ՖԻԼՄԱՇԽԱՐՀ
———————-

ՆԻՔՈԼԱՍ ՔԷՅՃ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԴԵՐԱՍԱՆՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԷ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ԻՐԵՆՔ ԶԻՐԵՆՔ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ

Նիքոլաս Քէյճ երիտասարդ դերասաններուն կոչ կ’ուղղէ իրենք զիրենք պաշտպանելու արհեստական բանականութենէն։ Ելոյթ ունենալով «Նիւ Փորտ Պիչ»-ի 25-րդ ֆիլմի փառատօնին, Քէյճ կոչ  ուղղած է  սկսնակ դերասաններուն չյանձնուելու գործատուներու ճնշումին, որոնք կ’որոշեն օգտագործել արհեստական բանականութիւնը անոնց դերասանական խաղարկութիւնը փոխելու կամ աղաւաղելու համար։
«Ինծի համար ֆիլմաշխարհի մէջ խաղարկութիւնը սրտէն, երեւակայութենէն յառաջ կու գայ, մտքերէն եւ մանրամասնութիւններէն, խոհերէն, յուսահատութենէն եւ պատրաստուածութենէն յառաջ կու գայ։ Քաղաքին մէջ ի յայտ եկած է նոր ճարտարագիտութիւն մը, որուն դէմ ես ստիպողաբար պայքարած եմ 42 տարի, մինչեւ վերջին ժամանակներս։ Այդ ճարտարագիտութիւնը կը փորձէր խլել ձեզ՝ որպէս դերասանական գործիք։ Մենք գործիքներ ենք որպէս ֆիլմի դերասաններ։ Մենք չենք պահուըտիր կիթառներու եւ թմբուկներու ետին։
Արուեստանոցներուն (սթուտիոներուն) այս ճարտարագիտութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի կարենան փոխել ձեր դէմքը ֆիլմը նկարահանելէն ետք։ Անոնք կրնան փոխել ձեր դէմքը, ձայնը, ակնարկներու փոխանցումը, ձեր մարմինի լեզուն, ձեր խաղարկութիւնն անգամ», նախազգուշացուցած է Քէյճ եւ պնդած. «Պաշտպանեցէ՛ք ձեր գործիքը»։
***
ՃԱՐՏԱՐԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
——————————–

IPHONE 16-Ի ԵՒ 16 PRO-Ի ՏԷՐԵՐԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆ

iPhone 16 եւ iPhone 16 Pro սմարթֆոներու որոշ օգտատէրեր բողոքած են յայտնելով, որ գործիքին մարտկոցի լիցքը արագ կը սպառի։ Օգտատէրերը գանգատած են Reddit-ին, Apple-ի աջակցութեան եւ MacRumors-ի աշխատանոցներուն մէջ: Օգտատէրերուն մեծ մասը բողոքած են iPhone 16-էն, յայտնելով թէեւ հարցեր նկատած են նաեւ iOS 18-ով աշխատող հին iPhone-ներու օգտագործման ընթացքին:
«Ես թարմացուցի իմ iPhone 12-ը եւ գնեցի նոր 16 Pro: Նորը գնեցի գլխաւորաբար մարտկոցին եւ բարձրախօսին առնչուող հարցերուն պատճառով, բայց նկատեցի, որ հակառակ iPhone 16-ին աւելի լաւ մարտկոց ունենալուն եւ աւելի երկար աշխատելուն, ան գիշերուան ընթացքին մօտ 10-15%-ով կը սպառի, եթէ պարզապէս դարակի վրայ դրուած է», գրած է օգտատէրերէն մէկը։
***

MAB ROBOTICS-Ը ՑՈՒՑԱԴՐԱԾ Է  ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՅ (ՌՈՊՈԹ), ՈՐ ԿԸ ՔԱԼԷ ՋՈՒՐԻՆ ՏԱԿ. Ի՞ՆՉ ԲԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՊԻՏԻ ԿԻՐԱՐԿՈՒԻ ԱՆ…

Լեհական MAB Robotics ընկերութիւնը ցուցադրած է իր Honey Badger նոր մարդամեքենայի կարելիութիւնները. չորքոտանի ռոպոթը կը քալէ աւազանին յատակը, կը տեղեկացնէ TechChrunch-ը։
Ռոպոթին ձեւաւորումը շատ գործնական է: Ըստ մշակողներուն՝ Honey Badger-ը, որ ի սկզբանէ նախատեսուած է ցամաքային գործողութիւններու համար, օգտակար կ’ըլլայ աղէտի վայրերուն մէջ տուժածները որոնելու եւ փրկելու աշխատանքներուն ընթացքին:
«Ստորջրեայ տարածքով շարժիլ կրցող համակարգերու մշակումը հետաքրքրական ճամբորդութիւն է, եւ ես ոգեւորուած եմ այն գործնական ազդեցութեամբ, որ կրնայ ունենալ այս աշխատանքը ջրհեղեղի ենթարկուած տարածքներու վերահսկման եւ սպասարկման ծառայութիւններուն համար», ըսած է MAB Robotics-ի հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Եագուպ Փարտոշեկ:
Տուժածները որոնելն ու զիրենք փրկելը ինքնավար ռոպոթային համակարգերու հիմնական առաջադրանքներէն են։ Անոնց օգտագործումը կը վերացնէ մարդու կողմէ բնական աղէտներու վայրերուն մէջ վտանգաւոր տարածքներ այցելելու անհրաժեշտութիւնը: Նման աշխատանքներուն մէջ մարդամեքենան կը դառնայ փրկարարը։