COP29-ին ընդառաջ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերը այս օրերուն աշխոյժ աշխատանքներ կը տանին միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռելու Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն եւ կը պահանջեն ապօրինի պահուող հայ պատանդներուն եւ ռազմագերիներուն վերադարձը։
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։
«ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը եւ «Եւրոպացիներ Յանուն Արցախի» հարթակը COP29-ը կը համարեն միջոց՝ միջազգային ճնշում բանեցնելու Ատրպէյճանի վրայ, Արցախի զինուորական եւ քաղաքական պատանդները պատերազմի գերիները ազատ արձակելու համար։ Այդ ուղղութեամբ թէ՛ քարոզչական աշխատանքով, եւ թէ՛ տարբեր հանդիպումներով մեծ աշխատանք կը կատարուի, նաեւ միջազգային մամուլով ներկայացնելով Ատրպէյճանի իրական պատկերը։
Այս օրերուն ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբը Եւրոպական Խորհրդարանի մէջ ստորագրահաւաք սկսած է եւ յայտարարութեամբ հանդէս կու գայ երեք կարեւոր հարցերու առնչութեամբ՝ գերիներու եւ պատանդներու վերադարձին, Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ Ատրպէյճանը՝ որպէս սպառնալիք Հայաստանի համար։ Մեր յայտարարութեան միացած են Եւրոխորհրդարանի մեծ թիւով պատգամաւորներ։
5 Նոյեմբերին Եւրոպական խորհրդարանի մէջ կը նախատեսենք կազմակերպել մեծ խորհրդաժողով, որ հիմնակօրէն նուիրուած պիտի ըլլայ զինուորական եւ քաղաքական գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման, ուր կ’ակնկալենք նաեւ անոնց ընտանիքներէն ներկայութիւն։ Անշուշտ ներկայ պիտի ըլլան Եւրոպական պատգամաւորներ, քաղաքական այլ անձեր, ընկերային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ»։
Գ․Կարապետեանի համաձայն, յանձնախումբը աշխատանք կը տանի նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերուն մէջ գերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հարցը արծարծելու ուղղութեամբ։ «Մեր ամբողջ քարոզչական մեքենան այս ուղղութեամբ կ’աշխատի, տարբեր երկիրներու մէջ մեր կանձնախումբերը իրենց երկիրներու պատգամաւորներուն հետ հանդիպումներ կ’ունենան, կ’ակնկալենք, որ որոշ պատուիրակութիւններ Պաքուի մէջ այդ հարցերը կը բարձրացնեն։ Շատ կարեւոր է, որովհետեւ Ատրպէյճան կը փորձէ տարբեր երես ցոյց տալ, արդէն մեր ամբողջ քարոզչական աշխատանքով կը փորձենք ցոյց տալ, որ Ատրպէյճանը այսօր անիկա չէ, ինչ կը ներկայանայ եւ միջազգային գրեթէ բոլոր կարեւոր լրատուականներու միջոցով կը ներկայացուի թէ մարդկային իրաւունքներու տեսակէտէն Ատրպթյճանը ինչ մակարդակի է եւ Արցախի ժողովուրդին հանդէպ ինչ վերաբերմունք ունի», նշած է ան։
Գ․Կարապետեան աւելցուց է, որ COP29-ով պիտի չդադրին աշխատանքները այս ուղղութեամբ եւ Հայ Դատի գրասենեակները իրենց ունեցած քաղաքական բոլոր լծակներով աշխատանք կը տանին, որպէսզի Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներն ու պատանդները վերադառնան։