«Միւռոնօրհէքը իւրաքանչիւր հայու համար յատուկ նշանակութիւն ունի` իբրեւ եկեղեցւոյ ամէնէն խորհրդանշական արարողութիւններէն մէկը: Նոյնինքն սրբալոյս միւռոնն է, որ կը բաշխուի մեր բոլոր եկեղեցիներուն, որ հայ երեխաները նաեւ կնքուին` իբրեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդներ: Ատոր համար ալ շատ ուրախ եմ, որ այստեղ ներկայ եմ միւռոնօրհնէքին, միաժամանակ Մայր տաճարի վերօծման արարողութեան», Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Ամէն հայու փափաքն է ներկայ գտնուիլ այստեղ, եւ ուրախ եմ, որ վեհափառը այդ կարելիութիւնը ընձեռեց մեզի: Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որ հայ եկեղեցին միշտ ամուր մնայ եւ իր իւրայատուկ տեղը ունենայ մեր ազգային կեանքին մէջ:
Պէտք է համախմբուինք ազգային գաղափարներու շուրջ, բայց ատիկա հիմնուած է սկզբունքներու վրայ, որոնցմէ ամէնէն կարեւորները ազգային արժէքներն ու զօրաւոր բանակն են», ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը: