«Էրմէնիհապէր»- Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական ճանչցուած «ֆեթհուլլահական կազմակերպութեան» ղեկավար Ֆեթհուլլա Կիւլէնի մահուան լուրին անդրադարձած են նաեւ Գերմանիոյ մէջ: Մասնաւորապէս Գերմանիա-Թուրքիա միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի անդամները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ:
Գերմանիա-Թուրքիա միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ, Կանաչներու Պունտեսթաքի պատգամաւոր Մաքս Լաքս յայտնած  է. «Կիւլէնի մահուան առնչուող լուրերը զիս կրկին կը ստիպեն մտածել, թէ ան  ու իր կազմակերպութիւնը ինչպէս իրենց թեւին տակ պահած ու երկար տարիներ աջակցած են Էրտողանին ու Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան: Նոյնպէս կը յիշեցնեն Ահմետ Շիքը ու այլ անձեր, որոնք ինչեր ըրած էին Կիւլէնը որպէս քաղաքական իսլամի վտանգաւոր երակ իրաւացիօրէն քննադատելու համար»:
Ան աւելցնելով ըսած է, որ Կիւլէնի մահէն ետք, անոր  շարժումը պէտք է օգտուի այս կարելիութենէն` վերանայելու իր անցեալին ու  համոզիչ կերպով առերեսուելու անոր հետ: Լաքս նաեւ շեշտած է, որ ատիկա կարեւոր քայլ կը համարուի Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան համար:
Իսկ Գերմանիա-Թուրքիա միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի մամուլի խօսնակ ու ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութեան Դաշնային ժողովի պատգամաւոր Մաքիթ Քարաահմեթօղլու  գնահատականներ տուած է Կիւլէնի մահէն ետք անոր շարժումին ու Էրտողանի վարած քաղաքական գիծին շուրջ:
«Կիւլէնի հետ մահացաւ ոչ միայն Թուրքիոյ նախագահի ոխերիմ թշնամին, այլ նաեւ Էրտողանի երկարամեայ դաշնակիցը: Անոնք միասին գործած են: Էրտողան թոյլ տուած է Կիւլէնին խորանալու պետական համակարգին մէջ: Անոնք միասին իրենց հաշիւները մաքրած են զիրենք անհանգստացնող ռազմական գործիչներուն եւ  հակառակորդներուն հետ: Իշխանութեան եւ աթոռի համար պայքարի պատճառով հակառակորդներու անկումէն ետք, Էրտողան Կիւլէնը տեւաբար «մեղաւոր» անուանած է»:
Մաքիթի համաձայն,  Էրտողան  «նախագահական գորգի» տակ ջնջած է երկար ատեն Կիւլէնի յանցակիցը ըլլալու փաստը: