ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանութեան մասնակից վեց ակումբներ նամակ յղեցին Սուրիոյ մարզական դաշնութեան գերագոյն գրասենեակին, առաջարկելով այս տարեշրջանին զանց առնել արհեստավարժ խաղացողներու մասնակցութիւնը, նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի ներքին պայմաններն ու տնտեսական տագնապը:
-Դամասկոսի Ուահտէի ֆութպոլի խումբը տիրացաւ Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութեան բաժակին, աւարտական մրցումին 3 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լաթաքիոյ Հըթինը: Աւելցնենք, որ այս մրցաշարքը առաջին անգամն է որ տեղի կ’ունենայ Սուրիոյ մէջ, որուն ընթացքին Ուահտէն դարձաւ առաջին տիտղոսակիր:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՔՐԻՍՏԻԱՆՈ ՌՈՆԱԼՏՈ ՆՈՐ ՑՈՒՑԱՆԻՇ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ
Փորթուկալի ազգային հաւաքականի 39-ամեայ յարձակող Քրիստիանո Ռոնալտո Ազգերու լիկայի խաղարկութեան 3-րդ փուլին՝ Լեհաստանի կազմին դէմ խաղին նշանակած կոլին, ինչպէս նաեւ տարած յաղթանակին շնորհիւ կրցաւ արձանագրել հաւաքականին հետ պաշտօնական խաղերու 100 յաղթանակ։ Այս մասին տեղեկացուց Stats Foot-ը: Ռոնալտո վերջին այս խաղին կոլ արձանագրեց 37-րդ վայրկեանին, որ փոխարինուեցաւ 63-րդ վայրկեանին։ Վերջինս Փորթուկալի հաւաքականին հետ իր նորամուտը ունեցած է 2003 թուականին։ Ան մասնակցած է 212 հանդիպումի՝ դառնալով 132 կոլի եւ 45 կոլային փոխանցումի հեղինակ։ Ազգերու լիկայի խմբային փուլի երեք խաղերու աւարտին, Փորթուկալ արձանագրած է երեք յաղթանակ, ապահովելով 9 կէտ, գրաւելով իր խմբակային աղիւսակի առաջին դիրքը:
ՔԱՐՊԱՀԱԼԻ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՋՈՂ ԸՆԹԱՑԱՒ
Սպանիոյ ախոյեան եւ Չեմփիընզ Լիկի գաւաթակիր Ռէալ Մատրիտի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիոյ հաւաքականի 32-տարեկան եզրային պաշտպան Տանիէլ Քարպահալ ենթարկուեցաւ ծունկի վիրահատութեան: Ըստ ակումբի կայքէջին, աջ ծունկի խաչաձեւ կապաններու վիրահատութիւնը յաջող ընթացաւ։ Ապաքինման եւ վերականգնման համար կը պահանջուի 8-10 ամիս: Շրջան մը ետք ան պիտի սկսի ֆիզիքական վիրահատութեան փուլը: Քարպահալ վիրաւորուած էր Վիառէալի դէմ Սպանիոյ առաջնութեան 9-րդ փուլի խաղին։ Զինք պատգարակով դուրս բերուած էին խաղադաշտէն։
Այս դէպքէն ետք, Ռէալ երկարաձգեց Քարպահալի հետ պայմանագրութիւնը մինչեւ Յունիս 2026։ Նախորդ պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ այս մրցաշրջանի աւարտը։
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան