Սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը այսօր առաւօտեան վաղ ժամերուն դէմ դրին իսրայէլեան օդային մէկէ աւելի յարձակումներու Դամասկոսի տարբեր շրջաններու վրայ։
Յարձակումին հետեւանքով 3 քաղաքացի զոհուեցաւ, 9 ուրիշներ վիրաւորուեցան եւ նիւթական մեծ վնասներ արձանագրուեցան։
Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց. «Այսօր առաւօտ ժամը 2։05-ին, թշնամի Իսրայէլ բռնագրաւուած Կոլանի կողմէ պատերազմական օդանաւերով եւ անօդաչու թռչող սարքերով օդային յարձակում գործեց Դամասկոսի կարգ մը շրջաններու վրայ։ Սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին թշնամիի յարձակումին եւ վար առին օդանաւերու եւ ԱԹՍ-ներու մեծամասնութիւնը։ Յարձակումին հետեւանքով զոհուեցան 3, վիրաւորուեցան 9 քաղաքացիներ, բնակչութեան կալուածները նիւթական մեծ վնասներ կրեցին»։