Սուրիոյ Վարչապետ դոկտ. Մուհամմէտ Ղազի ալ-Ճալալի նամակ ստացաւ Չինաստանի Հանրապետութեան պետական խորհուրդի նախագահ Լի Չեանկէն, ուր վերջինս յայտնած էր իր երկրի նախանձախնդրութիւնը Սուրիոյ հետ յարաբերութեան զարգացման եւ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւններու գործադրման գծով, ինչ որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնը կը հասցնէ ռազմավարական գործակցութեան:
Նամակին մէջ յիշուած էր հետեւեալը. «Սուրիա եւ Չինաստան պատմական բարեկամութիւն հաստատած երկիրներ են: Վերջին տարիներուն երկու երկիրներուն յարաբերութիւնը յատկանշական զարգացում արձանագրեց՝ շնորհիւ իրենց նախագահներու՝ Շի Ճին Պենկի եւ Պաշշար ալ-Ասատի ցուցաբերած հոգատարութեան: Արդարեւ, Չինաստանի կառավարութիւնը նախանձախնդիր է սուրիական կառավարութեան հետ գործակցաբար երկու նախագահներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնները գործնականացնելու գծով»:
Սուրիոյ վարչապետ դոկտ. Ճալալի նամակը ստանալէն ետք շեշտեց երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն ռազմավարական յարաբերութեան խորութիւնը, ինչպէս նաեւ սուրիական կառավարութեան նախանձախնդրութիւնը այս յարաբերութիւնը այլազան ոլորտներու մէջ զարգացնելու, յատկապէս Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ օգտուելով չինական ընկերութիւններու ներդրումներէն։