։
Սրբազան Հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան մեթր Մարիա Մանուկ Գաբրիէլեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամը, Ազգ. Վարչութեան անդամներ եւ ազգայիններ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յանուն թեմի ժողովուրդին եւ ժողովականութեան, շնորհաւորեց Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահը՝ իր վերընտրութեան առիթով եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոր։ Սրբազան Հայրը այս առիթով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց խորհրդարանի նախագահին։