Երկուշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2024-ին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան այցելեց Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուսին։

Սրբազան Հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան մեթր Մարիա Մանուկ Գաբրիէլեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամը, Ազգ. Վարչութեան անդամներ եւ ազգայիններ։

Հանդիպումին լուսարձակի տակ առնուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանին առաքելութիւնը, յատկապէս երկրի դժուար պայմաններուն ներքոյ։

Մեծարգոյ վարչապետը իր զօրակցութիւնը յայտնելով պատրաստակամութիւն յայտնեց կարելի եղած դիւրութիւնները ընծայելու Սուրիոյ բնակչութեան բոլոր բաղադրիչներուն եւ սուրիական հայրենիքը առաջնորդելու դէպի բարօրութիւն եւ բարգաւաճութիւն։

Սրբազան Հայրը, յանուն թեմի ժողովուրդին եւ ժողովականութեան, բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց վարչապետին եւ բարօր ու խաղաղ օրեր՝ սուրիական հայրենիքին։