«Գանձասար»-ի կազմակերպած երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման եռօրեայ խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ Քեսապի մէջ, 6, 7 եւ 8 Հոկտեմբեր 2024-ին։ Խորհրդաժողովի մասնակիցները ունեցան նաեւ գործնական աշխատանքներ, որոնցմէ մէկը ստորեւ տրուած հարցազրոյցն է, որ կը միտի լուսարձակի տակ առնել Քեսապի հայկական դիմագիծը։ Մեր լրագրողներու հարցումներուն պատասխանեց քեսապահայ Արա Քէշիշեան։
«Գանձասար»-Մեր Քեսապ գտնուիլը առիթ համարեցինք ծանօթանալու անոր հայկական դիմագիծին, որոշ տեղեկութիւններ առնելու ձեզմէ այս իմաստով։ Նախ Քեսապի մէջ ներկայիս գործող դպրոցներուն, եկեղեցիներուն եւ միութիւններուն մասին կ’ուզենք իմանալ։
Արա Քէշիշեան- Բարի եկած էք Քեսապ։ Քեսապի մէջ պատմութեան տարբեր փուլերուն մեծ թիւով դպրոցներ գործած են։ 2024-2025 տարեշրջանին կը գործեն երկու հայկական վարժարաններ՝ Հայ Աւետարանական Նահատակաց Նախակրթարանը եւ Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Երկրորդական վարժարանը։ Քեսապի մէջ ունինք երեք համայնքներ՝ Հայ Կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական եւ Հայ Առաքելական։ Երեքն ալ ունին եկեղեցիներ։
Հայ Առաքելական համայնքին կը պատկանին, զորօրինակ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին, Քեսապի եւ Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցիները։ Համայնքը թիւով ամէնէն մեծն է։
Քեսապի մէջ կը գործեն հետեւեալ միութիւնները՝ Համազգային, ՀՄԸՄ, ՀԲԸՄ, ՍԵՄ, ՍՊՄ եւ ՍՕԽ։ Բոլորն ալ ներկայ պայմաններուն մէջ կը շարունակեն գործել ու մշակութային, մարզական, երիտասարդական թէ բարեսիրական իրենց աշխատանքով պահել Քեսապի հայկական կեանքը։
«Գ.»- Քեսապի մէջ ամէնէն յատկանշական ու աւանդական տօնը ո՞ր տօնն է։
Ա.Ք.- Քեսապի մէջ ազգային, եկեղեցական զանազան տօներ կը յիշատակուին։ Ամենանշանաւորը Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնն է, որ երկար տարիներէ ի վեր կը համարուի ուխտի օր:
Այդ օրը Սուրիոյ բոլոր տարածքներէն, նոյնիսկ Լիբանանէն մեծ թիւով ուխտաւորներ կը ժամանեն Քեսապ՝ մասնակցելու տօնին։ Կիրակի օր, սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ պատարագ եւ խաղողօրհնէք տեղի կ’ունենայ: Խաղողօրհնէքէն ետք աւանդութիւն դարձած է ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ բոլոր մասնաճիւղերու մասնակցութիւնը տարեկան տողանցքին՝ եկեղեցիէն մինչեւ Քեսապի Համալիրի հրապարակ, ուր սրբազան հայրը եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութիւնը իրենց խօսքը կ’ուղղեն ժողովուրդին:
Կիրակի յետմիջօրէին ժողովուրդը կը հաւաքուի Էսկիւրանի եկեղեցին, ուր տեղի կ’ունենայ ուխտաւորներու կողմէ բերուած ոչխարներու օրհնութիւնը, զենումը եւ մինչեւ առաւօտ կը պատրաստուի Քեսապի աւանդական, համեղ հարիսան։ Ժողովուրդը տհոլ զուռնայով եւ հայկական պարերով կը լուսցնէ այդ գիշերը։ Նոյն օրերուն տեղի կ’ունենան փառատօներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հալէպի Համազգայինի պարախումբը, թատերախումբը, Քեսապի պարախումբին եւ երգչախումբին ընկերակցութեամբ։ Իսկ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Ձեռարուեստի Յանձնախումբը կը պատրաստէ իր տարեկան ցուցահանդէսը, ուր կը ներկայացուին նաեւ Քեսապի ճաշատեսակներ:
Երկուշաբթի առաւօտեան, սրբազան հօր նախագահութեամբ Պատարագ կը մատուցուի էսկիւրանի Ս.Աստուածածնայ ուխտավայրը, որմէ ետք սրբազան հայրը կ’օրհնէ հարիսան, որպէսզի բաժնուի հաւատացեալներուն:
Յատկանշական է յիշել նաեւ որ սուրիահայ բոլոր երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւնները՝ ՀՄԸՄ, ՀԵԸ, ՍԵՄ եւ այլն, իրենց տարեկան բանակումները կը կազմակերպեն այդ օրերուն Քեսապի մէջ։ Ուստի Օգոստոս ամսուն Քեսապի հայկական դիմագիծը կը շեշտուի նաեւ նման բանակումներով եւ արարողութիւններով։
«Գ.»-Հետաքրքրական է իմանալ նաեւ Քեսապի յատուկ ուտեստեղէնի մասին:
Ա.Ք.- Քեսապի նշանաւոր ուտելիքներէն է՝ բկեղը (ձիթաիւղով կարկանդակ)։ Աւանդութիւն դարձած է, որ թաղի տիկինները տօնական օրերու նախօրեակին հաւաքուին եւ միասնաբար պատրաստեն այս համեղ կարկանդակը, որ տօնական օրերուն անպակաս կ’ըլլայ սեղաններէն:
Քեսապի ռուպը (մասարան) եւս յատուկ արարողութեամբ կը պատրաստուի։ Մինչեւ օրս Ամերիկայի,Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ ապրող քեսապցիներն անգամ պահած են այդ սովորութիւնը։ Քեսապցիներ դրացիներով, բարեկամներով կը հաւաքուին, պարով, երգով, խորոված եփելով, շատ ճոխ մթնոլորտի մը մէջ նախ խաղողը կը ճզմեն պզտիկ աւազանի մը մէջ, ետքը ելած հիւթին վրայ յատուկ ճերմակ հող մը կը սրսկեն, ետքը եռացնելով կը զտեն խաղողին ջուրը ու կը պատրաստեն ռուպը։ Ապա յատուկ շերեփով մը, որ գըրնէպ կ’անուանենք, կը վերցնեն պատրաստուած ռուպէն բաժին մը եւ դարձեալ կը պարպեն աւազանին մէջ, որպէսզի փրփուրի նման պղպջակներ կը յառաջանան։ Պատրաստողը փրփո՜ւր, փրփո՜ւր կը կանչէ, իսկ Ժողովուրդը դափնիի տերեւներով կու գայ փրփուրը համտեսելու:
«Գ.»-Քեսապի բարբառը ցարդ օգտագործողներ կը տեսնենք գիւղին մէջ, որքան ուրախալի է լսել զայն ու փորձել հասկնալ իւրաքանչիւր բառ։ Ինչպէ՞ս կը փոխանցուի ան սերունդէ սերունդ։
Ա.Ք.- Քեսապի բարբառին քէսպնոք կ’ըսենք, այսինքն՝ յատուկ քեսապցիներուն։ ժամանակին նոյնիսկ Անտիոքի մէջ նոյն բարբառը կը գործածուէր, Մուսա Լեռան մէջ եւս շատ քիչ տարբերութեամբ գրեթէ նոյն բարբառը կ’օգտագործուէր: Քեսապի բարբառը ոչ միայն կը գործածուի Քեսապէն ներս, այլեւ Քեսապէն դուրս։ Քեսապէն դուրս գտնուող քեսապցիներ երբ հաւաքուին, կը խօսին այս բարբառով, նոյնն ալ մենք կ’ընենք, ու ան սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի: Թէեւ պէտք է ըսել որ երիտասարդներու գաղթին բերումով բարբառի փոխանցումն ալ դժուար կը դառնայ տարուէ տարի, ինչպէս շատ մը աւանդութիւններու։
«Գ.»- Գրականութեան եւ եկեղեցական ասպարէզներուն մէջ Քեսապ ակնառու դէմքեր տուած է հայ կեանքին։ Կը յիշէ՞ք քանի մը օրինակ։
Ա.Ք.- Դժուար է յիշել բոլորը։ Քեսապ շատ նշանաւոր եղած է իր կղերականներով, անոնցմէ գլխաւորը Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն է եւ եպիսկոպոսներ, ինչպէս՝ Գլնճեան, Աշըգեան։ Կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներուն մէջ ունեցած ենք վարդապետներ, պատուելիներ, անոնցմէ կը յիշեմ վերապատուելի Սարամազեանը, որ եղած է ընդհանուր նախագահը աւետարանական համայնքին։ Իսկ կաթողիկէ համայնքէն՝ հայր Վարդան Քէշիշեան, Մեսրոպ Ճիւլեան, որ հոգեւորական ըլլալուն կողքին եղած է նշանաւոր գրող։ Քեսապ հարուստ է իր գրողներով, բանաստեղծներով, ինչպէս՝ բանասէր դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան, որ ունի Քեսապի մասին ուսումնասիրական ծաւալուն երկու հատորներ «Քեսապ» խորագրով, առաջինը տպուած 1995-ին, երկրորդը՝ 1998-ին, որոնցմէ կրնաք օգտուիլ մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու Քեսապի մասին, այլ գրողներէն յիշենք հանգուցեալ Յովսէփ Ղազարեան, Վրէժ Գլնճեան եւ ուրիշներ։ Անոնք, իրենց մտքով եւ գրիչով, շատ մեծ դեր ունեցած են Քեսապն ու անոր մշակոյթը ծաղկեցնելու մէջ։
«Գ.»- Շնորհակալութիւն այս տեղեկութիւններուն համար։
Հարցազրոյցը վարեցին՝
Դինա Գասպարեան
Աննա Սաղպազարեան
Գեղարդ Գաթրճեան