Ամէն անգամ  որ առիթը կը ներկայանայ, այս հարցումը կու տամ մտաւորականներու՝ բարեկամներ անոնք, կամ այցելու դասախօսներ, որոնց մեծամասնութիւնը սակայն կարծես տակաւին մտածած իսկ չէ անոր մասին. թերեւս անոնք կարիքը չեն զգացած մտածելու, կամ անհրաժեշտ չէ իրենց համար ասիկա:
Բոլորն ալ սակայն հարցումը հետաքրքրական կը գտնեն (թէեւ աւելի շատ էութենական հարցում է, քան՝ հետաքրքրական) եւ կը փորձեն պատասխանել անոր:
Ի՞նչ է հարցումը:
Եթէ Սփիւռքի նոր սերունդը վերջնականապէս կորսնցնէ լեզուն՝ հայերէնը, ինչո՞վ պիտի արտայայտէ իր ինքնութիւնը, իր «հայ»-ութիւնը, ի՞նչն է որ պիտի արտայայտէ իր ինքնութիւնը:
Առաջինը՝ հիւր դասախօս մը, երկար մտածելէ ետք ըսաւ, թէ role model-ներու մէջ պէտք է փնտռել ատիկա եւ որպէս օրինակ տուաւ Քիմ Քարտաշեանի անունը:
Կ’ընդունինք որ Ք.Ք.-ը այսօր ծանուցողական լաւ միջոցներէն մէկն է մեզի համար, սակայն կրնա՞յ որպէս տիպար ծառայել: Մտածելու նիւթ է:
Երկրորդը, որուն տուի հարցումը, այսպիսի պատասխաններ տուաւ.
«Մեր ներկայ իրականութեան մէջ լաւ հայ երեւալու _ ոչ ըլլալու _ մարմաջը կայ: Ի վերջոյ սփիւռքահայը կ’ուզէ եւ պատրաստ է լեզուին տէր կանգնելու»:
«Գոյութեան քաշկռտուք, եւ կտակ՝ Հայաստան թաղուելու»:
Եւ որպէս լուծում առաջարկեց.
«Լեզուն չարաչար գործածել, խօսիլ եւ գրել ներկայի եւ ապագայի մասին հայերէնով, անցեալը յիշել, բայց ոչ ծամծմել, աւելցնել ուսուցիչներու թիւը եւ յատկացուած գումարները, խօսիլ ու գրել թէ հայը ինչպէ՛ս ապրեցաւ _ ոչ թէ միայն ինչպէս ջարդուեցաւ»:
«Արեւմտահայերէնը պէ՛տք է պահպանուի. պէտք չունիմ ո՛չ պետական որոշումի, ո՛չ ալ կաթողիկոսի կոնդակին: Տէր կանգնիլը մե՛ր ճիտին պարտքն է»:
Բայց երբ հարցուցի՝ «Ինչպէ՞ս», պատասխան չտուաւ:
Հասկնալի է, որ այս մտաւորականին համար ալ նիւթը ամբողջովին նոր էր եւ տուեալ պահուն էր միայն որ սկսած էր մտածել անոր մասին: Ըսեմ նաեւ, որ իր լրագրական աշխատանքը  օտար լեզուով տանող անհատ մըն է:
Երրորդ մտաւորականը, որ հակառակ իր աշխատանքին, կը շարունակէ հայերէն մտածել եւ արեւմտահայերէն գրել (երկու գիրքի հեղինակ), որուն ամերիկեան մտածողութիւնը կ’օգնէ իրեն հարցին ուղղակիօրէն անդրադառնալու եւ կարելի պատասխան մը տալու, առանց անոր շուրջ դառնալու, հետեւեալը ըսաւ.
«Լեզուն … այո… արեւմտահայերէնին վիճակը լաւ չէ, թէեւ հիմա իմ զաւակներս կը զգան դրականութիւնը ժամանակին հայերէն սորված ըլլալու _ ե՛ս է որ ամէն օր կը դասաւանդէի գրելն ու կարդալը եւ իրենք մի՛շտ կը դժգոհէին _ թէեւ շատ կարեւոր է լեզուն, բայց … ի՞նչ կը մնայ լեզուէն վերջ… Ցեղասպանութիւնը … երբ ամէն Ապրիլ 24-ի բոլոր հայերը անխտիր փողոց կ’իջնեն. Ցեղասպանութիւնը», կրկնեց արդէն հաստատօրէն:
Մեր ուրախութիւնը մեծ էր, երբ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունելու որոշումը յայտարարուեցաւ (405 թեր եւ 11 դէմ): Հակառակ մեր ընդհանուր գինովութեան, կարգ մը սթափ մտաւորականներ կը գիտակցին եւ կը նշեն, թէ մեր դատը տակաւին շատ երկար ճամբայ ունի կտրելիք:
«Ճամբայ ելլողը կը հասնի» կ’ըսէ ժողովուրդը: Ո՞ւր պիտի մնայ մեր ինքնութիւնը, երբ երջանիկ օր մը ազգով-տակով հասնինք: Եւ՝ ո՞ւր պիտի հասնինք արդեօք, գիտե՞նք, մտածե՞ր ենք, բայց մանաւանդ ծրագիր ունի՞նք:
Այսօր մեր երիտասարդները, անոնք, որոնք օտար համալսարաններ կ’երթան, մանաւանդ անոնք, որոնք կուսակցական չեն, որեւէ կուսակցութեան չեն պատկանիր եւ որոնց մտածողութիւնը սահմանափակ չէ, անկեղծօրէն՝ ձանձրացեր են մեր սուգի պատմութիւններէն, եւ կը նեղանան մեր՝ «Մենք տարբեր ենք, մենք մեծ ենք» եւ այլ նման խօսքերէ, որովհետեւ կը տեսնեն մեր այսօրուան վիճակը, ըլլայ Հայաստանի, ըլլայ Սփիւռքի մէջ. մանաւա՛նդ Հայաստանի մէջ, ուր պետութեան գործունէութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով կը համապատասխանէ մեր պատկերացումներուն, կարծես կ’աշխատի հակառակ մեր ոգիին:
Ա՞յս է ձեր ըսած մեծ հայը … կ’ըսեն մեր երիտասարդները եւ անդին կը նային:
Երբ անդին կը նային, օտարին հետ ամուսնութիւնը շատ դիւրին կ’ըլլայ, որուն հետեւանքով եկող սերունդները կը սկսին կամաց-կամաց լուծուիլ:
Այսօր Արտեմ Փաթափութեանէն ետք, արդէն ունինք երկրորդ նոպէլեան դափնեկիր մը՝ Տարօն Աճէմօղլուն:
Փաթափութեանին հայրը գրագէտ է՝ Սարգիս Վահագն, իսկ Աճէմօղլուին մայրը՝ բանաստեղծուհի Իրմա Աճէմեան: Կը նշանակէ՞ թէ այսօր բոլոր գրագէտ-գրագիտուհիներն ու բանաստեղծ-բանաստեղծուհիները յոյս կրնան ունենալ, թէ օր մը իրենց զաւակը եւս…
Գրագէտ-գրագիտուհիներուն եւ բանաստեղծ-բանաստեղծուհիներուն համար վստահ եմ որ այս չէ հարցը, այլ այն՝ թէ հայութիւնը այս երկու դափնեկիրներուն կեանքին վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է եւ կրնայ տակաւին ունենալ:
Փաթափութեան, հակառակ իր դժուար մականունին, որ անսովոր է նաեւ մեզի՝ հայերուս համար, չէ՛ փոխած իր մականունը, իսկ Աճէմօղլուն, հակառակ իր թրքացուած մականունին, կը շարունակէ որպէս հայ ճանչցուիլ:
Այս դափնեկիրները, իրարմէ մէկ տարի տարբերութեամբ, ամբողջովին նոր երեւոյթ են մեզի համար, մեր ազգին համար, որ ճանչցուեր է որպէս մշակութային, ստեղծագործ ժողովուրդ, վաղուց մոռցած ըլլալով իր դիւանագիտական կարողութիւնները, որոնք օր մը Տիգրան Մեծ հզօր Արքան տուեր են մեր եւ համաշխարհային պատմութեան:
Կը նշանակէ՞ թէ որակական փոփոխութեան մը սկսած է ենթարկուիլ մեր ծինը, դէպի գիտութիւն, թէեւ ատիկա սկիզբէն իսկ կար, վկայ մեծ թիւը հայերուն, որոնց կը պարտի աշխարհը իր կարեւորագոյն գիւտերէն շատեր, ինչպէս MRI-ի գործիքը կամ գունաւոր հեռատեսիլը, թուելու համար երկուքը միայն: Սակայն զգալի է երիտասարդական հոսքը դէպի գիտութիւն:
Եւ ատիկա լաւ երեւոյթ է անկասկած: Կը մնայ ինքնութեան էութիւնը ճշդել, լեզուէն ետք:
Մարուշ Երամեան