ԻՆՉՊԷ՞Ս ԸՆՏՐԵԼ ԲՆԱԿԱՐԱՆԻ ԳՈՅՆԵՐԸ

Գոյները կարեւոր դեր ունին ձեւաւորման ու յարդարման մէջ։ Անոնք կ’ազդեն մեր տրամադրութեան եւ զգայարանքներուն վրայ, կը փոխեն միջավայրի ընդհանուր մթնոլորտը։ Կարեւոր չէ, թէ բնակարանի որ  տարածքին մասին է խօսքը, գոյները պէտք է ընտրել ճիշդ եւ տեղին։ Բնակելի տարածքի գոյներու կիրառումը որոշ չափով կը տարբերի մնացեալէն։ Այստեղ անհրաժեշտ է նկատի առնել շարք մը կանոններ, որոնց հետեւիլը կ’օգնէ ձեզի գեղեցիկ յարդարում ապահովել  եւ համադրել ճիշդ ընտրուած գոյները։
Գոյներու անիւ
Գոյներուն անդրադառնալով շատ կարեւոր է նկատի առնել գոյնի տեսութիւնը, որ պատկերուած է գոյներու անիւին վրայ (color wheel): Վերջինս գոյներու ամբողջութիւնն է, որուն միջոցով կարելի  է հասկնալ, թէ ո՛ր գոյնը ո՛ր գոյնին հետ կարելի է համադրել։ Գոյներու անիւը կ’օգնէ կողմնորոշուելու եւ խուսափելու սխալ ընտրութիւններէ։
Այնտեղ սեւ սլաքները ցոյց կու տան 3 բնական գոյներ՝ կարմիր, դեղին եւ կապոյտ։ Այս գոյները հրաշալիօրէն կը համադրուին իրարու հետ։ Անոնք կարելի չէ ստանալ այլ գոյներու խառնուրդէ, սակայն մնացեալ բոլոր գոյները կարելի է ստանալ այս 3 բնական գոյներու խառնուրդէն։ Մոխրագոյնով սլաքներով նշուած են, այսպէս կոչուած, երկրորդական գոյները, որոնք կարելի է ստանալ իրարու դրացի գոյներու խառնուրդէն (օրինակ՝ նարնջագոյնը իր երանգներով կարելի է ստանալ կարմիրի ու դեղինի խառնուրդէն եւ այլն)։
Ճիշդ գոյներ տան համար
Գոյներու զգացական ազդեցութիւնը մարդուս վրայ շատ մեծ է։ Իւրաքանչիւր գոյն ունի իր նշանակութիւնը, կիրառութեան սահմանափակումները եւ կրնայ տարբեր տրամադրութիւն հաղորդել։ Տան գոյներու ընտրութեան մէջ մարդոց ճաշակը տարբեր կրնայ ըլլալ։ Ոմանք կը նախընտրեն տունը ներկել տալ բաց գոյներով, որպէսզի տարածքը աւելի լուսաւոր ու դրական ըլլայ, ուրիշներ կը նախընտրեն մութ գոյներ։ Գոյնի ճիշդ կիրառումը կարեւոր է նաեւ այն իմաստով, որ ան կրնայ տարածքը դարձնել աւելի ընդարձակ կամ փոքր։
Օրինակ՝ կապոյտ, կանաչ կամ մանիշակագոյն ներկելու պարագային փոքր սենեակները աւելի մեծ կ’երեւին, իսկ տաք գոյները, ինչպէս օրինակ՝ կարմիրը, նարնջագոյնը կամ դեղինը կենսուժ եւ աշխուժութիւն կը հաղորդեն տարածքին։ Կարեւոր է իւրաքանչիւր գոյնի երանգներուն հետ ճիշդ աշխատիլը։ Անոնց միջոցով կարելի է համադրել լոյսն ու շուքը։ Օրինակ՝ կապոյտը (յատկապէս բաց երանգները) կը համարուի հանգստացնող գոյն։ Այս գոյնը յաճախ կը կիրառուի բաղնիքներու կամ ննջարանի համար։
Բնակարանին մէջ գոյներու ճիշդ համադրում ստանալու համար լաւ կ’ըլլայ միեւնոյն գոյնի տարբեր երանգներու կիրառումը։ Ժամանակակից յարդարման մասնագէտները կը նախընտրեն խոհանոցի պարագային տաք գոյներու կիրառումը, օրինակ՝ կանաչը կամ դեղինը։ Մութ գոյներու պարագային (սեւ, սրճագոյն եւ այլն) տարածքը շատ փոքր կ’երեւի, մինչդեռ չեզոք գոյներու մէջ (սպիտակ, մոխրագոյն, բաց կանաչ) խոհանոցը կը դառնայ լուսաւոր ու ընդարձակ։
Սենեակին աւելի ընդարձակ տեսք հաղորդելու համար առաստաղը կրնաք ներկել պատերուն համեմատ աւելի բաց գոյնով։ Իսկ եթէ կ’ուզէք, որ սենեակը համեմատաբար փոքր երեւի, պատերէն մէկը կրնաք մութ գոյնով ներկել։
Եթէ այնուամենայնիւ չէք  կրնար կողմնորոշուիլ, թէ ինչպէ՛ս համադրել գոյները, խորհրդակցեցէ՛ք փորձառու ձեւաւորողի հետ, ուսումնասիրեցէ՛ք տարբերակներ, որպէսզի պատկերացնէք, թէ ինչպիսի՛ տեսք կրնայ ունենալ ձեր բնակարանը։ Գոյներու ընտրութիւնը պէտք է ըլլայ մտածուած։ Ընտրեցէ՛ք այնպիսի գոյներ, որոնք ձեզի սիրելի կը համարուին եւ դրական տրամադրութիւն կը հաղորդեն։