(Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով)
Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնը լոյսին կը բերէ ոչ միայն լեզուի պահպանման, այլեւ հարստացման ու այլ լեզուներու հետ յարաբերակցութեան մէջ մտնելու թարգմանիչ վարդապետներու կարեւոր պատգամը։
Եթէ հայ գիրերու գիւտը նպաստեց հայոց լեզուի կենդանացման ու հայ դպրութեան բազմակողմանի զարգացման, թարգմանական աշխատանքը մեկնարկը հանդիսացաւ հայ գրականութեան, մշակոյթի հարստացման՝ այլ մշակոյթներու հետ շփման կարելիութիւններ բանալով անոնց դիմաց։
Թարգմանական գրականութիւնը կարեւոր է ոչ միայն մեր լեզուի կենդանութիւնը պահելու, այլ լեզուներու հետ անոր յարաբերակցութիւնը զարգացնելու, այլեւ հայ միտքը զարգացնելու, զայն հաղորդակից դարձնելու այլ ազգերու մտածելակերպին ու մշակոյթին։
5-րդ դարուն, երբ Հայաստանի մէջ թարգմանական շարժումը ծաւալելով լուսաւորչական-կրթական ընդարձակ ու երկարատեւ գործունէութեան վերածուեցաւ, երկրի բոլոր մասերուն մէջ հայկական դպրոցներ հիմնուեցան, թարգմանական ծաւալուն աշխատանք սկսաւ, եկեղեցին հայացաւ, հայ գրչութեան կեդրոններ եւ գրադարաններ հիմնուեցան։ Հայը կարելիութիւն ունեցաւ պատարագ լսելու հայերէնով, կարդալու մեծ մտածողներու խօսքը մայրենի լեզուով։
Հնագոյն եւ միջնադարեան հայերէն թարգմանութիւններու նշանակութիւնը չի սահմանափակուիր միայն հայագիտական նկատառումներով. անոնք մեծ արժէք կը ներկայացնեն նաեւ համաշխարհային մշակոյթի ուսումնասիրման տեսանկիւնէ, որովհետեւ յունական եւ ասորական գրականութեան կոթողային գործեր, որոնց սկզբնագրերը կորսուած են, պահպանուած եւ ժամանակակից քաղաքակրթութեան սեփականութիւնը դարձած են բացառապէս այդ թարգմանութիւններուն շնորհիւ։
Թարգմանական գործը շարունակուած է նաեւ միջնադարուն. թարգմանութիւններ կատարուած են վրացերէնէ, պարսկերէնէ, հին ֆրանսերէնէ, թրքերէնէ, ռուսերէնէ, անգլերէնէ եւ այլ լեզուներէ։
Թարգմանուած աշխատութիւնները նշանակալից դեր խաղցած են հայկական ինքնուրոյն մատենագրութեան զարգացման, հայ ընթերցողի մտահորիզոնի ընդլայնման եւ հայոց լեզուի հարստացման մէջ։ Թարգմանութեան միջոցով հայ հասարակութեան հասանելի դարձած են փիլիսոփայութեան ու բնագիտութեան, քրիստոնէական աստուածաբանութեան, միջնադարեան գեղարուեստական գրականութեան եւ արեւելեան բժշկագիտութեան բոլոր կարեւոր նուաճումները, որոնք ազդակ հանդիսացած են հայկական արժէքներու դրսեւորման համար։
19-20-րդ դարերուն եւս շարունակուած է թարգմանական աշխատանքը։ Համաշխարհային գրականութեան մեծերու գործերը թարգմանած են հայ գրողներ Յովհաննէս Թումանեան (Կի տը Մոփասան), Վահան Տէրեան, Խաչիկ Դաշտենց եւ ուրիշներ։
Այլ խօսքով թարգմանական աշխատանքը ամէն ժամանակներու մէջ նպաստած է մեր ժողովուրդի լուսաւորութեան, ինչպէս նաեւ հայ տիտաններու աշխատանքներուն արտաքին աշխարհին ներկայացման։
Հայաստանի մէջ մինչեւ այսօր թարգմանական աշխոյժ աշխատանք կը տարուի՝ յատկապէս գրականութեան ոլորտէն ներս։
Սփիւռքի մէջ գոյ է այս շարժումը, սակայն դանդաղ կշռոյթով կ’ընթանայ՝ մէկէ աւելի պատճառներով։ Հիմնականը հրատարակչական աշխատանքի դժուարութիւնն է, որուն կողքին նաեւ թարգմանական աշխատանքը խրախուսող կողմերու սահմանափակ ըլլալը։
Սփիւռքահայ գրականութիւնը կրնայ հարստանալ նաեւ թարգմանական գրականութեամբ։ Իսկ եթէ նկատի ունենանք նաեւ, որ թարգմանութիւնը մշակոյթներու փոխյարաբերութեան կարեւոր ազդակ է, անհրաժեշտ է որ մեր մշակութային միութիւններն ու հրատարակչատուները կարեւորութիւն ընծայեն թարգմանական գործին, ըստ կարելւոյն աշխուժացնելով մանկական, թէ գրական-գիտական հրատարակութիւններու թարգմանութիւնը, որմով պիտի նպաստեն նաեւ մեր լեզուի՝ արեւմտահայերէնի վերակենդանացման, որովհետեւ լեզուն աշխուժութիւն մը կ’ապրի, կը հարստանայ թարգմանական աշխատանքով, իսկ թարգմանական գործերով կարելիութիւն կ’ընծայուի արեւմտահայ ընթերցողը հաղորդակից դարձնելու այլ մշակոյթներու։