Հայաստան Թուրքիոյ փոխանցած է Անիի կամուրջի վերականգնումի իր տարբերակը։ Այս մասին Sputnik Արմենիայի հարցումին ի պատասխան յայտնած են Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութենէն։
«Հայաստան Թուրքիոյ փոխանցած է պատմական Անիի կամուրջի վերականգնումի աշխատանքներու իրականացման առնչուող արձանագրութեան նախագիծի՝ Հայաստանի խմբագրութեամբ տարբերակը», ըսուած է հարցումին որպէս պատասխան։
Կը նշուի, որ Թուրքիա Հայաստանին փոխանցած էր կամուրջի վերականգնումի իր տարբերակը Փետրուար 2024-ին։
Կայքը կը յիշեցնէ, որ  Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց  նախարար Արարատ Միրզոյեան 15 Փետրուար 2023-ին Անգարայի մէջ իր պաշտօնակիցին հետ տեղի ունեցած միատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած էր, որ Հայաստան ու Թուրքիա կը վերանորոգեն Անիի սահմանային կամուրջը։