Նկատի առնելով եղբայր երկրի՝ Լիբանանի դէպքերը, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը նահանգներու իր տնօրէնութիւններուն յորդորեց ընդունիլ Լիբանանէն ժամանող բոլոր այն աշակերտները եւ ուսանողները, որոնք կը փափաքին իրենց ուսումը շարունակել սուրիական նախակրթական եւ երկրորդական վարժարաններուն մէջ։