Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան այցելեց Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանին։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանն ու Սուրիան յուզող հարցեր։

Գերապայծառ Տէրը աւարտին դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանը պարգեւատրեց «Ներսէս Շնորհալի» յուշամետալով՝ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններու մերձեցման ի նպաստ իր մատուցած ծառայութիւններուն համար։