ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրո Մանոյեանի «Դէպի Կայուն Եւ Երկարարժամկէտ Խաղաղութիւն» խորագիրով ելոյթը քննարկման լսարանին դիմաց.
Վերնագիրին մէջ նշուած քանի մը բառերու, եզրոյթներու սահմանումը, աւելի ճիշդ՝ գաղափարական ըմբռնումի սահմանումը պէտք է կատարել, որպէսզի յետոյ ըսուելիքները իմաստ ունենան.
Սփիւռքը ընդհանրապէս կ’ընկալուի որպէս Հայաստանէն, ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս ապրող հայութիւնը. բայց այս մէկը ոչ-ամբողջական բացատրութիւն է: Այսօր արդէն կը խօսուի հայկական ոչ թէ մէ՛կ Սփիւռքի, այլ Սփիւռքներու մասին: Եթէ 25 տարի առաջ կարելի էր խօսիլ յատկապէս Ցեղասպանութեան հետեւանքով աշխարհասփիւռ եղած զանգուածներու կողմէ ձեւաւորուած Սփիւռքի եւ 1970-ականներէն՝ Խորհրդային եւ ապա վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութենէն արտագաղթածներով ձեւաւորուած շերտի մասին, այսօր արդէն այս տեսակաւորումը ա՛լ աւելի շերտաւորուած է՝ հայախօս, ոչ-հայախօս եւ այլ շերտերով:
Երկրորդը «հաւաքական ներուժ»-ն է. հայկական Սփիւռքի կամ Սփիւռքներու հաւաքական ներուժը ամբողջութիւնն է այն ներուժին որ առկայ է թէ՛ որպէս հաւաքականութիւններու եւ թէ որպէս առանձին անհատներու ներուժը եւ այս՝ ոչ մէկ ձեւով միասնական, համադրուած ներուժ է: Այդ ներուժը բազմաբնոյթ  է՝ մշակութայինէն մինչեւ առողջապահութիւն եւ առեւտուր, ֆինանսականէն մինչեւ բարձր ճարտարագիտութիւն, եւ ինչ որ իմաստով՝ գրեթէ անսահմանափակ: Իրականութիւն է նաեւ, որ ո՛չ Խորհրդային Հայաստանի եւ ոչ ալ՝ վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան օրերուն՝ այս ներուժը կարելի եղած է սահմանել։ Այսպէս եղած է ոչ թէ տեղեկահաւաքը ճիշդ կամ լաւ  չկազմակերպուելու հետեւանքով, այլ՝ որովհետեւ խնդիրը տեղեկահաւաքի մէջ չէ, այլ տեղ է. ու՞ր… քիչ ետք կ’ըսեմ:
Երրորդը՝ «թիրախային ներգրաւուածութիւնը՝ համահայկական օրակարգի բնագիրին մէջ»:
Նախ պէտք է սկսիլ «համահայկական օրակարգէն». «համահայկական օրակարգը» իմ պատկերացմամբ՝ կ’ընդգրկէ թէ՛ պետութեան պահպանման ու հզօրացման, եւ թէ Սփիւռքի պահպանման ու հզօրացման համար կենսական խնդիրները, եւ «թիրախային ներգրաւուածութիւնը» կը վերաբերի բոլո՛ր ոլորտներուն մէջ այդ ներուժի ներգրաւուածութեան: Այլ խօսքով՝ թէ երկրի տնտեսութեան՝ բոլոր ոլորտներով եւ ճիւղերով, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան, բարձր ճարտարագիտութեան եւ պաշտպանութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, արդարադատութեան եւ որեւէ այլ բնագաւառի մէջ, իսկ Սփիւռքի կամ Սփիւռքներու պարագային՝ կրթական, մշակութային, քաղաքական ազդեցութեան, լայն իմաստով տնտեսական հնարաւորութիւններու ընդարձակման շուրջ կարելի է «համահայկական օրակարգ» ձեւաւորել եւ այդ օրակարգի հարցերու լուծման համար օգտագործել ո՛չ միայն Սփիւռքի հաւաքական ներուժը, այլ նաեւ՝ պետութեան ամբողջ եւ հայ ազգի հաւաքական ներուժը. ոչ միայն պետական կառոյցներու, այլ նաեւ հասարակութեան տարբեր շերտերու, խումբերու եւ առանձին անհատներու ամբողջական ներուժը:
Որոշ գնահատականներ պիտի տամ, կատարեմ հաստատումներ, որոնք չեն վերաբերիր միայն Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններուն: Տարբերութիւնը այն է, որ ներկայ իշխանութիւնները մեծաւ մասամբ ապիկար են եւ որ աւելի վատը այն է, որ կ’առաջնորդուին մէկու կողմէ՝ ո՛ր կա՛մ ինչ-ինչ պատճառներով անմեղսունակ է, կամ՝ որ աւելի հաւանական է՝ այլ առաքելութեամբ եկած է իշխանութեան կամ բերուած, դուրսի ուժերու կողմէ բերուած իշխանութեան ղեկին:
Այսպէս. «համահայկական օրակարգը» ընդհանրապէս հասկցուած է որպէս հայկական պետութեան վերաբերեալ օրակարգ. խօսք չէ եղած, կամ քիչ  եղած է Սփիւռքի (կամ Սփիւռքներու) կարիքներուն վերաբերող օրակարգի մասին: Եթէ ըլլար, պիտի ըսուէր որ Սփիւռքի գոյութիւնը երկարաձգելու համար կենսական է «Հայաստան՝ երկիր դրախտավայր»-ի տեսլականի պահպանումը: Վերանկախացման առաջին տարիներուն, խօսք կար  նոյնիսկ այն մասին, որ այս պետութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը պատկանի միայն անոնց՝ որոնք այստեղ կ’ապրին, իսկ այս պետութեան մէջ կրնան ապրիլ այնքան մարդիկ միայն՝ որոնց այս պետութիւնը կրնայ կերակրել: Մեր՝ Դաշնակցութեան համոզմամբ, «ազգը՝ իբրեւ պատմական, մշակութային, լեզուական եւ ընկերային-քաղաքական ուրոյն ամբողջութիւն, հիմնական արժէք է եւ էական գործօն՝ համամարդկային զարգացման ու հոգեմտաւոր բազմակողմանի հարստացման: Ազգը մարդկային ընկերութեան զարգացման ամենակենսունակ միջավայրն է, ուր անհատը ձեռք կը բերէ հոգեմտաւոր բարգաւաճման լայն հնարաւորութիւն, լիակատար հաղորդակցութեան եւ սեփական կարողութեանց զարգացման առաւելագոյն կարելիութիւն»:
«Ամէն ազգի բնական եւ անկապտելի իրաւունքը կը կազմէ սեփական հայրենիքը – իր պատմական-աշխարհագրական բնօրրանը – իբրեւ ինքնուրոյն գոյատեւման,  յառաջդիմութեան եւ ստեղծագործութեան կենսական ազդակ: Իր հայրենի տարածքին վրայ իւրաքանչիւր ազգի գոյատեւման երաշխիքը անկախ եւ իրաւական պետականութիւնն է: Ան կը մարմնաւորէ [պէ՛տք է մարմնաւորէ] ազգի քաղաքական կամքը, կը պաշտպանէ [պէ՛տք է պաշտպանէ] անոր շահերը եւ կ’ապահովէ [պէ՛տք է ապահովէ] անոր անվտանգութիւնն ու ինքնուրոյն զարգացումը: Անկախ պետականութիւնը նաեւ նախապայման է ընկերութեան բնականոն յառաջընթացին»:
Բայց այսօր ի՞նչ կը տեսնենք. ոչ միայն ազգն ու պետութիւնը, այլեւ՝ ազգայինն ու պետականը արհեստականօրէն իրարու կը հակադրուին: Երկար ժամանակ մեր սեփական պետականութիւնը եւ կամ անկախ պետականութիւնը չունենալուն կը վերագրուի որ մենք՝ հայերս չունինք պետական մտածողութիւն եւ կ’առաջարկուի, նոյնիսկ կը պարտադրուի որ այս պետականութիւնը դատարկուի իր ազգային նկարագիրէն: Կը պարտադրուի արհեստականօրէն խեղաթիւրել, աղճատել մեր անցեալը, հետեւաբար նաեւ մեր ներկայի ընկալումն ու ապագայի տեսլականը: Եւ ասիկա կը ներկայացուի որպէս «նոր», «իրական» Հայաստան կերտելու ճիգ: Պարզ է, որ նման մօտեցումով, այսպիսի «գաղափարական լիցքով»  – աւելի ճիշդ՝ այսպիսի ապազգային գաղափարական սնանկութեամբ – գոյութիւն չունի եւ չի կրնար ըլլալ համահայկական օրակարգ: Այսպիսի ապազգային գաղափարական գծով, միայն կարելի է տեսնել սեփական – ոչ թէ՝ պետական – սեփական շահը եւ այդ շահին համար՝ մնացածին, մեր կողքինին, մեր դիմացինին, դրսեցիին կարողութիւնները օգտագործելու, շորթելու հնարաւորութիւնը: Այս հակազգային գաղափարախօսութեամբ  – եթէ կարելի է այդպէս կոչել զայն – առաջնորդուելով միայն կարելի է 1990 թուականին Հայաստանի առաջին գումարման Գերագոյն խորհուրդի ընտրութիւններուն Մարտունիէն, Մարտակերտէն, Ստեփանակերտէն ու Արցախի այլ բնակավայրերէն մասնակցած, տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիր կրած տասնեակ հազարաւոր մարդոց մէկ օրուան մէջ ըսել, որ «դուք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի չէք. այդ անձնագիրը ընդամէնը ճամբորդական փաստաթուղթ է»:
Ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ամբողջութեամբ, պետական համակարգով եւ ժողովուրդով ու հասարակական շերտերով ու անհատներով, ե՛ւ Սփիւռքը (Սփիւռքները)՝ իր/ենց համայնքներով, կառոյցներով, խմբակցութիւններով ու անհատներով իրականութեան մէջ ունին անհրաժեշտ ներուժ, որ կը բաւարարէ ամբողջ ազգին, ներառեալ պետութեան բազմապիսի կարիքները հոգալուն: Քիչ առաջ կ’ըսէի, որ խնդիրը այն չէ, որ այդ ներուժի մասին լաւ տեղեկահաւաք չէ եղած, խնդիրը այն է, որ մեր պետականութիւնը պէտք է ըլլայ այնպիսին, որ որպէս ազգի «ինքնուրոյն գոյատեւման,  յառաջդիմութէան եւ ստեղծագործութեան կենսական ազդակ», դէպի իրեն ուղղէ այդ ներուժը: 1988 թուականէն եղած են պահեր, ակնթարթներ, երբ մեր պետականութիւնը, իր երկու՝ Արցախի ու Հայաստանի Հանրապետութիւններով, սկսած է այդ ձգողականութիւնը դրսեւորել: Բայց արդէն 9 Նոյեմբեր 2020-էն յետոյ, ՀՀ ներկայ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան պատճառով, սկսած է ինքնիրմէ՝ Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ երբեմն ալ՝ ընդհանրապէս հայկականութենէն հայերը վանելու գործընթաց:
Տարիներ առաջ, մեր կուսակցութիւնը փորձագէտներէ կազմուած խումբի մը պատուիրեց ուսումնասիրութիւն մը կատարել եւ անոր վրայ հիմնուած ծրագիր մշակել՝ նուազեցնելու Հայաստանի Հանրապետութենէն արտագաղթը եւ խթանելու ներգաղթը: Եզրակացութիւնը եղաւ այն, որ նման առանձին ծրագիր չի կրնար գործել՝ եթէ երկրի ամբողջ վիճակը չբարեփոխուի, եթէ չվերանան պետական կառավարման բոլոր թերացումներն ու սխալները, եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չդառնայ այնպիսի հայկական պետութիւն, որ հայկական ինքնութիւն դաւանող մարդոց հպարտութիւն կը ներշնչէ, եւ որպէս արդիւնք՝ դէպի իրեն կ’ուղղէ հայեր, մեծ թիւով հայեր: Ահա այստեղ է այս նիւթի վերնագրի հարցադրումին բանալին ու պատասխանը. Հայաստանի Հանրապետութիւնը – ի վերջոյ նաեւ Արցախի Հանրապետութիւնը – պէտք է վերածենք այնպիսի պետութեան, ուրկէ ոչ միայն մարդիկ ստիպուած չեն զգալ հեռանալու, այլ ընդհակառակը՝ ան դէպի իրեն կ’ուղղէ ողջ հայութիւնը, կամ առնուազն մեծ մասը հայութեան այն հատուածին, որ ունի ազգայի՛ն մտածողութիւն, աշխարհահայեացք, եւ այս ուղղութեամբ առնուազն մասնակի յանձնառութիւն:
Հայ ժողովուրդի, ամբողջ հայ ժողովուրդի, ոչ միայն Սփիւռքի հաւաքական ներուժը՝ համահայկական օրակարգի շուրջ ներգրաւելու համար այստեղ բնակիլը կարեւոր է, բայց միակ միջոցը չէ: Կարելի է կերտել այնպիսի պետականութիւն, որ աշխարհի մէկ հեռաւոր անկիւնին մէջ, հայութենէն հեռու ապրող մէկ հայ գիտնական՝ փափաքի – եւ աւելի կարեւորը՝ պետութենէն հնարաւորութիւն ստանայ – իր մասնագիտական ներդրումը ունենալու երկրի զարգացման մէջ:
Եղաւ ժամանակ, երբ խրախուսելու համար սփիւռքահայ գործարարներուն այստեղ ներդրում կատարելը, կ’ըսուէր «Եկէք, զուտ առեւտրական շահի տեսանկիւնէն ներդրում ըրէք, հայրենասիրութեան կարիք չկայ»:
Չի կրնար այդպիսի բան ըլլալ. առանց հայրենասիրութեան՝ հայ մարդը զուտ շահադիտական նպատակներով ներդրում չ’ընէր այստեղ. զուտ շահադիտական նկատառումներով ներդրում ընելու համար այստեղէն շատ աւելի շահաւէտ վայրեր, երկիրներ կան: Հայը՛, հայրենասէ՛ր հայը, անկախ բնակութեան վայրէն եւ ունեցած քաղաքացիութենէն, Հայաստանի մէջ այնքան ներդրում պիտի ընէ – իսկ պետութիւնը ոչ միայն ատիկա պիտի խթանէ, այլ այդ ներդրումը նաեւ պիտի այնպէս պաշտպանէ -, որ ոչ-հայն ալ փափաքի այստեղ ներդրում ընել: Իսկ աշխարհի հեռաւոր մէկ անկիւնը, հայութենէն հեռու ապրող հայ գիտնականն ալ առանց հայրենասիրութեան՝ իր գիտական հմտութիւնները չի ներդներ Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման ու հզօրացման գործընթացին մէջ:
Համահայկական օրակարգի բնագիրին մէջ ամբողջ հայութեան – ոչ միայն Սփիւռքի – հաւաքական ներուժի թիրախային ներգրաւուածութիւնը ապահովելու առումով մեծ, շատ մեծ է պետութեան դերը, որ պէտք է ստեղծէ հնարաւորութիւն, հնարաւորութիւններ այդ ներգրաւուածութիւնը իրականացնելու: Իսկ այսօր ի՞նչ ունինք մենք, եւ այս միայն վերջին տարիներու խնդիր չէ. վերջին չորս տարիներու, վեց տարիներու, տաս կամ քսան տարիներու մէջ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բնակող ՀՀ քաղաքացին, որ պատմական եւ կամ ինչ-որ այլ հանգամանքներու բերումով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութենէն բացի մէկ այլ քաղաքացիութիւն ունի, մեր օրէնսդրութիւնը այդ հայուն կը համարէ անվստահելի, երբեմն նոյնիսկ կասկածելի:
Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութենէն բացի նաեւ այլ քաղաքացիութիւն ունեցողը չի կրնար ըլլալ Փտածութեան կանխարգիլման յանձնաժողովի անդամ, Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող մարմնի անդամ, Մրցակցութեան պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ, Պատկերասփիւռի եւ ռատիոյի յանձնաժողովի անդամ, չի կրնար իրականացնել վիճակախաղի կազմակերպման գործունէութիւն, չի կրնար ըլլալ ՀՀ Կեդրոնական դրամատան խորհուրդի նախագահ, նախագահի տեղակալ կամ խորհուրդի անդամ, չի կրնար ըլլալ դատաւոր, չի կրնար նշանակուիլ մարզպետ, չի կրնար ընտրուիլ մարդու իրաւունքներու պաշտպան, եւ այլն: Միաժամանակ, սակայն, միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի չհանդիսացողին համար ոչ միայն արգելք չկայ այլ երբեմն կայ պարտադրանք – արդար պարտադրանք – ծառայելու զինուած ուժերուն: Ուրեմն կարելի է եզրակացնել, որ մեր երկրի սահմանները պաշտպանելը կարելի է վստահիլ երկքաղաքացիին, բայց Պատկերասփիւռի եւ ռատիոյի յանձնաժողովի անդամի գործ՝ ոչ, կարելի չէ…
Կարելի է առարկել, որ այլ երկիրներու մէջ ալ կան նման սահմանափակումներ: Կրնայ ըլլալ եւ կան. բայց այլ երկիրներու մէջ կան նաեւ այլ կարգաւորումներ, որոնք արտասահման գտնուող կամ բնակող քաղաքացին փաստօրէն չեն զրկեր համապետական քուէարկութիւններուն մասնակցելու իրաւունքէն: Իսկ մեր պարագային այդպէս չէ. այն օրը երբ որդեգրուեցաւ երկքաղաքացիութեան մասին օրէնքը, նաեւ ընտրական օրէնսդրութեան մէջ փոփոխութիւն կատարուեցաւ արտերկիր գտնուողները եւ կամ բնակողները զրկուեցան համապետական քուէարկութիւններուն մասնակցելու իրաւունքէն:
Այլ երկիրներու պարագային, նաեւ հետզհետէ կը զարգանայ իրենց օրէնսդիր մարմիններու մէջ՝ արտասահման բնակող քաղաքացիները ներկայացնող պատգամաւորներու ընտրութեան համակարգը: Ասոնք իրականութեան մէջ գործիքներ են՝ հիմնուած տուեալ պետութեան իւրայատկութիւններուն վրայ: Մեր մօտ ալ քննարկուած են տարբերակներ՝ Սփիւռքէն ընտրովի կամ նշանակովի, ներկայացուցչական եւ այլ՝ առաւելաբար բարձրագոյն գործադիր իշխանութեան որպէս խորհրդատու եւ այլն, բայց նաեւ որպէս օրէնսդիրի երկրորդ պալատ: Սակայն, անոնք չեն հիմնականը. հիմնականը ազգի իրողութեան եւ համազգային հասկացողութեան առկայութիւնն է կամ այդ հասկացողութեան բացակայութիւնը:
Իսկապէս կ’ուզե՞նք մեր հաւաքական ներուժի ներգրաւումը համահայկական օրակարգի հարցերու կարգաւորման գործընթացքին մէջ. հարցը շատ գործնական է այսօր. կը պահե՞նք միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող եւ վերջին վեցուկէս տարին պետութիւնը անդունդէ անդունդ, կորուստէ կորուստ առաջնորդողը, թէ՝ կը վստահինք իր ամբողջ կեանքը ազգին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին նուիրած մարդուն: